Jump to content

Serouj

Forumjan
  • Posts

    7
  • Joined

  • Last visited

About Serouj

  • Rank
    Newbie
    Newbie

Contact Methods

  • Website URL
    http://

Profile Information

  • Location
    Սան Ֆրանսիսքօ, ԱՄՆ
  1. forum (ֆո'րըմ) հրապարակ (շուկայ) հին Հռոմի մէջ՝ ուր հրապարակաւ հարցեր կը քննարկուէին. ատեան. դատարան. վիճաբանական ժողովի սրահ. աղբիւր՝ Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Վեր. Տիգրան Խնդրունի, Ագլերէնէ-Հայերէն Արդի Բառարան, Զ. Տպագրութիւն. Պէյրութ՝ Հրատարակչատուն Կ. Տօնիկեան եւ Որդիք, 2001, էջ 344. Պարզապէս մտածում մը... Աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար եթէ «Արմ Ֆորում»ի փոխարէն, այս կայքէջը կոչուէր «Հայ Հրապարակ»:
  2. SAS, Այս բառարանը կարելի է ձեռք բերել հետեւեալ կայքէջէն՝ http://www.narek-store.com/shop/SearchResu...exid=63BLK8UYIL: Սէրուժ
  3. ՏՈՄՍ ՊՈՏԵՆՑԻԱԼԷՆ ՊՐՈՑԵԴԱՐԱ... Վերջերս քիչ մը աւելի ուշադրութեամբ հետեւեցայ Հայաստանի պատկերասփիւռի կայաններուն արբանեակային հաղորդումներուն եւ աւելի կեդրոնացած կարդացի «Երկիր» շաբաթաթերթի յօդուածներն ու լուրերը: Գրութիւններուն եւ հաղորդումներուն մէջ նշեցի բառեր, որոնցմէ խումբ մը կ՚ուզեմ յանձնել ձեր ուշադրութեան: Անմիջապէս աւելցնեմ, որ նշած բառերուս ցանկը բաւական երկար է, հետեւաբար ատկէ պիտի ներկայացնեմ միայն խումբ մը: Սկսինք: Խարտիա, պոտենցիալ, ֆակուլտետ, մեխանիզմ, ստրատեգներ, սոցիոլոգ, էկոնոմիկա, մոնիթորինկ, աբստրակցիա, ռացիոլացում, օբյեկտ, տեխնոլոկիա, պոտենցիալ, էլեկտրաէներկիա, թիմ, էներկետիկ, կոռուպցիա, հակակոռուպցիա, կօալիցիա, կոմպրոմատ, ադմինիստրատիվ ռեսուրս, խոշորամաշտաբ, ինտելեկտուալ, պրոցեդարա, կոնկրէտ, ռեժիսոր, ինտենսիվ, պրովայտեր, պրոտյուսէր, ինկուբատոր, պորտալ, օպտիկական, իներցիա, օպերատոր, մոնտաժող: Պատկերը ահաւոր է: Հայրենի մամուլը եւ պատկերասփիւռի կայանները պիտի ըլլան հայերէնի նախանձախնդիր պահակները եւ թոյլ պիտի չտան, որ հայաստանեան խօսակցական հայերէնին մէջ արմատացած բառեր, որոնց բոլորին ալ ճիշդ հայերէն հոմանիշը կայ, տարածուին ու նուիրականանան նաեւ իրենց միջոցով: Սփիւռքի տարածքին նուազ տագնապահար չէ հայերէնը: Մենք ալ ունինք մեր ահաւոր սխալները եւ շատ յաճախ մեր անուշադրութեան եւ տգիտութեան պատճառով ահաւոր եւ անընդունելի սխալներ կ՚ընենք: Ոչ ոք յաւակնութիւնը ունի որ ինք անսխալական է եւ կատարեալ հայերէնի կը տիրապետէ: Հոս ալ, մեր թերթերուն եւ հաղորդումներուն մէջ բազմաթիւ սխալներ կը սպրդին, պարզապէս որովհետեւ բաւականաչափ հոգածու եւ բծախնդիր չենք մեր մայրենիին նկատմամբ: Կ՚արժէ օր մըն ալ կեդրոնանալ մեր սխալներուն վրայ եւ նշել զանոնք: Սակայն մեր պարագային ոչ ոք ինքզինքին արտօնութիւն տուած է խօսակցական հայերէնին մէջ յաճախ գործածուած արաբերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն բառեր գործածելու մեր թերթերուն սիւնակներուն մէջ: Կրնա՞ք երեւակայել խայտառակութիւնը, եթէ մենք ալ մեր հայրենի պաշտօնակիցներուն հետեւողութեամբ մեր յօդուածներուն կամ հաղորդումներուն մէջ գրէինք ու գործածէինք օրինակ՝ մասլահա, ուաստա, մունաուարա, դեշքիլեթ, փարլըման, ամպասատոր, օֆիս, եւ տակաւին ուրիշ բազմաթիւ բառեր, զորս քիչ թէ շատ բոլորս ալ կը ծամծմենք մեր խօսակցութիւններուն ընթացքին: Պէտք չկայ յիշեցնելու, որ լեզուն կը պահպանուի ճիշդ խօսելով եւ գրելով: Չեմ գիտեր, որ կոռուպցիաները եւ պրովայտէրները մեզ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ուր կրնան հասցնել: Այս խայտառակ հայերէնը ով որ արմատացուցած է, ինչ պատիժի արժանի է, այդ ալ չեմ գիտեր: Ա. ԱՊՏԱԼԵԱՆ 28 Հոկտեմբեր 2003 «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթ. Պէյրութ, Լիբանան (http://www.aztagdaily.com/archive/28-10-03/index.htm, էջ 3)
  4. Նոր բառեր հայերէն լեզուի ՀԱՄԱՑԱՆՑ գ. Առտնին պաստառի վրայ տեղեկութիւն փոխադրող գործիք (internet): աղբիւր՝ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Բառգիրք Հայերէն Լեզուի, Պէյրութ՝ Շիրակ Հրատարակչատուն, 1998, էջ 234.
  5. ԼԻԶԲՈՆԻ ՈՂՋԱԿԷԶՆԵՐԻՆ Յիշէ՛ք, հայեր, բալիկներուդ՝ Դեռ ծիլ ընկած գալիքներուդ, Որ քեզ ամառ պիտի տային, Բայց կէս ճամբին ընկան կիսատ՝ Դեռ չտեսած հողն Արարատ: Յիշէք, հայե՛ր, ընկողներին, Որ չհասած մեր հողերին, Ընկան հինգն էլ ի սէր հայոց՝ Մեր հինգ միլիոն զոհուած որդոց, Որ գեր-ձորում ընկած են դեռ՝ Հայ վրէժի յոյսով անմեռ: Եկ գովք անենք հայ քաջերին Խենթ սրտին էլ ընդդէմ դարի, Յիշէ՛ք հայեր, ինչպէս Տիզբոն, Երէկ Տիզբոն, այսօր Լիզբոն, Եկ, դիմացիր, ազգ իմ զգօն Հինգ հայդուկին այս երգեհոն, Եկ, որ Վարդանն Ա ւարայրի Անէծք դառնայ թուրքին վայրի: Յիշէք, հայե՛ր, որ վայր ընկան Անվերադարձ մահով, սակայն, Սարգիս Սեդրակ, Արա Սիմոն, Ինքը՝ Վաչէն՝ հանց երգեհոն, Մեզ կը կանչեն ու գան պիտի Ի սէր, գերուած Արարատի, Ի սէր հայոց մայր հողերուն՝ Ընդդէմ հողաց թուրք գողերուն: Որ Հայաստանն իմ խլեցին, Մեզ վրէժը լոկ թողեցին. Երէկ Տիզբոն, Այսօր Լիզբոն, Հայն է զոհւում հորիզոնից մինչ հորիզոն: Չենք մոռանում Եղեռնը մեծ, Որ հայ արեան ծովը խմեց, Քարը թողեց վերապրողին, Թուրքն է ապրում, այն էր՝ հողին, Խամրեց արեւն ողջ հայութեան: Յիշե՛նք, հայեր Եղեռն համայն, Որ մեր ազգի ծուծը խմեց, Աշխարհասաստ Եղեռնը մեծ: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
  6. Բարեւ Սաթենիկ, Շնորհակալ եմ: Ի՜նչ լաւ կայքէջ (website) մըն է այս, որովհետեւ այցելուները կրնան կայքէջը զարգացնել: Խենթանալիք գաղափար մըն է (նման ամերիկեան «open source» շարժումին - տե'ս նաեւ «http://www.wikipedia.org»ը): Կը կարծեմ թէ հայ գրականութիւնը նման էջի մը կարիքը ունէր, ծանօթացնելու համար զինք հայ երիտասարդ սերունդին եւ որպէսզի մնայուն արխիւ մըն ալ ըլլայ այս գրականութեան համար... Սէրուժ
  7. ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ինքն էր, որ Երազիս մարմարեայ եզերքներուն վրայ, այս գիշեր, Ապառաժի մը նման անյաղթելիօրէն ոտքի, Իր ըմբոստացողի հրեղէն գլուխն աստղերուն մէջ մխրճելէն, Ու իր ձեռքը ատելութեան սուրերովը զինած, Հողին փրկութեան սիրովը հրաշացած եղբօր մը նման, Որ եղբօր մը օտարացումէն իր հոգին կ’արիւնէ, Խօսեցաւ ինծի ան, եւ իր բառերը իրարու ետեւէ, եւ կարգ առ կարգ, Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմարիտ եւ քինայոյզ եւ առնական... «Եւ ահաւասիկ ես եմ, ո՜վ մեղկութեան ու անշարժութեան զաւակ, Որ աղմկայոյզօրէն՝ այս իրիկուն հեռուներէն կու գամ, Քու երազուն եւ անտարբեր ու անգործօն ու եսական ու տկար Երիտասարդի մարմինդ ու էութիւնդ ու հոգիդ, Բազուկիս հարուածովը ու սուրերուս շառաչին հետ, Կռիւներու հարկադրիչ ժամերուն համար, վերջնականապէս ցնցելու... Ունկնդրէ՛ իմ ձայնիս, որ այս վճռականութեան օրերուն Մեր ցեղին, մեր վրէժին ու մեր արիւնին աղաղակն է ահարկու, Ու խառնուէ՛, ընկերացի՛ր, եղբայրացի՛ր սա՛ մեր հզօրաքայլ ամբոխին հետ՝ Եթէ դեռ քու հոգիիդ մէջ ազատութեան որեւէ կայծ վառ մնաց, Եթէ դեռ քու բազուկներդ քաջութիւնը ունին թշնամիներ հարուածելու, Եթէ սիրտդ գէթ անգամ մը խոցոտուեցաւ մեր մայր-հողին մահացումէն, Եթէ ցեղիդ տառապանքէն ու անմեղներու կոտորածին մղձաւանջէն Քու ներսիդիդ ատելութեան ու բարկութեան անտառները բարձրացան... Եթէ դուն դեռ կեանքիդ մէջը պիտի կրնաս նպատակի մը փաթթուիլ, Եթէ դեռ քու աչուըներդ այս անօգուտ արցունքներէն չկուրցան... Եթէ դուն քու աղօթքներդ Ատելութեան գոռումներու փոխեցիր, Եթէ ցեղիդ ռազմական ու արեգակէ արիւնին Երակներուդ եւ գլխուդ մէջ բորբոքուիլը դեռ կը զգաս, Եթէ դեռ Արամին, Տիգրանին, Արտաշէսին եւ Վարդանին Յաղթանակող զօրութենէն քու մէջդ շունչ մը մնաց, Դիւցազնական քայլերէն քու երազողի նայուածքներուդ առջեւ Անձնուիրութեան, վրէժի եւ ազատութեան ճանապարհ մը բացուեցաւ, Ոտքի՛ կեցիր այն ատեն, եղբայրացի՛ր խումբերուս ու մրրկուէ՛ անոնց հետ, Որովհետեւ, գիտցիր որ այս զոհաբերումի, ընդվզումի եւ յոյսի օրերուն Մեր ամէն մէկուն համար անկողնի մէջ հոգի տալը վատութիւնն է վատութիւններուն...»: Յանկարծ խումբերը հեռացան արեւածագին կրակներուն մէջէն, Ու իրենց կամաւորի գիտակից ու վճռական քայլերուն հնչիւնը երկաթեայ Մարմարակոյտեր փշրող անհամար կռաններու հնչիւնը ունէր... Մինչդեռ թշնամիներէն անջատուած գլուխներ ջահերու պէս կը բոցավառէին՝ Իրենց ուսերուն վրայ բարձրացուցած սուրերուն կատարներէն... Եւ ես այն ատեն՝ նախանձութեամբ ու տարփանքով հողին վրայ ծնրադիր՝ Իրենց հերոսի քայլերուն հետքը երկիւղածօրէն համբուրեցի... 1903 Փարիզ ՍԻԱՄԱՆԹՕ
×
×
  • Create New...