Karmir Posted November 1, 2005 Report Share Posted November 1, 2005 AZG Daily #197, 11/01/2005 «ԳՈՀԱՐԸ» ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ http://www.azg.am/palm/?lang=AR&num=2005110101 Կիպրահայերն ու լիբանանահայերը տակաւին խանդավառութեամբ, նաեւ կարօտով կը յիշեն Գիւմրիի «Գոհար» սեմֆոնիկ նուագախումբի եւ երգչախումբի 2002-ի ամռան տեղի ունեցած ելոյթները Նիկոսիոյ եւ Բէյրութի մէջ: Հոկտեմբերի 2005-ին կարգը պոլսահայութեանն էր ըմբոշխնելու «Գոհարի» մատուցած «բոլոր ժամանակներու հայկական սիրուած երգերը»: 9, 10, 11, 12 հոկտեմբերին Պոլսոյ Լիւթֆի Քրդար կեդրոնին մէջ, Պոլիսէն, արուարձաններէն, Թուրքիոյ այլ քաղաքներէն, մինչեւ իսկ Ատանայէն ժամանած աւելի քան 7000 հայ եւ օտար հանդիսատեսներ «իրենց ափերը պայթեցնելու աստիճան» ծափահարեցին, արտայայտելու համար իրենց սէրն ու կարօտը հայ երգին ու երաժշտութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ յայտնելու իրենց շնորհակալութիւնը այս հոյակապ ձեռնարկը կազմակերպողներուն ու հովանաւորներուն: Ինչպէս միշտ, մաէսթրո Սեպուհ Աբգարեան նաեւ այստեղ փաստեց իր վարպետութիւնը: Մաէսթրոյի հմուտ ղեկավարութեան ներքոյ, հայկական սիրուած երգերու յաճախ իւրայատուկ մշակումով ելոյթ ունեցող նուագախումբը, երգչախումբը եւ տասնեակ մը մենակատարները գրաւեցին պոլսահայութեան սիրտն ու միտքը: Յատկապէս աչքի կը զարնէր երիտասարդներուն ու պատանիներուն, մանաւանդ Պոլսոյ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն բուռն եռանդը, որոնք կը պարէին պարախումբին հետ, կ՛երգէին երգչախումբին հետ ու որոտընդոստ ծափողջոյններով կը թնդացնէին սրահը: Լիբանանեան ու կիպրական նախկին երգացանկին վրայ աւելցուած էին 35 նոր երգեր: Պարախումբը առաւել կատարելագործուած էր, ճոխացած էին բեմական հնարանքները: Երկուշաբթի 10 հոկտեմբեր Գալա ելոյթին ներկայ էին Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը, Պոլսոյ եւ հայաբնակ թաղերու թաղապետներն ու քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ եւ այլ պաշտօնական հիւրեր: Տեղական՝ հայկական եւ թրքական մամուլը դրուատանքով արտայայտուեցաւ այս աննախընթաց ձեռնարկին մասին: Լիբանանահայ Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեան եղբայրներուն ամբողջական նիւթական եւ բարոյական նեցուկը վայելող այս ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի «Գոհար» երաժշտանոցն ու յարակից գործունէութիւնները ձօնուած են իրենց ծնողաց՝ Արամի յիշատակին ու Գոհարի պատուին: Մամուլէն մէջբերումներ «Սապահ» - «Գոհար ելոյթ մը»: «Ակօս» - «Գոհարը» նուաճեց Պոլիսը», «Ստանբուլէն «Գոհարը» անցաւ»: «Ժամանակ» - «Գոհարը» կը կախարդէ իստանբուլահայ գեղարուեստասէրները՝ իր մակարդակով ու յաջողութեամբ», «Գոհարի» իրարայաջորդ բեմական յաղթանակները աննախընթաց օրերու եւ ապրումներու առիթ կը հանդիսանան», «Իստանբուլահայ գեղարուեստասէրները... բառին բուն իմաստով ապրեցան երազային օրեր»: «Մարմարա» - «Գոհար» երգչախումբի գոհար համերգները սկսան», «Ներկաները իրենց ափերը պայթեցուցին երկու ժամ շարունակ ծափահարելով եւ խանդավառութիւն արտայայտելով», «Երկրաշարժ տեսած Գիւմրիի ընդերքէն կը պոռթկար վերածնունդը աւետող կենսուրախ եւ որակաւոր ժողովրդական երաժշտութիւն», «...արուեստի իսկական խնճոյք մը անպայման տակաւին երկար ժամանակ պիտի արձագանքեն սրահին մէջ ու մեր ականջներէն ներս»: Quote Link to post Share on other sites
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.