Jump to content

Recommended Posts

Սիրելիներս,

կուզեմ թարմացնել այս թեման Գարեգին Ա.-ի "Ան-ժամանակը ժամանակին մէջ" գրքով, որը, հուսով եմ, ժամանակի ընթացքում ամբողջովին կտրամադրեմ ձեր ընթերցանությանը: Խնդրում եմ այս թեման օֆֆթոփի չվերածել:

ԱՆ-ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

(ԻՆՉՈ՞ւ ԱՅՍ ԳԻՐՔԸ)

Մարդու կեանքը երկու մակարդակներ ունի.

-Երկիրը` իր ոտքին ներքեւ,

-Երկինքը` իր գլխուն վերեւ:

Մարդու կեանքը երկու տարրերու միախառնուրդն է.

-Ժամանակը, որ «կ'անցնի» եւ որուն մէջէն ինք` մարդը` կ'իրագործուի աստիճանական ընթացքով մը:

-Յաւերժութիւնը, որուն ճաշակը կ'առնէ չանցնող ապրումներու եւ արժէքներու վայելքով եւ որուն լիութեանը կը ձգտի իր կեանքի հարազատագոյն մղումով:

Ամէն անգամ որ մարդը «նոր տարի», «ամանոր», «տարեգլուխ», «տարեսկիզբ» կ'ըսէ, կը տարուի մտածելու ժամանակի՛ն մասին: Կը զգայ, որ խորհուրդ մըն է, զոր չի կրնար քակել մտքի ոյժով. բայց, կեանքի փորձով կը զգայ, որ անո՛վ կ’ապրի, «այսօր», «երէկ», «վաղը» ըսելով, «առաւօտ», «կէսօր», «երեկոյ», «գիշեր» հոլովելով, «վայրկեան», «ժամ», «օր», «շաբաթ», «ամիս», «տարի», «տարեդարձ», «տարելից», «ամեակ», «դար» ծաքսելով իր շրթունքներուն վրայ, առօրեայ հացին հետ:

Գիտուններուն, իմաստուններուն, իմաստասէրներուն կը հարցնէ, պատասխաններ կը ստանայ. բայց լիովին չի գոհանար: Ամէն ոք բան մը կ'ըսէ ժամանակի էութեան եւ բնութեան մասին, առանց կարենալ սահմանելու զայն: Բոլորն ալ սակայն, անխտիր, երկնային եւ երկրային գոյութիւններուն շարժումներուն, կատարուած դէպքերուն առնչաբար կ'ըմբռնեն եւ կը նկարագրեն զայն: Ոմանք անցեալ, ներկայ ու ապագայ եռաշարքին մէջէն երկրորդը կը վերցնեն, զայն նկատելով ակնթարթային անցք մը առաջինին եւ երրորդին միջեւ, երրորդէն պոկուած եւ նուաճուած պահ մը անմիջապէս առաջինին շղթայուող եթերային նօսրութեամբ թել մը: Ներկային ծնունդը ու մահը միադէպ են:

«Երկու ժամանակներ» ու այս տեսաբանները ժամանակի յղացքին կու տան այնպիսի ընդհանրական տարողութիւն եւ արժէք, որոնցմով զայն կ'ըմբռնեն որպէս չորրորդ տարածքը գոյութեան` երկայնութեան, լայնութեան եւ խորութեան երեք տարածքներու որակէն:

Աստուածաշնչական հեղինակը կը յայտարարէ.-

«Մարդոյ որպէս խոտոյ են աւուրք իւր, որպէս ծաղիկ վայրի այնպէս ծաղկէ: Շնչէ ի նմա հողմ, եւ ոչ է եւ ոչ եւս երեւի տեղի նորա». եւ անմիջապէս կ'աւելացնէ. «բայց ողորմութիւն Տեառն յաւիտեանս յաւիտենից ի վերայ երկիւղացած իւրոց, եւ արդարութիւն նորա յորդւոց մինչեւ յորդիս» (ՍԱՂՄՈՍ ՃԲ, 15-17):

Ուրիշ մը, Նոր Կտակարանեան ժամանակներէն, Հինին Իմաստութեան Գրականութենէն ներշնչուած եւ Քրիստոսով առաւել եւս պայծառացած մտքով կը յայտարարէ.-

«Տիրոջ համար մէկ օրը հազար տարուան պէս է, եւ հազար տարին` մէկ օրուան պէս» (Բ. ՊԵՏ. Գ. 8):

Իսկ Յայտնութեան կատարեալ մարմնացումը` Քրիստոս ինք կը պատգամէ.-

«Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին եւ իմ խօսքերս երբեք պիտի չանցնին» (ՄԱՏԹ. ԻԴ. 35):

Ի՞նչ կը նշանակեն այս հակադրութիւնները անցնելու եւ չանցնելու: Ի՞նչ բանն է որ կ'անցնի, վերջ կը գտնէ, եւ ի՞նչ` որ չանցնիր, յաւիտենական է, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի եւ յաւերժօրէն կ'ապրի:

Յայտնապէս, կեանքի երկեակ տարածքներու առկայութիւնն է որ կը ստեղծէ մարդու կեանքին առեղծուածային թնճուկը: Բաներ կան, պատահարներ, զգացումներ, ապրումներ, որոնք կ'անցնին, որովհետեւ «խոտ»ի չափ, «խոտ»ի նման «կեանք» ունին: Բաներ ալ կան, դէպքեր, եղելութիւններ, զգացումներ, ապրումներ, գաղափարներ, ճշմարտութիւններ, արժէքներ, որոնք օրերու թաւալիքն եւ տարածութեան պարունակի պայմաններու պարագայականութեան սահմանները կ'անդրանցնին: Տեսակ մը երկու տոմարներ կան մարդու կենսագրքին մէջ.-

-Տոմար «բանից անցելոց», որոնք` հազիւ գրուած` կը ջնջուին, կարծես երբեք գրուած չըլլային, եւ կամ ժայռին վրայ ինկած ցորենահատիկի կեանքը միայն ունին շուտով անհետանալու դատապարտուած:

-Տոմար «բանից մտացելոց», որոնք այնպէս կը գրուին, որ թէ՛ մելանը չի տժգունիր եւ թէ՛ գիրին ձեւը չ'եղծանիր:

Առաջինը Գիրքն է Մահուան:

Երկրորդը` Գիրքն Յաւիտենութեան:

Մինչ մեր գոյութեան մէկ երեսը կամ մակարդակը եւ կամ տարրը «մեռնող» Ժամանակի մահացնող սահանքէն անվերադարձ կը կորսուի, միւսը` ան-ժամանակ էութեամբ, ժամանակէն վեր զօրութեամբ ժամանակին զօրութիւնը կը խափանէ:

* * *

Մարդը ի՛նչ ալ ըլլայ, ո՛ւր ալ ըլլայ, ինչպէ՛ս որ ալ ըլլայ, անխուսափելիօրէն բռնուած է այս երկութեան (dualisme) միջեւ: Մարդը այնքան ատեն որքան մարդ է` անպայման կը գտնուի այս երկուքի միջասահման հանգրուանին վրայ: Մարդուն ե՛ւ մեծութիւնը ե՛ւ ողբերգութիւնը այս անելային թուող իր գոյակերպին մէջ ունին իրենց աղբիւրը: Մեր մէջ Ս. Գրիգոր Նարեկացին մարդու այս ներքին տռամին ամենէն խոր մեկնաբանն է եւ զուր տեղ չէ որ իր աղօթագիրք-մատեանը կոչուած է «Մատեան Ողբերգութեան»: Որքա՜ն խորիմաստ է որ Նարեկ Մատեանը կը բացուի մարդու երկապայման գոյութենէն բխող տագնապի զօրեղ սա բառերովը.-

«Ջայն հառաչանաց հեծութեան սրտի` ողբոց աղաղակի

Քե՛զ վերընծայեմ, տեսողդ գաղտնեաց.

Եւ մատուցեալ եդեալ ի հուր թախծութեան անձին տոչորման`

Զպտուղ ըղձից ճենճերոյ սասանեալ մտացս

Բուրվառաւ կամացս առաքել առ քեզ»:

«Սրտիս հեծեծալից հառաչանքներուն ողբաձայն աղաղակը

Քեզի՛ կը վերընծայեմ, գաղտնիքները տեսնող Տէր:

Եւ այրուող հոգիիս թախծութեան կրակին վրայ

Սասանած մտքիս ճենճերող իղձերու պտուղը դնելով`

Կամքիս բուրվառով Քեզի՛ կը վերուղղեմ»:

19-րդ դարու ֆրանսացի իմաստասէր Lamennais այլապես պիտի արտայայտէր նոյն այս երկուութեան մէջ բռնուած մարդուն կացութիւնը. «Գիտէ՞ք թէ ինչու մարդ ամենէն շատ տառապողն է արարածներուն. որովհետեւ իր մէկ ոտքը հունաւորին մէջ ունի, եւ միւսը` անհունին. որովհետեւ բաժնըւած է երկու աշխարհներու միջեւ»:

Ո՞ւր է, սակայն, մարդոց միջեւ տարբերութիւնը այս հասարակաց գոյակերպին դիմաց:

Ամենէն էական տարբերութիւնը այն է, որ մարդ կայ որ կը յաջողի անցաւորին մէջ անանց ապրումներուն աւելի տեղ տալ իր կեանքին մէջ եւ ալ կայ որ հակառակ կենսընթացին «ախոյեան» - կամ` զոհ – կը դառնայ: Մարդ կայ որ ժամանակին մէջ ան-ժամանակ արժէքներուն նժարը կը ծանրացնէ իր ապրումներով, յարաբերութիւններով եւ գործերով եւ կը դառնայ քաղաքացի յաւիտենութեան: Մարդ ալ կայ որ ժամանակի ակումբին անդամ կը մնայ, հաւատարիմ յաճախորդ «Կանայի զուարթ ակումբներուն»: Մարդ կայ որուն համար «Կեր, արբ եւ ուրախ լեր», «հագուէ, շքուէ ու պտտէ», «շաղակրատէ, զրախօսէ ու բամբասէ» կենցաղակերպերը կեանքի բնական ուղեգիծներն են ու հաճոյքը` յարադէտ նպատակ: Մարդ ալ կայ որուն համար այս բոլորը թեթեւ ամպի ծուէններ են, ստուերի նօսրութեամբ անցնող երեւոյթներ, ու մայթի վրայ կատարուող պարագայական քայլափոխութիւն, մինչ արեւն ու անձրեւը` կեանքի էականութիւն, պողոտան կամ մայրուղին` քայլագնացութեան ճանապարհ, պարտականութեան կշռոյթով նուաճելի:

Ո՛չ մէկ մարդ հրեշտակ է այնքան ատեն որ երկրի վրայ ու ժամանակին մէջ կ'ապրի: Բայց վա՜յ այն մարդուն որ կենդանականի ծիրէն դուրս չի բերեր իր կեանքը այս երկրի վրայ...:

Թէ ժամանակը ի՞նչ է իր էութեան մէջ` ինծի համար կը մնայ խորհուրդ: Ո՛չ յաւակնութիւնը ունիմ, ո՛չ ալ կարողութիւնը բնազանցական (metaphysique) կամ էաբանական (ontologique) վերլուծումներով անոր ինչութեան քննութիւնը կատարելու: Չեմ ալ հանդիպած այնպիսի վերլուծումի, որ կարենայ խորհուրդին վարագոյրը բանալ աչքերուս առջեւ:

Ժամանակը, ինծի համար, այն կտաւն է, որուն վրայ մարդ իր կեանքի արուեստովը պատկեր մը կը դրոշմէ, եւ այդ պատկերն է որ կտաւը կը փրկէ կտաւութեան ինքնիրմով «չէզոք», անիմաստ գոյութենէն եւ բնական փճացումէն: Կտաւը սոսկ իբրեւ կտաւ գործածողնէ որ կը նոյնանայ կտաւութեան ճակատագրին հետ...: Կտաւը իբրեւ պաստառ գործածողը այլ իմն գոյութեան մը ծիրին մէջ կը մտնէ, ուր ժամանակը իշխանութենէ կը դադրի...

Link to post
Share on other sites

* * *

Սա քանի մը կցկտուր ծոհերը այս գիրքին սկիզբը արձանագրած ըլլալս կը բացատրուի անով որ այն ընթերցողը որ պիտի ուզէ հատորին մէջ մտնել` կ'ուզեմ որ այնտեղ ջանայ փնտռել ամէն բանէ վեր, բոլոր ըսուածներուն մէջէն եւ չըսուածներէն – թելադրականօրէն նշուած բաներէն – անդին` այն հիմնական առաջադրանքը որուն գաղափարովը այստեղ գիրի են անցած մտածումներ, խորհրդածութիւններ, նշումներ, երբեմն վերլուծումներ, որոնք կը ձգտին ժամանակի իշխանութեան տակ շիկնող կեանքի երեւոյթները ժամանակի շրջանակին մէջ, եւ մէջէն. ի յայտ բերել «Ծանի՛ր զՔեզ»ի հրամայականի տակ:

Ժամանակին մէջ ապրիլը մեր մարդկային բնութեան բերումն է, տեսակ մը մեր բնութեան «պարտադրանքը»: Ով որ կը ծնի, կը շնչէ, կ'աճի` ժամանակի հոլովոյթին մէջ մտած կ'ըլլայ մինչեւ որ այլեւս աճումը դադրի եւ քայքայումը վրայ հասնի մահուան վախճանովը: Սա մեր բնութեանը մէջ «գրուած» օրէնք է, մեր «ճակտի գիր»ը, ինչպես կ'ըսե ժողովրդական խօսքը: Բոլոր դարերու – տեսէ՛ք, արդէն ժամանակի յղացքով կը խօսինք – եւ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ ապրող մարդիկ այսպէս եկեր են ու անցեր:

Բայց եղաւ մէ՛կը, որ ծնաւ Պաղեստինի մէկ աննշան, աննշմար, նոյնիսկ արհամարեալ անկիւնին մէջ, Բեթղեհէմ գիւղաքաղաքի մսուրի մը մէջ, եւ որուն ծնունդը նոր իմաստ մը տուավ ժամանակին եւ ան-ժամանակին փոխառնչութեան: Իր ժամանակակիցներու եւ իր կեանքի ականատես վկաներու բնորոշումով` անօրինակ, աննախընթաց դէպք մը եղաւ իր ծնունդը, որուն ժամանակին համար ըսուեցաւ «ի լրումն ժամանակի»: Ժամանակը լրացա՞ծ էր, իր աւարտի՞ն հասած էր. նոր տեսակի ժամանա՞կ մը ծագած էր: Բայց արեւը նոյն շրջանը կ'ընէր, երկիրը նոյն շարժումով ինք իր շուրջ կը դառնար եւ «առաւօտ»ն ու «գիշեր»ը, «օր»ը եւ «ժամ»ը նոյն տեւողութիւնը ունէին: Ժամացոյցները չփոխուեցան:

Ուրիշ տեսակի եւ արմատական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ: Ժամանակը ըմբռնելու եւ զայն ապրելու հասկացողութիւնը ու կերպը, ոգին եւ գաղափարը նպատակնու արժէքը յեղաշրջուեցան: Իրմով ան-ժամանակը, յաւիտենականը նոր լոյս զգեցաւ եւ այդ լոյսով ժամանակի յղացքը կերպարանափոխուեցաւ: Յաւիտենականը, անանց արժեքները, հոգեկան գոյութեան տարածքները ներթափանցեցին ժամանակին մէջ, ինչպես լոյսը մթնոլորտին մէջ, եւ գիշերը եղաւ ցերեկ: Ան-ժամանակին «ժամացոյց»ին սլաքը սկսաւ նոր զարկերով աշխատիլ եւ ժամանակի ցուցանակին սլաքին շարժումին նոր իմաստ տալ: Ժամանակի ցուցանակի ցոյց տուած ժամերու կշռոյթին նոր որակ մը միացաւ եւ ժամանակայինով արտայայտուող կեանքը նոր իմացումով մը պայծառացաւ:

Ան-ժամանակին սլաքը սկսաւ զարնել ոչ վայրկեաններով ու ժամերով, այլ... գաղափարներով, ապրումներով, արարքներով, որոնք ժամանակի պարունակը ճեղքեցին եւ մարդուն հայեացքին առջեւ, հոգիին մէջ ու կեանքի գիծին վրայ բացին նոր իմն տեսիլներ, որոնք մարդուն խորագույն իղձերուն, խորագոյններուն խորագոյնին` երջանկութեան յագուրդ ընծայեցին:

Փրկի՛չն էր ծնող մանուկը եւ փրկութի՛ւնը եղայ Յիսուս Քրիստոս կոչուած մանուկին բնութենական առաքելութիւնը: Բեթղեհէմի մսուրէն առաջ, անոր` Փրկիչն` երազն ու սպասումը արդէն մսուր շինած էին մարդող հոգիներուն մէջ: Ժամանակէն, ժամանակով ու ժամանակայինով յագեցած, խեղդուած հոգին ազատագրութեան պէտքն ունէր: Ազատարարը եղաւ ինքը` ծնեալ Փրկիչը, որ մարդուն բերաւ անոր գոյութեան իմաստին լոյսը: Երկինքին վրայ, իր ծննդեան պահուն, պայծառօրէն յայտնուած Աստղը լոյսին փարոսն էր, որ մարդկութեան աչքերը իր վրայ հրաւիրեց, եւ աչքերէն ներթափանցող լոյսի շողերը մարդոց հոգիներուն ազատ շունչ տուին:

Ան-ժամանակին «ժամացոյց»ը սկսաւ զարնել.-

Փառք ի բարձունս Աստուծոյ,

Խաղաղութիւն յերկիր

Հաճութիւն ի մարդիկ:

Եւ ապա անոնց էոյթով եւ կշռոյթով`

սէր, հաւատք, յոյս, եղբայրութիւն, ողորմութիւն, աղօթասիրութիւն, բարութիւն, բարեխօսութիւն, բարեգործութիւն, անյիշաչարութիւն, ներողամտութիւն, թողութիւն, միութիւն, խոնարհութիւն, հաւասարութիւն, արդարութիւն, պարտականութիւն, իրաւունք, ժուժկալութիւն, համբերութիւն, ճշմարտութիւն:

Ահաւասիկ Ան-ժամանակին 24 «ժամ»երը, որոնք, սակայն, ի տարբերութիւն ժամանակի ժամերէն, չունին ո՛չ ցերեկ եւ ո՛չ գիշեր, ո՛չ անցեալ, ո՛չ ներկայ եւ ո՛չ ապագայ: Յաւիտենացոյց, մշտենջազարկ եւ յաւերժագնաց զօրութեամբ կը հնչեն տիւ եւ գիշեր, երէկ եւ այսօր, ու պիտի հնչեն վաղը մարդուն կեանքին իսկական «ժամանակ»ը ցոյց տալու, անանց ժամանակի գծուած պարունակին մէջ, որուն սկիզբը ծնունդ է եւ վախճանը մահ:

Ահա magna carta-ն, կեանքի հրովատակը, որ աստուածագիր որպէս «օրէնք» ընդելուզուած է մարդուն գոյութեանը մէջ, յայսմ աշխարհի եւ ի յաւիտենականս:

Ահա խորագոյն իմաստը այն դաւանութեան, որով կը հռչակուի անստուեր ճշմարտութիւնը թէ «Յիսուս Քրիստոս` երէկ եւ այսօր, նոյն եւ յաւիտեան»:

Ահա նաեւ հարազատագոյն նշանակութիւնը այն իրողութեան, որ մարդ էակը իր էութեան, գոյութեան եւ բաղկացութեան «անցանելի» տարածքէն անդին` մասնակից մը դառնայ այդ ան-այսօր, ան-երէկ եւ ան-վաղ գոյութեան երբ կարենայ ներթափանցուիլ յաւիտենութեան ակնաղբիւր Աստուծմէն Քրիստոսով արեւուող լոյսէն: Որքա՜ն թելադրական եւ յանկուցիչ են այդ յաւիտենականութեան իր մէջ թափանցումէն լուսաւորուած միստիք փիլիսոփայ-աստուածաբան Գերմանացի Meister Johann Eckhart-ի խօսքերը ժամանակին եւ յաւիտենականութեան միջեւ բռնուած մարդ էակին մասին.

«Թէ` ես մարդ մըն եմ`

Այդ կը բաժնեմ ուրիշ մարդոց հետ.

Թէ` կը տեսնեմ եւ կը լըսեմ,

Թէ` կ'ուտեմ եւ կը խմեմ`

Այդ նոյնն է ինչ որ կ'ընեն բոլոր կենդանիներ

Բայց

Թէ` ես ե՛ս եմ`

Այդ իմս է միայն.

Կը պատկանի ինծի

Եւ այլ ոչ ոքի,

Ոչ մէկ այլ մարդու,

Ոչ ալ հրեշտակի մը,

Ու ոչ ալ Աստուծոյ,

Բացի այն չափով

Որքանով ես միացած եմ Անոր հետ»:

* * *

Ամէն «Նոր Տարի» եւ անոր անմիջապէս յաջորդող Ս.Ծննդեան տօնին, զոր մեր հայրերը համբուրելի իմաստութեամբ մը եւ աննման ու անբաղդատելի իրաւութեամբ մը կը կոչեն «Տօն Աստուածայայտնութեան», մարդիկ կը տարուին – կամ կը բերուին – մտածելու, լսելու եւ կարդալու, երբեմն ալ խօսակցելու, ժամանակի եւ Քրիստոսի ծննդեան իմաստին եւ իրենց կեանքին մէջ անոնց ներկայութեան, ունեցած դերին եւ ազդեցութեան մասին:

Ես ալ մէկն եմ մահկանացուներէն, որոնք կեանքի, ժամանակի եւ ան-ժամանակի մասին կը փորձեն խորհիլ եւ` խորհելով` իրենց կեանքը այդ երկու բեւեռներուն միջեւ զետեղել կարելի ներդաշնակութեամբ մը:

Ասկէ աւելին, սակայն, որպէս սպասաւոր ժողովրդեան` պարտք զգացած եմ, եւ կը զգամ, երբեմն երբեմն խորհածներս խօսքի թեւերուն յանձննել եւ գիրի կաղապարին մէջ դրոշմել: Եւ այս պարտքը կատարեր եմ անցնող շուրջ քառասուն տարիներու ընթացքին, յորմեհետէ եկեղեցւոյ եւ ազգի սպասաւորութեան պարտքին եւ պատիւին արժանացեր եմ երկնային օրհնութեամբ եւ եկեղեցւոյ ու ազգի պարտատուչութեամբ:

Հոգեւորական ծառայութեանց գրեթէ չորս տասնամեակներուն, անկախաբար անհատական-հասարակական-անձնական խորհրդածութեան բնական պարտքէն, սիրով կատարեր եմ նաեւ հանրային-հասարակական պարտքս` մտածումներս բաշխելու մեր ժողովուրդին, սարկաւագութեանս շրջանի նախափորձէս, աբեղայական ու վարդաբետական օրերուս սկզբնաքայլ պարտաւորութիւններէս միջեւ Առաջնորդական եւ Կաթողիկոսական վերատեսչական պատասխանատուութիւններս: Գրեթէ ամէն «Նոր Տարի» եւ Ս.Ծննդեան տօնին, այսպէս կամ այնպէս, խօսքս պատարագի նշխարին պէս բաժներ եմ ին ժողովուրդին հետ:

Վերջերս, խորհեցայ այդ խօսքերէն փունջ մը հատորով մը կապոց ընել եւ այս տարուան 1990-ին, 20-րդ դարու վերջին տասնամեակի բացումին, զետեղել մեր ժողովուրդի միտքի եւ հոգիի սեղանին որպէս 1990-ի կաղանդչէք եւ Ս.Ծնընդեան տօնի նուէր:

Տարբեր-տարբեր ժամանակներու մէջ խօսուած կամ գրուած պատառիկներ են ասոնք, ձեւով ու խորքով անհաւասար իրարու, բայց միշտ նիւթով առնչակից եւ համանման:

Առաջին բաժինով, Խրիմեան Հայրիկի մէկ գործէն փոխ առնուած «Ժամանակ եւ Խորհուրդ իւր» խորագրին տակ, խոհերու եւ խորհրդածութիւններու պատառիկներ ի մի են բերւած, աբեղայութեան իմ առաջին տարուան ընթացքին գրի առնուած ու գլխաւորապէս ինծի տարեկից երիտասարդներուն ուղղուած փորձով մը, «Ամանորի Խոհեր», սկսող: Անոր կը հետեւին Կաթողիկոսարանի կողմէ 1978-էն, մեր կաթողիկոսացումի առաջին ամանորէն, սկսեալ լոյս տեսած Յուշատետրերու սկիզբը զետեղուած հակիրճ նօթեր եւ նշմարներ, ժամանակի եւ անոր մարդկային ու հայկական կեանքին հետ առնչուած մտածումներու որպէս խտացումներ:

Երկրորդ բաժինը, «Ան-Ժամանակին Խորհուրդը» մակագրութեան ներքեւ, ի մի կը խմբէ տասնըմէկ գրութիւններ, որոնց առաջինը իմ սարկաւագութեանս շրջանին գրի առնուած քարոզ մըն է «Քրիստոսի Ծնունդը» վերնագրին տակ եւ երկրորդը վարդապետութեանս շրջանին գրուած վերլուծական յօդուած մը «Աստուածայայտնութեան խորհուրդը` երէկ եւ այսօր» գլխագրութեամբ: Մնացեալ ինը մեր Կաթողիկոսութեան շրջանին, մեր ժողովուրդին ուղղուած պատգամներ են Ս.Ծննդեան Տօնին առիթով: Իւրաքանչիւրին մէջ ջանացած ենք սեւեռումի տակ բերել ան-ժամանակ ճշմարտութիւններ, քրիստոնէական եւ հայկական մեր հոգեւոր ու ազգային ժառանգութենէն մեզի հրիտակուած կեանքի յաւիտենական սկզբունքներու եւ արժէքներու ու անոնց կենսաւորման մասին:

Այս բոլորը մեկ հատորով մը մեր ժողովուրդին ընծայելու նպատակը մէկ է եւ շատ պարզ – առիթ ընծայել միտքերուն խորհելու: Այս հատորը տեսակ մը խոփ մըն է խրուած Աւետարանի եւ հայութեան անդաստանին մէջ: Որպէս մշակ բանաւոր` ուզած ենք ցանել հունտեր յաւիտենական ճշմարտութեան, զանոնք քաղելով Քրիստոսի ուսուցման եւ հայութեան փորձառութեան շտեմարանէն:

Ծայրէ ի ծայր մտածուած եւ ծրագրուած հատոր մը չէ սա: Կարելի չէ – եւ ճիշդ ալ չէ – որ միանուագ կարդացուի ան: Ան-ժամանակի «ժամացոյց»էն ժամանակի ժամացոյցի պահերուն մէջ զանգող իմացական-հոգեկան, խորհրդածական-վերլուծական «պահ»եր են, որոնք իբրեւ այդ պէտք է կարդացուին: Ժամանակային ժամացոյցը պահ մը կերցնել եւ ներանձական «ժամանակ»ի, Ան-ժամանակի զանգումներուն անհատական ազատ հակազդեցութեամբ ունկնդիր եւ խօսակից դառնալ:

Հայրապետական մեր պարտաւորուածութեան գիրի՛ լեզուով կատարման աշխատանք մըն է, իմացական հաղորդութեան արարք մը, որուն իմաստն ու արժէքը կախում չունին միայն տուողէն, մատռուակողէն, մատուցողէն, այլ նաեւ ընդառաջորէն, ընդունողէն եւ հակազդողէն:

Հեղինակին միակ բաժինը` հրաւիրողի եւ մատուցողի բաժինն է, որուն գլխաւորագոյն պարտքը եւ նախանձախնդրութիւնը «Ծանի՛ր զՔեզ»ի նշանաբանին վերակենդանացումն է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, մանաւանդ հայութեան համար վճռական, նոյնիսկ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող այս օրերուն, թէ՛ Մայր Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ:

Գ.Բ.Կ.

Link to post
Share on other sites

Ա.ՄԱՍ

«ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԻՒՐ»

ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՈՀԵՐ

Երիտասարդներուն

Ցնծութեան օր է, խրախճանքի հանդէս:

Երգ ու պար է, խինդ ու ծիծաղ այս երեկոն:

Զգլխանքի, գինովութեան եւ խնդութեան պահն է այսօր, այս երեկոն:

Այսքա՞ն սակայն: Ասկէ անդի՞ն, աւելի՞ն...

Խռովքի, խոր մտածման, անդրադարձման պահն է նաեւ այս երեկոն:

Բայց շատ քիչեր. բացառիկներ զայն կ'ըմբռնեն ու զայն կ'ապրին իբրեւ առիթ այդ մտածման, ներհայեցման, ներշնչումի:

Ու մինչ մարդեր, շատ շատերը, այս երեկոն կ'ապրին միայն իր առաջին արարին մէջ, արբեցած` սեղաններու առջեւ` անոր բերած անհուն ու զգլխիչ խնդութենէն, անդին, սակայն, մէկն անոնցմէ` ըստ բնութեան, բայց մէկն` օտար անոնց, ըստ որակին իր հոգիին, կ'ապրի արդէն երկրորդ արարն այս երեկոյի մեծ տռամին: Մտքին մէջէն կ'անցնին թելեր մտածումի խառն ու արձակ ընթացքով, կ'անցնին տեսիլներ, մերթ հրճուանք, մերթ տառապանք ցայտեցնելով հոգիին մէջն այդ մտածողին.-

Ծնունդ եւ մահ:

Սկիզբ ու վերջ:

Գիծ մը այս երկու ծայրերը իրար շաղկապող` ԿԵԱՆՔ:

Այդ գիծին վրայէն կը քալէ մէկն անդարձ, մեկնելով սկզբնակէտէն երթալու համար վերջակէտին: Ինքն է այդ մէկը: Եւ այսօր հասած հանգրուանի մը` իր նայուածքը կը տանի ետեւ` դիտելու կտրած ճամբու գիծին վրայ թողած իր հետքերը: Հաճելի է դիտումի այս արարքը, եւ ինքը` գոհ ու երջանիկ: Գիծին սկիզբը` մշուշի մէջ` հազիւ կը նշմարուի: Իր նայուածքը սակայն չի կրնար թափանցել մշուշին մէջէն ու յստակ պատկերացումը տալ գիծի այդ սկզբնական ծայրին վրայ թողուած հետքերուն: Բայց կը յաջողուի նշմարել զանոնք. ու ինք կը զգայ ներքին գոհունակութեան մը այցը իր հոգիին, որ հրճուանքի քաղցր զգացումով մը յորդի պահ մը:

-Մանկութիւնն է որ կը դպի իր նայուածքին:

Կը մօտեցնէ այժմ իր նայուածքը: Գիծը յստակ է այլեւս. հետքերը` որոշապէս տեսանելի ու զննելի: Կը դիտե երկա՜ր: Կը տեսնէ ճերմակ ու սեւ, կապոյտ ու կարմիր գոյներ իր հետքերուն վրայ, նշան` անցեալ կեանքի պայծառութեան ու խաւարի, խաղաղութեան ու խռովութեան պահերուն: Տեղ-տեղ նուաճում, արագ յառաջդիմութիւն, սակայն երբեմն կայունութիւն, տեղքայլ. եւ – ու այս ատեն կը տառապին իր աչքերը – երբեմն յետդարձ, ընկրկում, նահանջ: Տեսանաի այլազանութեան զուգահեռ` կը գունաւորուին նաեւ իր ապրումները, ներքին հոգեկան վիճակները: Կը հրճուի երբեմն իր հոգին ի տես յստակ ու առողջ, լեցուն գոյներու: Վիշտէն կը նուաճուի ու կը տառապի` մութ կէտերու ու աղօտ, տգեղ գոյներու նշմարումին եւ կը ստիպուի փակել իր աչքերը` արգիլելու համար տեսողութիւնը իր հայեացքին ու տառապանքը իր հոգիին:

-Պատանութեան ու երիտասարդութեան օրերու խօլ վազքին, անսանձ գնացքին թողած հետքերն են անոնք, առատ ու այլազան, արդիւնք` տարիքին, բայց մանաւանդ իրեն յատուկ եղող կայտառ, մշտաշարժ ու անհաւասարակշիռ բնութեան մը, զերծ` մտքի, բանականութեան հակակշռէն, սանձէն:

* * *

Առաջին անգամն է որ ան, նստած այսպէս իր սեղանին առջեւ, փակուած իր անձին մէջ, առանձնացած աշխարհէն, միշտ իր մօտիկ ապագան դիտող նայուածքը կը նետէ յանկարծ աւելի ետեւ եւ կ'ուղղէ հեռո՜ւն:

Ինչո՞ւ արդեօք:

Չի գիտեր յստակօրէն: Բայց կը զգայ իր մէջ դեռ խորապէս անորոշ, բայց որոշապէս կատարուող փոփոխութիւն մը, անցք մը սովորականէն անսովորին, հինէն նորին: Կը համոզուի, որ այս երեկոն իր օրերու գծին վրայ արտասովոր աննախընթաց, բայց խիստ կարեւոր հանգրուան մըն է, որուն վրայ պէտք է սեւեռել անհրաժեշտ ուշադրութիւն ու ձեռք բերել անոր տուրքն ու բարիքը:

Ու կը մտածէ...:

Բանականութեան, քննական դիտողութեան եւ հայեցողութեան շրջան մը կը սկսի իրեն համար: Դիտելու, քննելու, ըմբռնելու եւ ըստ այնմ գործելու ձգտում մը իր գոյութիւնը կը յայտնէ իրեն մէջ: Փրկարար եւ արդիւնաւէտ փոփոխութիւն, արդարեւ, իր կեանքին համար:

Եւ ամենէն առաջ քննական այդ հայեցողութիւնը կը կիրակրէ իր անձին վրայ: Իր նայուածքը այս անգամ կը թափանցէ իր անձէն ներս...:

Ի՞նչ է ինք: Ի՞նչ ունի ինք գեղեցիկ կամ տգեղ, ազնիւ կամ վատ, վսեմ կամ ստորին: Եւ կը տեսնէ նախ` որ ինքն իր ներկայ զանազան կարողութիւններով, նկարագրի գիծերով հանդերձ իր անցեալով է այն, ինչ որ կը դիտէ իր մէջ:

Թաւալած են ու թաղուած` երկար տարիներ, բազում օրեր: Ոչի՞նչ սակայն անոնցմէ: Անկարելի է այդ: Ունի անշուշտ, բաներ իր մէջ հաւաքական, ինչպէս ամէն էակ որ մարդ է, բանաւոր արարած, ընկերայնութեան բնածին էութեամբ: Օրերն անցած են «անդարձ» իբրեւ ժամանակ, որուն իսկութիւնն է արդէն անցնիլը: Բայց չեն ջնջուած իբրեւ հոգեկան վիճակներու կարելի միջոց եւ ընդունարան: Ժամանակին մէջ ինք ապրած է, եւ այդ ապրումը յաճախ եղած է սնանելէն տարբեր ու վեր, եւ արձանագրուած ըլլալով իր հոգիին մէջ, չէ անհետացած, որովհետեւ իր հոգին, յիշողութիւնը ժամանակի թաւալումէն չեն նուաճված ու երբեք պիտի չանհետին ու պիտի չթաղուին ժամանակին հետ, ժամանակէն վեր եւ ժամանակէն անձեռնմխելի ըլլալով իրենց բնութեամբ:

Կը զգայ ուրեմն օրերու անցքին վրայ տեւողութիւն մը, որ իր մէջ կը յայտնուի իրեն. –Յաւերժութիւնն է ան, որ երբեք պիտի չջնջուի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, եւ, աւելին` կեանքի վերջաւորութեան պիտի պահէ իր գոյութիւնը. եւ դեռ` այդ վերջակէտն իր անդրանցնելով` պիտի շարունակէ գոյ մնալ աւելի բիւրեղ, զուտ ոգեկան վիճակի մէջ:

Ու հաւատալով այս իրողութեան – առանց արտաքին փաստեր փնտռելու ի ստուգումն իր փորձապէս զգացածին -, աւելի եւս կը խորացնէ իր նայուածքը իր հոգիին մէջ: Յստակ եւ որոշ կերպով կը տեսնէ այժմ իր հոգեկան աշխարհի տարողութիւնը, լեցութիւնը չի հասնիր որակի բարձր աստիճանի մը, այլ կը մնայ սովորականի, առօրեայի, հասարակացի սահմաններուն մէջ: Ուրիշ անկիւնէ մը, սակայն, իր նայուածքը կը յայտնաբերէ իր մէջ կարողութիւններու, գործօն ոյժերու երես մը, կարողութիւններ` որոնց իմացումը ունի որոշապէս, եւ հաւատք` անոնց զօրութեան վրայ. կարողութիւններ` որոնք թէեւ այժմ չեն ներկայանար իրենց ամբողջական զօրութեան ու տարողութեան մէջ, բայց հետզհետէ կիրարումի ընթացքին մէջ պիտի աճին, զօրանան ու ընդլայնին:

Ահաւասիկ ինք` իր ունեցածովն ու եղածովը, իր անցեալովն ու ներկայովը:

* * *

Այս անգամ իր նայուածքը վեր կ'առնէ եւ կ'ուղղէ դէպի առաջ; Կեանքի գիծը կը շարունակուի, որուն վերջին հանգրուանը սակայն անորոշութեան մէջ կը մնայ անգայտ ու անյայտ: Ո՞ւր է արդեօք. մօ՞տ թէ հեռու: Չի գիտեր ու... չի կրնար գիտնալ: Անձկութեան զգացում մը կը ճնչէ իր հոգիին վրայ: Մտահոգիչ հարց. ներքին նոր անձկութեան մը առիթ:

Կը մտածէ՜ սակայն...

Ինչո՞ն միտքը տառապեցնել այդ հարցով ու սրտին տալ արագ տրոփներ: Ո՞վ մարդերէն կարողացեր է գիտնար իր կեանքի վերջին օրերը: Ոմանք իրենց սպասածէն առաջ հասած են հոն: Ուրիշներ իրենց նախատեսած հանգրուանը անդրանցած են: Բայց եղած են անոնցմէ` որոնք սովորական պարզ ապրումի բաղդատաբար ստորին մակարդակէն կրցած են բարձրանալ ազնուական – բառին սեղմ իմաստովը – մարդկային լեցում ապրումի աստիճանին: Յաջողուած են չլինել անցեալ մը, թողուլ հետքեր իրենց քալած ժամանակի գծի վրայ, որոնք անկորնչելի մնացած են ու անաղարտ եւ պիտի չթաղուին երբեք ժամանակի փլուզումին, չքացման աւերակներուն տակ: Եւ այս բոլորը` մոռացութեան տալով իրենց գնացքին վերջին հանգրուանը ժամանակի այս աշխարհին մէջ եւ ատով` զերծ մնալով իրենց գնացքին թափը կասեցնող, իրենց ուժերը ջլատող, սանձահարող հոգեկան տագնապներէ:

Անօգուտ է այդ հարցով մտազբաղիլ, եւ մանաւանդ` վնասաբեր: Վերջ տալ ուրեմն ու անցնիլ շարժումի, թափ տալ մտքերուն ու քալել յառաջ, քալել արագ իր շուրջը քալող աշխարհին հետ, երթալու համար զուգընթաց. տեղքայլ կամ նահանջ` մահը իր հոգիին: Միշտ աչքերը հեռուն, բարձրին սեւեռած` քալել, վստահ քայլերով, անսայթաք, ապահով իր ոյժերուն, զսպանակուած իր կամքի աննահանջ զորութեամբ:

Քայլերը պիտի չըլլան այլեւս իր կեանքին, իր գնացքին առաջնորդը, այլ` իր մտքին լոյսը, «Աշխարհի Լոյս»էն իր հոգիին մէջ ծորած լոյսի շողը, պիտի դառնայ իր երկնագիծ աստղը: Եւ իր ոտքերը երբեք պիտի չյոգնին, եւ իր սիրտը երբեք պիտի չզգայ զօրութեան մը բաբախումներուն նուազումը իր մէջ:

* * *

Նոր կեանքի մը սկիզբն է այսօր, աւելի գիտակից, իմաստալից ու նպատակաւոր ապրումի մը առաջին պահը: Եւ ինք գիտէ, որ այդ նոր կեանքի ուղղութեան մէջ քալելով միշտ, աննահանջ ոգիով, յաղթանակի յոյսով եւ հաւատքի զօրութեամբ, պիտի հասնի «Աշխարհի Լոյս»ով լուսազարդուած «առաւել կեանք»ին, խոստացուած, բայց իրեն նոր յայտնուած, իր կողմէ նոր գտնուած երանական կեանքին` երկնից արքայութեան, որ երկիր է փոխադրուած...:

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱԲԵՂԱՅ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Link to post
Share on other sites

ՕՐԵՐՈՒՆ ՀԵՏ, ՕՐԵՐԷՆ ՎԵՐ...

Կեանքի նոր հանգրուանի մը առջեւ ենք: Երեք հարիւր վաթսունըհինգ օր շարունակ մեր օրագրքին կամ մեր նամակներուն վրայ պիտի գրենք` 1979:

Ի՜նչ աւելի գեղեցիկ քան յոյսով ճառագայթուն մեր աչքերը սեւեռել գալիք 365 օրերուն վրայ, եւ` իւրաքանչիւչին մէջ, իւրաքանչիւրով այնպիսի արարք մը կամ արժէք մը դրոշմել մեր կեանքի այս նոր էջին վրայ որ երբ օրացոյցը մաշի` կեանքը մաշած չըլլայ անոր հետ...

Ժամանակը կը սահի ջուրին պէս: Եթէ կրցար բռնել կաթիլ մը, փրկած կ'ըլլաս ե՛ւ զքեզ ե՛ւ կաթիլը` հողին ու ծովին մէջ անյայտանալու ճակատագրէն:

Օրերով կ'ապրինք, օրերուն հետ կը քալենք, բայց օրերուն հետ չենք կրնար մարիլ: Մարդու եւ հայու մեր պարտքն է օրերէն վե՛ր թեւել, պատմութիւն կերտել եւ դառնալ յաւիտենականութեան ճամբորդ: Հետեւաբար, պէտք է արթուն մնալ եւ ժամանակի թաւալքին տակ չկորսնցնել թարմութիւնը մեր զգայնութեան, գիտակցութեան եւ պարտականութեան:

Ժամանակը անակնկալ դարձուածքներ ունի` յաճախ մարդերէն աննախատեսելի: Կայտառ, առոյգ կեցուածքն է որ անակնալներուն դիմաց մեզ կը պահէ տոկուն, եւ միանգամայն` ճկուն: Պէտք է հետեւիլ օրերուն խորհրդանշած քրիստոնէական սկզբունքներուն` Քրիստոսի տնօրինական կեանքի դրուագներէն արտաբերող, Սուրբերու ներշնչող յիշատակին, մեր ազգային կեանքի բարձրակէտ հանդիսացող դէպքերու իմաստին, եւ` նո՛ր վկայութեամբ, նորոգեա՛լ հաւատարմութեամբ եւ նուիրեա՛լ տքնաջանութեամբ լեցնել օրերը, որպէսզի` երբ «յարդը գնայ` ցորենը մնայ»:

1978-ը Լիբանանահայութեան կեանքին մէջ եղաւ տառապալից ու խռովայոյզ տարի մը յատկապէս իր երկրորդ կէսին մէջ: Մահեր, կորուստներ, քանդումներ, ստրկաբեկումներ, մտատանջութիւններ ալեկոծեցին մեր կեանքը: Վերքէր շատ ստացանք, վիշտեր շատ կրեցինք: Բայց, փա՜ռք Աստուծոյ եւ պատի՛ւ մեր ժողովուրդի դարերով դարբնուած տոկունութեան` առողջ պահեցինք մեր կեանքը, ամուր` մեր կառոյցը, համազգային միութեան, սիրոյ եւ եղբայրութեան շաղախով:

Ի խորոց սրտի կ'աղօթենք որ 1979-ը նոր շունչ բերէ Լիբանանին, որպէսզի խաղաղութեան բարիքներով վերստին կանաչանայ եւ պտղաբերի Լիբանանեան օրհնեալ հայրենիքը: Թող մեր հաւատացեալ ժողովուրդի կեանքի անդաստանին մէջ նոր ակօսներ բացուին եւ նոր ապրումներ ու իրագործումներ ընդձիւղին, որպէսզի մշտադալար մնայ Խորենացիական բառերով գծուած հայոց «փոքր ածու»ն երկրի տարածքին վրայ եւ երկինքի կապոյտին ներքեւ ու Մայրիներու յաւերժադալար կանանչին մէջ:

1979

Link to post
Share on other sites

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ...

Մեր աչքերուն առջեւ ահա կը բացուի հորիզոնը 1980 Նահանջ տարուան 366 օրերուն:

Պիտի նայինք այս յուշատետրին ամէն օր: Մեր նայուածքը պիտի դառնայ այնքան սովորական որ մեքենայական ձեւով պիտի թերթատենք զայն առանց անոր մասին մտածելու:

Առաջին այս վայրկեանին, երբ կը բանանք զայն եւ մեր անունն ու հասցէն կը գրենք անոր սկզբնաթերթին վրայ, եկէք մտածենք անոր մասին.-

Յուշատե՜տր…

Երկու բառեր քով քովի` Յուշ ու Տետր:

Յուշարար մը` նախ: Ամէն օր մեզի պիտի յիշեցնէ թէ տարուան ու ամսուան ո՞ր օր-հանգրուանին ենք հասեր: Երբեմն պիտի յիշեցնէ թէ եկեղեցականօրէն կամ ազգայնականօրէն ի՞նչ յիշատակելի դէպքեր ու դէմքեր կան, որոնց մասին կ’արժէ խորհրդածել, կարդալ, լսել, հաղորդուիլ անոնց բոլոր այն բաներուն հետ, որոնք մնացին արեւու շողին տաքութեան եւ քաղցրութեան դէմ երբ օրերն իրենց բոլոր օրերուն պէս մայրամուտի մէջ թաղուեցան…:

Անհրաժեշտ է ան:

Աւելին` օգտակար:

Բայց` ո՛չ բաւարար:

Յուշատետրը ունի երկրորդ կարեւոր իմաստ մը եւ դեր մը: Ան մեզ պիտի հրաւիրէ արձանագրելու այնտեղ բան մը մեզմէ: Ոչ միայն անցեալէն յուշեր կը բերէ մեզի, այլ խայծ մը կը դառնայ այնտեղ դրոշմելու բան մը որպէս մեզմէ օր առ օր մատուցուող ընծայ Աստուծոյն, մեր եկեղեցիին եւ մեր ազգին: Երբ առտու բանանք զայն` անցեալէն կը խօսի ան մեզի: Երբ երեկոեան բանանք զայն` հարց պէտք է տալ թե ի՞նչ դրինք մեզմէ մեր ազգի յուշամատեանին մէջ:

Մեր բոլորէն ամէն օր մեծ բաներ չ'ակնկալեր ան: Բայց ամէն օր բան մը կ'ակնկալէ – հաւատքի ամրապնդում, զգացումի բիւրեղացում, գաղափարի բարձրացում, գաղափարականի պրկում, նուիրումի մղում, գործօն մասնակցութիւն: Ամէն օր իրագործուող փոքրը` մե՛ծ կը դառնայ երբ տարեփակին հաշուի նստինք այս յուշատետրին հետ...:

Հաղորդուեցէ՛ք մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան հետ, առէ՛ք անկէ այն ինչ որ մեր հայրերը կու տան ձեզի, եւ` տուէ՛ք անոր ինչ որ ձեզմէ կ'երթայ եւ եկեղեցիին ու ազգին կը մնայ...:

1980

Link to post
Share on other sites

ՀԱՅՕՐԷՆ...

1980-ական տասնամեակի առաջին տարին իր կամարը կապեց մեր կեանքի վրայ: Ինը տարիներ դեռ մեր առջեւ հորիզոն կը բանան, հանգրուան առ հանգրուան կամարակապելու համար 20-րդ դարու սա վերջընթեր տասնամեակը մեր կեանքի պատմութեան վրայ:

Մարդ չի գիտեր թէ ի՞նչ գոյներ, ի՞նչ գիծեր պիտի գան ձեւ տալու համար 1981-ի անգոյն եւ անգիծ ժամանակին:

Մարդ չի գիտեր թե ի՞նչ դէպքեր, երեւոյթներ պիտի ծնին լեցնելու համար պարունակն այն կեանքին որ 1981-ի օրերով պիտի ալիքանայ սա ծով աշխարհին վրայ:

Մարդ չի գիտեր թէ ի՞նչ գաղտնի ոյժեր, ի՞նչ խորհրդալից խաղերով նոր կացութիւններու առջեւ պիտի դնեն զինք, որոնց ակնկալութիւնն իսկ այնքան հեռու է իր հասողութենէն, ինչպէս լեռներն` հովիտերէն:

Բայց մենք մէկ բան գիտենք – ու չենք կրնար չգիտենալ եթէ ճշմարտօրէն հայ մարդ ենք -. ի՞նչ ալ ըլլան խորհրդալից խաղերը ծովուն, ի՞նչ ալ ըլլան գոյներն ու գիծերը աշխարհէն մեր կեանքին բերուած, ի՞նչ էլ լլան դէպքերն ու դրուագները այժմ աննախատեսելի` մենք ամուր կառչած պիտի մնանք մեր հայակերտ ու հայակերպ, հայաղեկ ու հայուղի նաւուն, մեր սեփական ազգային կերպարի գիծերուն ու գոյներուն: Մենք պիտի խաղանք խաղը մե՛ր ազգին, խաղերուն մէջ խճող ու ժխոր այս դարուն, մեծ ու փոքր ազգերուն, մութ ու մռայլ ոյժերուն:

Կառչած յոյսին, մղուած հաւատքէն եւ շարժելով ՍԷՐ ամենոյժէն` ահա այս հոգեկան կեցուածքով եւ ազգային ըմբռնումով բանա՛նք սա յուշատետրը ամէն օր եւ այդ ամէն օրուան մէջ ապրինք պահեր քրիստոնէաշունչ եւ հայրենապաշտ` յուշերովը մեր անցեալին, տրոփովը մեր ներկային եւ տեսիլքովը մեր ապագային:

1981

Link to post
Share on other sites

«ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻ՜Մ...»

«Ժամանակ չունի՜մ...»

Յաճախականօրէն կրկնուած սա յանկերգը` խօսելու սովորութենականացած ձեւ մըն է այլեւս, որ յաճախ կը գործածուի ոչ այնքան իր իրական իմաստին մէջ, որքան որպէս պատրուակ` պատասխանատուութենէ, պարտաւորութենէ, յանձնառութենէ խուսափումի, կամ, թերացումի պարագային` ինքնարդարացումի:

Ժամանակի ըստ էութեան անչափելի ընթացքին մէջ, մարդիկ կեանքի դասաւորութեան եւ արդիւնաւորութեան յատուկ գործնական նկատումներով բաժանումներ են կատարած: Որքան արուեստական` նոյնքան եւ կենսական են այդ բաժանումները – տարի, ամիս, շաբաթ, օր, ժամ, վայրկեան, եւլն.:

Յուշատետրը այն միջոցներէն մէկն է որ ժամանակի այդ դասաւորումը առաւել եւս կ'իմաստաւորէ հոգեւոր, ազգային, մշակութային արժէքներու, դէմքերու, դէպքերու յուշարարութեամբ:

Այդ իմաստաւորեալ դասաւորումին համաձայն իր կեանքն ապրիլ գիտցող մարդը ալ չի տարուիւր ըսելու «ժամանակ չունիմ»: Եթէ գիտնայ իր ժամանակը դասաւորել եւ ըստ այնմ իր ընելիքները ճշդորոշել եւ ուղղել` կը յաջողի ժամանակը վերածել այնպիսի միջոցի մը, որով անցաւորը նուաճող արժէքներով կը լեցնէ իր կեանքը: Այն ատեն ժամանակը իր կողմէ ունեցուած կ'ըլլայ եւ ոչ թէ ինք` մարդը, «սահող անցնող» ժամանակէն տիրապետուած եւ անոր հետ նոյնացած: Ժամանակը վատնողն է որ «ժամանակ չունի». եւ պէտք չէ մոռնալ որ ժամանակը վատնողը ի վերջոյ ինք կը վատնուի ժամանակին...

Մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերէն եւ մեծ խորհողներէն Գրիգոր Տաթեւացիի բառերով կը փակենք սա բացման խօսքը.-

«Ոչինչ աւելի պատուական է քան ժամանակը... ատոր համար կեանքի ժամանակը պէտք է բարքիով լեցնել, որովհետեւ անցնող ժամանակը ոչ ոք կրնայ վերստին ստանալ»:

Հետեւաբար, օգտագործեցէք այս Յուշատետրը ժամանակի բարի գործերով լեցնելու համար ձեր կեանքը իր անհատական, ընտանեկան, ընկերային եւ ազգային-եկեղեցական երեսներուն վրայ, հաւասարապէս:

1982-ի սեմին ձեր բոլորին կը մաղթենք վերանորոգ կենսունակութիւն, ոյժ եւ կորով որպէսզի այլեւս երբեք չըսէք`

«Ժամանակ չունիմ...»

1982

Link to post
Share on other sites

«ՕՐԸ ԼՈՅՍԻ ԱՆՁՐԵՒ Է ԻՄ ՄԷՋ»

Իր կեանքի օրերը հայութեան կեանքին դարաւոր կշռոյթովը եւ գրականութեան հրայրքովը ապրած մեծ գրագէտին` Յակոբ Օշականի այս խորախորհուրդ մտածումով կը բանանք այս տարուան Յուշատետրը:

Օրե՜ր...

Մեր կեանքի ժամանակային տեւողութեան վրայ գծուած հանգրուաններ: 365 անգամ պիտի նայինք այս տետրին. ի՞նչ պիտի բացուի մեր տեսողութեան դիմաց ամէն անգամ, որ մեր աչքերը սեւեռուին մէկ հանգուանին վրայ:

24 ժամե՞ր...

Բայց անոնք մերը չեն եւ հազիւ հանդիպած մեզի` կը փախչին մեզմէ ու կը դառնան անվերադարձ ստուեր ժամանակ կոչուած անհունութեան մէջ անյայտանալով:

24 ժամերու մէջ` բանե՞ր...

Բայց` ի՞նչ բաներ:

-Ապրումներ, մտածումներ, արարքներ, ինքնաբերման եւ ինքնակերտման գործեր, անանձնական եւ անդրանձնական սպասաւորութիւններ` ուրիշինվ այելքին եւ բարիքին համար:

Եւ այն ատեն օրը «լոյսի անձրեւ» կը դառնայ իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ, եւ ոչ թէ փախչող ստուեր` որ կայ ու չկայ...:

Ժամանակ եւ մարդ:

Ինչպէ՞ս կ'ըմբռնենք այս յարաբերութիւնը:

Իմաստութեամբ առլցուն սա խօսքը թող ըլլայ ցուցանիշը ճշմարտութեան` այս յարաբերութեան մարզին մէջ.-

«Ժամանակը յամրընթաց է անոնց համար,

որոնք կը սպասեն.

Շատ արագ է անոնց համար,

որոնք կը վախնան.

Խիստ երկար է անոնց համար,

որոնք կը տառապին,

Խիստ կարճ է անոնց համար,

որոնք կը զուարճանան.

Բայց` անոնց համար որոնք ԿԸ ՍԻՐԵՆ`

ժամանակը յաւերժութիւն է»:

Ո՞ւր եմ ես այս դասակարգումին մէջ:

Թող ամէն ոք այս յուշատետրին մէջէն ինք իրեն ուղղէ այս հարցումը:

Իմ միակ ըսելիքս այն է որ օր պիտի ըլլայ ձեր կեանքին մէջ երբ պիտի սպասէք, օր` երբ պիտի տառապիք, օր` երբ պիտի զուարճանաք: Բայց ամէն օրուան մէջ պահ մը պիտի ըլլայ ձեր կեանքին մէջ երբ պիտի սիրէք, եւ այդ սիրովը պիտի նուաճէք սպասումի անձկութիւնը, վախի տագնապը, տառապանքի փուշը եւ զուարճութեան պղպջակային խափուսիկութիւնը, որպէսզի անոր մէջէն օրերը «լոյսի անձրեւ» դառնան ձեր անհատական կեանքին մէջ եւ դուք լոյս անձրեւէք ձեր ազգի կեանքի մէջ:

Որովհետեւ բոլոր գործերը, որոնք մնալու իրաւունք ունին, երջանկութեան բարիք կը ցանեն իրենց շուրջ, սիրոյ «անձրեւ»էն կ'առնեն իրենց «կեանք»ը...

1983

Link to post
Share on other sites

ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՆՈՒԱՃԵԼ

Ահա դարձեալ ժամանակի գաղափարին դիմաց կը գտնուինք:

Ամէն մէկ պահը մեր կեանքին` ժամանակին մէջ կ'ապրինք: Ժամանակի մէջէն շարունակաբար կը գոյաւորուինք: Ժամանակի ալիքներուն վրայ կը նաւարկենք: Բայց քիչ անգամ ժամանակին գաղափարը մեզ կը բռնէ իր գնացքին մէջ եւ իր ինքնութեան, իմաստին, արժէքին կշիռը կը դնէ մեր միտքերուն դիմաց եւ ձեռներուն մէջ:

«Նոր Տարի»ն այդ սակաւ առիթներէն մէկն է:

«Տարի մը անցաւ», «հին տարին գնաց», «նոր տարին եկաւ»: Այս եւ նման արտայայտութիւնները որքան ալ ըստ ինքնեան խաբուսիկ ըլլան` գիտակցութեան վաւերական պահ են սակայն մարդ էակի կեանքին մէջ: Անշուշտ, ժամանակին համար «տարի» չկայ: Ոչ ալ «տարի»ին «հին»ը կամ «նոր»ը: Բայց մարդ երբ իր պատկերը կը դիտէ ժամանակի հայելիին մէջ` կը զգայ հինն ու նորը ի՛ր մէջ, միտքը կը սեւեռի ի՛ր կեանքին վրայ. կը փնտռէ ինքզինք եւ ինքզինքին մէջ այն ինչ որ ողջունելի է որպէս երջանկացուցիչ ապրում եւ ափսոսալի` որպէս ինքնավատնում, ինքն-ստուերացում, իղձերու դիմաց` իրագործումներու նահանջ, կարիքներու դիմաց` գոհացումներու պակասութիւն, երազներու դիմաց` յուսախաբութիւն:

Ըսուած է.-

«Չորս բաներ կան, որոնք չեն վերադառնար`

-Ըսուած խօսքը,

-Արձակուած նետը,

-Անցած կեանքը,

-Զանց առնուած պատեհութիւնը»:

Այս օրացոյցին երբ նայիս` մտածէ պահ մը, որ «ըսածդ խօսքերը» այնպես ըլլան, որ քեզի վերադառնան ուրիշին պատճառած երջանկութեան խնդութեամբը. «արձակուած նետը», ձեռքէդ դուրս եկած գործը, մնայ որպէս անանց բարիք քու եւ նմանիդ կեանքին մէջ. «անցուած օրդ» տարրանայ քու մէջ, ապրումներու եւ արարքներու հետքերովը անջինջ, եւ վերջապէս` զանց չընես այն պատեհութիւնները, զորս ժամանակը քեզի կ'ընձեռնէ ներկայով, որպէսզի չունենաս զղջումի խայթը սրտիդ մէջ, այլ ձեռք բերես գոհութեան, լիութեան եւ ճառագայթումի ապրումը կեանքիդ եւ կեանքերուն մէջ հարազատներուդ եւ հարազատներուն հարազատին` Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգին եւ անոնց ծնուցիչ եւ բարեխնամող Աստուծոյ:

1984

Link to post
Share on other sites

ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ԿԱՐԳ

Տիեզերքի սկզբնաստեղծ եւ անյեղլի օրէնքներէն մէկն է կարգը:

Կարգը, դասաւորումը, յարակցումը առարկաներու եւ արարքներու` ամենէն կենսական օրէնքներէն մէկն է ստեղծագործութեան եւ մարդկային կեանքին: Հանեցէք կարգը տիեզերքի նիւթեղէն աշխարհէն. քաոսը կ'ունենաք ձեր առջեւ: Վանեցէք կարգն ու օրէնքը մարդկային կեանքէն. կոյր եւ նոյնիսկ քանդիչ ընթացքի մը կը վերածուի մարդուն հաւաքական ապրումը այս երկրագունդին վրայ:

Կարգը իր որոշադրիչ եւ բարերար տեղն ու դերը ունի ժամանակ կոչուած այն տուեալ իրողութեան մէջ, որ մարդո՛վ կը ստանայ իր իմաստը, գոյնը եւ որակը: Մարդուն արժանիքին կազմիչ հիմնական տուեալներէն մէկն ալ իր վերաբերումն է իրեն տրուած ժամանակին հետ:

Ժամանակին հետ մարդու վերաբերումին ամենէն արդիւնալից եղանակներէն մէկը – եւ հիմնականը – դասաւորեալ ձեւով զայն օգտագործելն է: Մարդկութեան կողմէ ժամանակի վրայ հանգրուանած ժամերը պէտք է դասաւորել աշխատանքի, հանգիստի, եւ ժամանցի բաժանումներով, ասոնցմէ առաջինին տալով առաջնահերթութեան դիրք:

Մարդը կենդանիէն զատորոշող գլխաւորագոյն յատկանիշներէն մէկը իմաստաւոր եւ ծրագրեալ աշխատանքն է, լծակը` մարդու զարգացման, գրաւականը` մարդու երջանկութեան:

Զարգացեալ ժողովուրդներու առօրեայ կեանքի բարքերուն եւ սովորութիւններուն մէջ ժամերու յարգանքը կարեւորագոյն առաքինութիւններէն մէկն է: Միջին Արեւելքի մէջ առհասարակ ժամանակը ծրագրեալ ձեւով արժեւորելու գիտակցութիւնը ‘շատ նօսր է: Եւրոպական եւ ընդհանրապէս Արեւմտեան կենցաղի եւ մշակոյթի բարացուցիչ տարրերէն մէկը ժամանակը լեցնելն է աշխատանքի ժամանակացուցային կարգաւորեալ ըմբռնումով եւ օգտագործումով:

Եկէք բացուող այս տարուան մէջ վերամտածենք մեր վերաբերումին մասին` հանդէպ ժամանակին: Ժամանակի եւ կարգի գաղափարները ներդաշնակել գիտնանք: Որովհետեւ, կը հաւատամ, այդ ներդաշնակութիւնը աւելի լեցուն բովանդակութիւն պիտի բերէ մեր կեանքին եւ քիչ մ’աւելի երջանկութիւն` մեզի…:

1985

Link to post
Share on other sites

ՀՐԱՒԷՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ

(ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԱՄԵԱԿԷՆ ԵՏՔ…)

1985-ը անցաւ:

Հայ ժողովուրդի զաւակներու կեանքերուն մէջ ան թողուց կենսալի հետքը հայ մարդու նո՛ր զգացումներուն, նո՛ր ըմբռնումներուն, նո՛ր տրամադրութիւններուն, նո՛ր մեկնաբանութիւններուն եւ նո՛ր հեռանկարներուն` յարաբերաբար մեծ Եղեռնին` Հայկական Ցեղասպանութեան, Եօթանասունամեակի համազգային եւ աշխարհատարած ոգեկոչումի այնքան առատ ջրտուքէն ետք:

Ահա կը բացուի 1986-ը:

Ի՞նչ ձեւով եւ ի՞նչ չափով 1985-ին վառուած գոյները պիտի արտացոլան 1986 թիւով կնքուած 365 օրերուն վրայ: Խմորելու զօրութեամբ ոյժ եւ նկարագիր ունեցող տարի մը եղաւ անցնող տարին: Ներկայ տարուան մէջ մեր կեանքը խմորուած պիտի մնա՞ր անոր ներգործութեան ոյժովը:

Կը հաւատամ, որ անպայման 1986-ը, եւ նոյնիսկ անոր յաջորդող տարիները, պիտի կրեն դրոշմը 1985-ին: Ես այդ կնիքը կը տեսնեմ գէթ երեք գիծերով կերպաւոր.

ա. Զոհողութեան կամքին պրկումը.

Ամենէն դժուար բայց ամենէն պատուաբեր ու ճշմարտօրէն աստուածային եւ վաւերականօրէն մարդկային առաքինութիւն մը` Յիսուսի խաչով նուիրագործուած, սուրբերու նահատակութեամբ ճշմարտւած, հերոսներու արեամբ գունաւորուած: Պիտի կըրնա՞նք մեր ապրումներուն եւ արարքներուն մէջ քիչ մ’աւելի համայնութիւն եւ քիչ մը նուազ անձնակենտրոնութիւն եւ անհատապաշտութիւն դնել: Եթէ հաւատարիմ ենք Քրիստոսի եւ մեր նահատակներուն` անպայմա՛ն: Անով մեր եկեղեցին ու ազգը պիտի շահին եւ մեր անհատին սահմանուած ժամանակը եկեղեցիին ու ազգին յաւերժութեամբը պիտի փոխարինվի:

բ. Յանձնառութեան հոգիին փթթումը.

Ամէն մէկ հայ, ո՛ւր ալ ըլլայ, ի՛նչ ալ ըլլայ` հարկ է որ ազգի համայնական կեանքին մասնակցի, պատասխանատուութիւն ստանձնելու քաջութիւնը ունենայ: Անտարբերութիւնը, անհետաքրքրութիւնը մեզ կ’ընդարմացնէ, կ’օտարացնէ մեր ինքնութենէն, կը զրկէ համայնական գոյութեան բարիքէն: Մասնակցութիւ՛նն է որ մեր անհատները կը շաղախէ ընդհանուրին, ամբողջին հետ: Ատով «շահած» կ'ըլլանք ժամանակը, որովհետեւ ընդհանրական կեանքը աւելի բարձր է, գեղեցիկ եւ տեւական` քան անհատականը, որքան ալ յաջող ու բեղմնալից ըլլայ այս վերջինը:

գ. Արժէքներու գնահատման բիւրեղացումը.

Նիւթապաշտական արժէքներով ու կենցաղակերպով յատկանշուած այս դարուն, արժէքներու խաթարման կամ գունաթափման վտանգը կ'ապրինք ամենուրեք: Մեր նահատակներու սուրբ արիւնը թող լուայ այս տարի մեր աչքերը, որպէսզի կարենանք յստակօրէն տեսնել թէ ո՞րն է իսկական մարդկային եւ ազգային արժէքը եւ ո՞րն է այս օրերուն գրաւիչ շպար հագած եւ ըստ էութեան խաբուսիկ արժէքը: Ալ կարծես մեր ժողովուրդի կարգ մը խաւերը չափի ու չափանիշի «չափը անցած են» - գործածելու համար ժողովրդական ասութիւնը: Ինչպէ՞ս հաշտուիւլ այն տեսարաններուն հետ ուր վաղացանուկը, քմահաճութիւնը իրենց տիրապետութեան տակ ընկճած են ու խեղդած` ճշմարիտը, մնայունը, երջանկութիւնը, մէկ խօսքով` հոգեկան անկորնչելի արժէքները:

Եօթանասունամեակէն ետք, ե՛տ-դարձ դէպի վաւերական արժէքները, որոնք մեր պատմութիւնը կերտեցին եւ մեր յաւերժութեան ուղիները հարթեցին:

Ա՛յս պէտք է ըլլայ նշանաբանը 1986-ին, որպէս Եօթանասունամեակէն ճառագայթող լոյսի շող եւ ուղեցոյց մեր կեանքին...

1986

Link to post
Share on other sites

ԿԵԱՆՔԸ ԱՊՐԻԼ Ի ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆԴ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Աստուծոյ կամքով, 1987 տարին հոգեւոր եւ ազգային հասկացողութեամբ ապրուած մեր կեանքին մէջ որպէս բարձրակէտ պիտի ունենայ յառաջիկա Յունիսի 7-ին, Հոգեգալստեան Տօնին ներշնչող խորհուրդին մէջ կատարուելիք ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՐՔԻ արարողութիւնը:

Տարուան այս առաջին իսկ օրէն կը փափաքիմ, կը սպասեմ եւ կը յորդորեմ, որ այս տարին ըլլայ այնպիսի ժամանակաշրջան, մը, որուն ընթացքին բոլորս, անխտիր, մեր կեանքը կարենանք ապրիլ առաւել եւս սերտացող հաղորդութեամբ ընդ Աստուծոյ եւ հաւատարիմ ու հարազատ անձնացումովը հայութեան ամենէն ընտիր եւ շեշտօրէն բնատիպ ապրումներուն:

Ս.Միւռոնը խորհրդանիշն է աստուածայինին ներկայութեան մեր մէջ, Ս.Հոգւոյն ներգործութեամբը: Սուրբ է Միւռոնը եւ` սրբարար; Հայ մանուկը անո՛վ կը կնքուի, հայ եկեղեցուոյ պաշտօնեան – քահանայ, եպիսկոպոս թէ կաթողիկոս – անո՛վ կ'օծուի եւ անոր դրոշմով հրաժեշտ կ'առնէ այս աշխարհէն: Հայաստանեաց բոլոր եկեղեցիները իրենց նիւթեղէն շինուածքին վրայ կը կրեն անոր սուրբ իւղին պայծառափայլ շողը: Ս.Միւռոնը Աստուծոյ շնորհին ճառագայթումն է մեր հաւատացեալներու կեանքին մէջ: Ծիածան` ընդմէջ երկնի եւ երկրի, Աստուծոյ եւ հայ մարդուն:

Հայ ժողովուրդի աւանդութեան մէջ, Ս.Միւռոնը եղած է եւ կը մնայ նաեւ քրիստօնէատիպ հայութեան արտայայտիչ ամենէն հարազատ եւ ինքնադրոծմ սրբութիւնը: Միւռոնով օծուիլը ոչ միայն Ս.Հոգւով ներթափանցուիլ կը նշանակէ, այլ նաեւ` Հայութեամբ ինքնանալ:

* * *

Ներկայ ժամանակներուն, մարդկութեան կեանքը այնքան սկսած է աշխարհով տաքնալ, նիւթային տարրերով խեղդուիլ, երկրաւոր երեւոյթներով նուաճուիլ, որ աստուածայինին հանդէպ ալ սկսած է ցրտանալ, հոգեղէնին հանդէպ` ընդարմանալ, երկնայինէն հեռանալ...: Եւ, չմոռանանք, հայութեան կեանքն ալ անոր մէջ բնականօրէն սկսած է առնել գոյնը այդ օտարացման...:

Բայց հասած է ժամանակը որ սլաքը ետ դառնայ եւ մարդուն ու հայուն մէջ ստեղծուի այն եզական ներդաշնակութիւնը, որով մարդը ճշմարտօրէն մարդ կը դառնայ եւ հայը վաւերականօրէն հայ կը մնայ: Ծարաւը այս առողջարար հաւասարակշռութեան` արդէն իսկ կը զգացուի ամէն տեղ: Նշանները այս համադրութեան վերականգնումին կը տեսնուին աշխարհի չորս ծագերուն:

Այս հրամայականին տակ, եկէք 1987-ի օրերը այնպէս ապրինք, որ աստուածայինին ներգործութիւնը մեր մէջ օրէ օր աւելի լայն ու խոր տարածք գտնէ, եւ մենք կարենանք գտնել իսկական ճամբան երջանկութեան» Եւ անպայման կը գտնե՛նք այդ ճամբան, նոյնիսկ տագնապին ու տառապանքին մէջ, եթէ գիտնանք թարմացնել Ս.Միւռոնը մեր ճակատներուն վրայ եւ զգալ ու զգացընել անոր սրբարար շարժումը մեր հոգիներուն եւ կեանքի անդաստաններուն մէջ:

Կը հրաւիրեմ ձեզ Ս.Միւռոնօրհներգութեան այս տարւոյն, թելադրելով որ նորոգէք ձեր կեանքը Աստուծոյ եւ հայութեան ապրումները տարածելով ձեր առօրեայ կենցաղին մէջ եւ, միանալով ինձի, աղօթէք Նարեկացիի սրբացնող բառերով.

«Օրհնէ՛ մեզ, Տէ՜ր,

Այս սուրբ իւղով.

.............................

Տո՛ւր քաւութիւն,

Պարգեւէ՛ բժշկութիւն,

Առատաձեռնէ՛ երջանկութիւն

Երկնատեղաց լոյսի պէս....»:

1987

Link to post
Share on other sites

«ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՕԳՆԷ, ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ...»

Այս տարուան խօսքս կը բանամ իմաստութեամբ թրծուն բառերովը Զարեհ Ա. անմահանուն Կաթողիկոսին, որուն կեանքի ժամանակը այնքան վաղաժամ ձեւով վերջ գտաւ ասկէ քսանըհինգ տարիներ առաջ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Համակ սէր ու բարութիւն, ողջախոհութիւն եւ արիւութիւն եղող Վեհափառը, Ամանորեայ իր մէկ պատգամին մէջ կ'ըսեր. «Ամէն մարդ նոր տարուան կը նայի իր հոգեկան ձգտումներուն, տենչանքներուն դիրքէն մեկնելով:

Այս տարուան սեմին, ամէն մարդ իր հոգեկան ձգտումներն ու տենչանքները վերատեսութեան ենթարկելու բնական պարտաւորութեան բերումով` հարկ է որ յստակեցնէ ժամանակն ու կեանքը դիտելու իրեն յատուկ մենակէտը: Տարբեր-տարբեր երկիրներու մէջ, այլազան կացութիւններու եւ պայմաններու տակ ապրող հայեր այլատեսակ մեկնակէտեր կ'ունենան, ինչպէս միշտ ունեցած են: Այստեղ, Լիբանանի մէջ ապրող հայեր, ունենալով հանդերձ իրենց անհատական, մասնակի մեկնակէտերը, ունին հասարակաց, ընդհանուր մեկնակէտ մը, որ արտաքին դժխեմ պայմաններէ թելադրուած ներքին հոգեվիճակի մը վրայ հանգուցուի: Անստուգութեան, անորոշութեան, անձկութեան, անապահովութեան, անհաստատունութեան տարրերով սնած եւ անոնց մտալլկիչ ազդեցութեան տակ առաջացած մեկնակէտն է այդ:

Անցնող տարուան ընթացքին, քաղաքական խռովեալ կացութեան վրայ բարդացած եւ օրէ օր բարդացող տնտեսական, ընկերային ծանրակշիռ տակնուվրայութիւնը առօրեայ կեանքի թանձրական տուեալներու շրջագծին մէջ, տագնապահար անձերու, ընտանիքներու, կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու վերածած է մեզ բոլորս, առաւել կամ նուազ աստիճանով, այս կամ այն ձեւով:

Ինչպէ՞ս մօտենալ ժամանակին եւ կեանքին այսպիսի մեկնակէտէ դիտելով եւ տեսնելով զմեզ եւ մեր նմանները:

Երկու հիմնական մօտեցումներու ընտրանքի մը առջեւ կը գտնուինք.-

ա) Ողբալ կացութիւնը, տրտնջալ տիրող պայմաններու մասին, շարունակ խօսիլ եւ անդադար խօսակցիլ անոնց մասին եւ սպասել անոնց փարատումը եւ զայն ակնկալել ուրիշներէ, պետական կառոյցներէն կամ ազգային պատասխանատու շրջանակներէն:

բ) Ջանալ իրողապաշտօրէն դիմակալել ստեղծուած տագնապալի վիճակները եւ զանոնք դարմանելու, չէզոքացնելու եւ նուազեցնելու առաջադրութեամբ` անձնապէս եւ հաւաքաբար լծուիլ գործնական աշխատանքի, ճշմարիտ մարդու, իրաւ հայու յատուկ կեցուածքով:

Կարեւորը, Զարեհ Վեհափառի հայեցողութեամբ, յստակեցնելն է մեր «հոգեկան ձգտումներն ու տենչանքները»: Այդ ձգտումն ու տենչանքը չեն կրնար ըլլալ ընկճուելու, յուսահատելու եւ քայքայուելու տրամադրութիւնները, որոնք տագնապին կու տան մահացուցիչ զօրութիւն: Կարելի չէ եղէգ ըլլալ երբ կրակ է մեր չորս դին... Հարկ է մնալ մշտականաչ եւ հաստաբուն կաղնի...: Ամերիկեան ժողովրդական իմաստութեան առածը կ'ըսէ. «When you cannot solve a problem you have to learn how to live with it» («Երբ չես կրնար հարց մը լուծել, հարկ է որ սորվիս ապրիլ անոր յարաբերաբար»):

Այս օրերուն, մեր ձեռքը չէ թնճուկացեալ տագնապը լուծելու կարողութիւնը: Հարկ է իմաստուն, արթուն, շրջահայեաց եւ քաջ ըլլալ անոր հետ վերաբերելու համար, գտնելով այնպիսի ձեւեր, որոնք կարենան նուազեցնել ու բթացնել անոր սրութիւնը: Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր պէտք է ըլլալ դրապաշտ եւ գործապաշտ: Ոյժ տալ, թափ տալ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ: Աշխատա՛նքն է որ կը մեղմէ ցաւը, թէ՛ հոգեբանական եւ թէ՛ գործնական գետիններու վրայ:

Կը յիշեմ, մեր հայրերն ու մայրերը երբ այստեղ եկան հայրենի մեր աշխարհէն, ցեղասպանութեան մտրակէն հալածուած, մահուան մռայլ տեսլիքը իրենց աչքերուն մէջ, չմուրացին, ձեռք չերկարեցին. ձեռք գործածեցին, միտք աշխատցուցին եւ իրենց կեանքը շահեցան իրենց «հալալ» վաստակով: Մենք ուրիշ ճանապարհ չունինք: Գօտիները կապել, պարզութիւնը ընտրել, ժուժկալութիւնը ոգեդրել, շռայլութիւնը վանել, հարկին, գետին մաքրել, լուածք ընել, պարտէզ մշակել, գործաւոր դառնալ, եւ բարձրին ձգտելով` արդիական գիտութեանց եւ թեքնիքի բոլոր միջոցները օգտագործելով մե՛ր ձեռքերով, մե՛ր քրտինքով մեր կեանքը շահելու համար:

Եկէք այս տարի ժամանակը եւ կեանքը դիտելու մեր մեկնակէտը ընտրենք դարերու փորձով ճշմարտուած սա խորիմաստ նշանաբանը.

«ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՕԳՆԷ,

ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ»:

1988

Link to post
Share on other sites

ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ` ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

Ամէն օր կ’ապրինք ժամանակին մէջ: Բայց շատ քիչ օրեր կ'ըլլան ժամանակին հետ: Այսօր, Նոր Տարուան առաջին օրը եւ այս Յուշատետրի առաջին էջով, կ'ուզեմ որ ըլլանք ժամանակին հետ, նստինք զրոյցի մենք մեզի հետ եւ խօսակցինք ժամանակին մասին:

Ջուրի նման կու գայ ու կ'երթայ ան: Օրը կը շոգիանայ, ցերեկը գիշերուան մէջ կը մեռնի եւ առաւօտը գիշերուան գերեզմանէն յարութիւն կ'առնէ: Ջուրը դէպի երկինգ կը շոգիանայ, ամպերուն մէջ կը մեռնի, եւ անձրեւին հետ կը վերածնի ու կը վերադառնայ, դառնալու համար գետ ու գետակ, առու եւ առուակ, աղբիւր եւ հոսանք, լիճ ու ծովակ, ծով ու ովկիանոս...:

Ժամանակի հոսանքին մէջ մե՛նք ենք, մարդ էակներս, որ մեր գիտակցութեան ոյժով կը զգանք հոսանքին հոսանութիւնը...: Մա՛րդն է, նաեւ, որ հոսանութեան եւ անցաւորութեան մէջ կը բռնէ մնայնութիւն մը, ինքզինքէն, իր անանցաւորութեան էաջարբերէն բան մը կը դրոշմէ ժամանակին վրայ եւ կը փրկէ ժամանակը մահուան ճանկերէն ու կը յանձնէ պատմութեան` մարդկութեան կենդանի յիշողութեան:

* * *

Անցաւ 1988-ը:

Անցա՞ւ:

Մնաց Ղարաբաղը... 1988-ը ժամանակի հոսանքէն վեր բռնող այս շարժումը որ մեր հաւաքական «Ես»-ին ինքնիրագործման շքեղ արտայայտութիւնը եղաւ Լեռնային Ղարաբաղէն ծայր տուած, Հայաստան աշխարհի բոլոր արահետներէն քալող, արտասահմանի չորս ծագերուն վրայ տարածուող եւ հայութեան ամէն մէկ զաւակին սիրտն ու միտքը, կամքն ու հոգին միաբռնող եւ ջրդեղող ու պայծառացնող:

Ժամանակը դէպքի պէտք է վերածել, ինչպէս մարդը` դէմքի...:

Այն ատեն միայն ժամանակը կրնանք իր հարազատ եւ ճշմարիտ իմաստին մէջ ապրիլ: Այլապէս, ժամանակը մեզ իր հոսանուտին մէջ կը տանի, ինչպես բոյսն ու մարմինը խոտի եւ փոշիի կը վերածուին...:

* * *

Ահա կը բացուի 1989-ը:

Պիտի անցնի՞:

Պատասխանը մե՛նք պիտի տանք այն 365 օրերու հոսանքին մէջէն, որով բռնուած պիտի ըլլանք: Պիտի կրնա՞նք բռնել ժամանակը թէ միայն պիտի բռնուինք ժամանակէն:

Պիտի ապրինք ժամանակին մէջ:

Սա մեր ճակատագիրն է:

Պիտի կարենա՞նք ապրիլ ժամանակին վեր:

Այդ մեր կոչումն է:

Եկէք, պատուով, մարդու եւ հայո՛ւ պէս, դուրս գանք մեր այս գոյութենական պատաւորութեան մէջէն, թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական, թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ ազգային մակարդակներու վրայ, հաւասարապէս:

1989

Link to post
Share on other sites
  • 3 weeks later...

ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Աշխարհի պատմութեան քրիստոնէական շրջանի երկրորդ հազարամեակի վերջին տասնամեակն է, որ կը բացուի մեր առջեւ այս տարիով` 1990-ով:

Ներկայ ժամանակներուն, մանաւանդ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ասդին, մարդկային լեզուի մէջ ամենէն շատ գործածուած բառերէն մէկն է զարգացում-ը (development): Աշխարհը սրընթաց կը յառաջադիմէ: Հսկայական նուաճումներ կը կատարուին գիտական աշխարհին մէջ. հնարագիտութիւնը (technology) աննախընթաց արագութեամբ եւ աննկարագրելի այլազանութեամբ, անհաշուելի ճիւղաւորումներով, գլխու պտոյտ պատճառող գիւտերով եւ իրագործումներով մարդկային կեանքին մէջ կը ստեղծէ նորանոր, անսպասելի դիւրութիւններ, կենցաղի եւ գործի աներեւակայելի գործնական հնարաւորութիւններ:

Ու մարդիկ կ'ըսեն. «աշխարհը կը զարգանայ». «զարգացման դար է այս դաչը»: Ծնողներ նախանձախնդրաբար կը յայտարարեն. «մեր զաւակները բարձր ուսում պէտք է ստանան, համալսարանական կրթութեան տէր պէտք է ըլլան, որպէսզի կարենան քայլ պահել աշխարհի հետ եւ ապրուստի լաւ պայմաններ ձեռք բերել»:

Զարգացո՜ւմ...

Բայց ա՞յս է ամբողջ պատմութիւնը զարգացում կոչուած բանին: Այս մէկ երեսն է եւ սակայն ո՛չ էական, կարեւոր երեսը: Զարգացումը պէտք է փնտռել ոչ այնքան նիւթական առաւելութիւններու, արտաքին երեւոյթներու շրջագծին մէջ, որքան մարդու կեանքի որակային տարածքին մէջ:

Ընդհանրապէս, սովորական, ժողովրդային, մակերեսային հայեցողութեան մէջ զարգացած ըլլալու հանգամանքը կ'առնչուի կամ կը նոյնացուի այս արտանձնական տուեալներուն եւ երեւոյթներուն հետ: Արեւմտեան կոչուած աշխարհը առհասարակ նկատուած է այս իմաստով զարգացման աղբիւրը: Մանաւանդ Միջին Արեւելքում եւ կամ «Երրորդ Աշխարհ» անունին տակ ճանչցուած ցամաքամասերու (Ծայրագոյն Արեւելք, Ափրիկէ, Հարաւային Ամերիկա) ժողովուրդներ Արեւմուտքին կը նային որպէս մտատիպարի:

Սա անմիջականօրէն տեսանելի կողմն է, առաջին հերթին աչքին հանդիպող երեսը զարգացում երեւոյթին: Բուն զարգացումը, սակայն, մարդու անձին ներքին աշխարհին` հոգեկան, իմացական բարոյական տարածքներուն մէջ ունի իր տեղը: Եթէ մարդ երկրագունդի սահմաններէն անդին` անջրապետ, լուսին կամ այլ մոլորակներ երթալու հնարաւորութիւններ ստեղծէ, կամ նամակ մը այստեղ գրելով եւ նոյն վայրկեանին զայն Ամերիկա հասցնել եւ կարդալ տալով եւ կամ առտու Նիւ Եորք արթննալով, կէսօրին Լոնտոն ճաշելով եւ երեկոյեան Ուաշինկթըն ընթրելով կը խորհի որ զարգացած է, այդ` զարգացման խաբկանքն է միայն, եթէ այդ անձը իր հոգեկան ապրումներուն, ընտանեկան ներքին յարաբերութիւններուն կամ արտաքին ընկերային փոխ-յարաբերութիւններուն մէջ չունի հարկ եղած մարդկային այն վերաբերումի եղանակները եւ հոգեկան առաքինութիւնները, որոնցմէ կախում ունի մեծաւ մասամբ իր երջանկութիւնը:

Այստեղ, Միջին Արեւելքի եւ կամ Լիբանանի մէջ, մենք 1990-ի սեմին կարիքը ունինքն հաւաքաբար մտածելու զարգացում-ի այս իրական, խոր, ճշմարիտ եւ օգուտաբեր ըմբռնումին եւ մեր կեանքին մէջ անոր կիրարկումին մասին:

Այս մարզին մէջ, ամենէն անմիջական եւ ազդու եղանակը` քաղաքացիական դաստիարակութիւնն է, այս բառին լայն իմաստովը: Ընտանիքի, դպրոցի եւ ընկերութեան մէջ դաստիարակութեան ամենէն արժէքաւոր բաժինը մարդու կրթութիւնն է, մարդու կեանքին մէջ աւելի հրամայական կարեւորութեամբ դեր խաղացող, քան ուսումը, գիտութեան ամբարումը:

Լիբանանի տագնապին ամենէն սուր կողմը, ամենէն աղիտաբեր երեսը ես կը նկատեմ քաղաքացիական, հասարակական կեանքի մէջ անհատներու ցուցաբերած ժխտական երեւոյթները: Ո՞ր մէկը թուեմ. պարտականութեան գիտակցութեան նվազո՞ւմը, ժուժկալ ապրելու իմաստութեան անգայտացո՞ւմը, ապահովութեան վիճակին չարաշահո՞ւմը, եսապաշտական եւ անհատակեդրոն մօտեցումով ուրիշին հանդէպ անտարբեր գտնըւելու դառն իրողութի՞ւնը, ժամանակի տնտեսումի ու կարգի յարգումի թուլացո՞ւմը, զեղծումներու, անարդար շահագործումներու աճո՞ւմը, հանրային առողջապահութեան հանդէպ ցաւալի անհոգութի՞ւնը, աւելորդ, անհիմն խօսակցութիւններու, դատարկաբանութեան երեւոյթին զօրեղացո՞ւմը, էական եւ ոչ կարեւոր արժէքներու իրարու հետ շփոթո՞ւմը, առաջիններուն տեղատուութեամբը եւ երկրորդներուն մակընթացութեամբը յատկանշուած:

Իմ ջերմ մաղթանքն է, աղօթքը եւ յորդորը` որ բոլոր պատասխանատու անձերը, ծնողք, ուսուցիչ, եկեղեցական, քաղաքական, համայնքային, կազմակերպական ղեկավար եւ սպասաւոր, բոլո՛ր անձերը, ի՛նչ մակարդակի եւ ի՛նչ շրջանակի մէջ ալ որ ըլլան, հասարակաց եւ ստիպողական հիմնական պարտականութիւն նկատեն հետեւեալ առաքելութիւնը – կազմաւորել նոր սերունդը մարդկային զարգացման առողջ ըմբռնումով, կրթութեան ուժեղացումով, նկարագրի դարբնումով եւ պատասխանատուութեան զգացումի մշակումով:

Հաւատացէ՛ք, շատ բան կը փրկուի մեր կեանքին մէջ, այլապէս քանդիչ այս տագնապի օրերուն:

Զարգացում`

Մարդկային կրթութեամբ:

1990

Link to post
Share on other sites
  • 5 weeks later...

ԶԱՐԹԻՐ ԼԱՕ, ՄԸՌՆԻՄ ՔԸԶԻ

(ՀԻՆ ԵՐԿՐԷՆ ՆՈՐ ՁԱՅՆԵՐ)

1970-ին, միջ-եկեղեցական ժողովի մը մասնակցելէ ետք, Լոնտոնէն Պէյրութ վերադարձի ճամբուն վրայ, օդանաւի մը մէջ պատահական ընթերցումէ մը մեր հոգիին մէջ շառաւիղած ապրումներ` խռովքներ, ընվզումներ եւ խորհրդածութիւններ:

Գլուխս բռնուած է ցուրտէն: Ծանրութիւն մը, կապարանման ճնշումով, նստեր է ուսերուս; Ջիղերս ձմրան ճիւղերուն պէս սառեր էին արդէն: Լոնտոնեան մշուշը սողոսկեր էր կարծես գանկէս ներս...

Օդակայանի պաշտօնեաներ կէս գործադուլի մէջ էին: Օդանաւերը կ'ուշանային: Ճամբորդներ` ջղային, զայրացկոտ, կ'երթեւեկէին սրահին մէջ, որ ինքնին մանրաշխարհն էր մեր այսօրուան աշխարհին եւ մանրանկարը ազգերու մոզայիքին: Միտքս ալ, ճամբորդներուն նման չուարուն, չէր կրնար սեւեռուիլ մտածման մէկ գիծի վրայ: Տարտամ էր պահը եւ ծանրութիւնը աւելի եւս կը ճնշէր վրաս, երբ, ի վերջոյ, բարձրախօսէն հնչող ազդ-յայտարարութիւնը, քայլերս ուղղեց դէպի օդանաւ:

Կոտրտած մարմինս կազիւ հանգչեցուցած օդանաւի աթոռին մէջ, յանկարծ մօտս եկաւ եւ կողքի աթոռին մէջ ուզեց տեղաւորուիլ հսկայակազմ մարդ մը, որուն համար երբեք չէր նախատեսուած աթոռներեն որեւէ մէկը...: Հազիւ կրցաւ նստիլ, այսինքն պարփակուիլ` շարժում չընելու պայմանով: Եւ առաջին իսկ հերթին, մարդը` ինք, իր մարմնին ծանրութեան եւ լայնութեան նման տապակ թուեցաւ աչքերուս:

* * *

Ընթերցումն էր, խորհեցայ, միակ միջոցը գլուխիս վրայ իջած ճնշումը փարատելու: Վերցուցի աթոռին դիմաց զետեղուած թերթերէն մէկը THE ILLUSTRATED LONDON NEWS, որ ամենէն ընտիր պարբերական հրատարակութիւներէն մէկն է Անգլիոյ մամուլին, աւանդութիւն եւ նկարագիր ունեցող ամսաթերթերէն մին, 1842 թուականէն ասդին շարունակաբար լոյս տեսնող եւ առհասարակ ազնուական դասակարգի եւ մտաւորականութեան սահմանւած: Ուսանողութեանս օրերէն ծանօթ էի թերթին, բայց երկար տարիներով կտրուեր էի անկէ: Ինքնաբուխ կարօտով մը բացի զայն եւ յանկարծ աչքերուս դիմաց բացուեցաւ... Հայաստանը որ կը ճառագայթէր կեդրոնի զոյգ էջերուն վրայ:

Արեւմտեա՛ն Հայաստանն էր այդ: Եւ իր լեզուն` աւերակներու անաւերակելի լեզուն, անբառ` բայց պերճախօս: Տպուած բառերէն հոսող ձայները դեռ չէին իջած հոգիիս մէջ, երբ բոլոր լուսապատկերները լեցուեցան աչքերուս մէջ` արեւէն արձակուող ճառագայթներու ուժգնութեամբ եւ լուսափայլութեամբ: Եօթը պատկերներ` եօթը խորհուրդներ անցեալէն շառաւիղող` շնորհներու առատահոսութեամբ սկսան ներթափանցել գիտակցութեանս մէջ եւ այնտեղ հայկական կերպ ու դրոշմ, գոյն ու անուն, շունչ ու մարմին զգենուլ եւ դառնալ... Վարագայ վանք, Ս. Բարթողիմէոսի վանք, Էջմիածնի վանք... Բայց ի՞նչ վանք. վանքէն բեկորներ` դրան երիզներ, մուտքի ճակատներ, կամարներու կապեր, ներքնամասի պատռուած երեսներ, ջարդուած գմբեթնէր...: Վկայութիւններ աւերակներէն` շքեղակերտ փառքերուն մասին...:

Պատկերներուն վրայ, մեծատառ, հաստ ու ջինջ գիրերով բառեր, սուր գամերու պէս, յանկարծ ծակեցին աչքերս եւ մխուեցան ուղեղիս մէջ – ARMENIA'S VANISHING CHURCHES = ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ:

* * *

Յօդուած մըն էր կարդալ փորձածս: Բայց հազիւ սկսած` արդէն տագնապ մըն էր ապրածս:

«ԱՆՀԵՏԱՑՈ՜Ղ...»

Անո՞նք ալ, մեր աչքերուն դիմաց, օր ցերեկով, պիտի քալեն այն ճամբայէն, ուրկէ քալեցին եւ որուն մէջ խորտակւեցան, յաճախ արիւնաներկ, հազարաւորները իրենց քարեղբայրներէն` կառոյցէ դէպի աւերակ, շքեղութենէ դէպի անշքութիւն, աւերակէ դէպի փոշի, լոյսէն դէպի խաւար, կեանքէն դէպի անէութիւն, անյայտութիւն տանող սե՛ւ ճամբայէն, զոր լա՜յն բացին եւ մի՛շտ բաց պահեցին մեր թշնամիները, ե՛ւ անոնց, ե՛ւ զանոնք կերտող ժողովուրդի ճարտարաշէն զաւակներու առջեւ:

Ընդվզումի ալիք մը յանկարծ կը սկսի շարժիլ ներսս, երբ աչքերուս դիմաց, ալ կարծես տժգունող վերնագիր բառերուն հանդիպակաց էջին վրայ կը կարդամ սա տողերը, հարիւրերեսնամեայ այս աւանդապաշտ թերթի ծանրախոհ խմբագրութենէն բանաձեւուած.-

«Արեւելեան Թուրքիոյ շրջանը, Վանայ լիճին շուրջը, սիրտն էր Հայաստանի վաղեմի քրիստոնէական թագաւորութեան: Իր ժամանակին, հարուստ էր անիկա ճարտարապետական մեծ շահեկանութիւն ունեցող եկեղեցիներով եւ վանքերով: Երկար տարիներ այս շրջանը դժուարամատչելի էր: Այժմ ճանապարհորդներ ի յայտ կը բերեն, թէ այս կոթողներէն շատեր աւերակի վիճակին կը մատնուին կամ փաստօրէն կ'անյայտանան քանի քիւրտ գիւղացիներ զանոնք կը գործածեն իբրեւ քարանոց...»:

Robert Hillenbrand իր յօդուածին մէջ կը նկարագրէ այն` ինչ որ մնացեր է այս յուշարձաններու կարեւոր երեքէն,- Վարագայ, Ս.Բարթողիմէոսի եւ Էջմիածնի երբեմնի շքեղ վանքերէն:

Link to post
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

×
×
  • Create New...