Jump to content

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄՈՒԹ ԱՆԿԻՒՆԸ


Recommended Posts

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄՈՒԹ ԱՆԿԻՒՆԸ

Հասկանալի պատճառներով, բայց նաեւ թութակավարի յանկերգով, երբ Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը կ’արծարծուի, անմիջապէս անոր յանցագործութեան եւ Եղեռնին ողջ տարողութիւնը կը բարդենք թուրքերուն վրայ. հետեւողական պնդաճակատութեամբ մեր թիրախը ընտրելով այսօրուան Թուրքիան եւ իր պետական այրերը, կու գանք մեր նահատակներուն արեան գինն ու արժանապատուութիւնը պահանջելու, մեր կորուսեալ իրաւունքներուն ու խլուած հողերուն վերադարձը յիշեցնելու եւ ճոռոմ-ճոռոմ ճառերով թրքական հզօրութեան հետ չափուելու մոռանալով մեր եւ Թուրքիոյ ռազմական ուժին տարբերութիւնը, մեր եւ անոնց քանակին անհամեմատելիութիւնը, Թուրքիոյ դաշնակիցներուն բազմազանութիւնն ու մեր թշնամիներուն շատութիւնը եւ վերջապէս մեր սնանկացած հայրենասիրութիւնն ու թրքական կատաղի աթաթուրքութիւնը:

Բայց, ինչո՞ւ միայն Թուրքիան. Ինչո՞ւ միայն թուրքերը հրաւիրել պատասխանատուութեան եւ զանոնք նկատել հեղինակները ցեղասպանութեան. Արդեօ՞ք թուրքերը միայնակ յղացան, ծրագրեցին ու գործադրեցին ցեղասպանութիւնը. Կրնայի՞ն առանց միջազգային հովանաւորութեան ու գաղտնի ուժերու հաւանութեան նման մեծ ոճիր նախաձեռնել. ահա, որքան կասկածայարոյց, նոյնքան եւ այժմէական հարցադրում՝ ուղղուած մեր պատմութեան:

Եկէք առանց զգացական ցնցումներու թուենք Հայկական ցեղասպանութեան հեղինակները կամ մեղսակիցները, որոնք եթէ գործնապէս մասնակից չեղան Եղեռնին, գէթ իրենց լռութեամբ եւ անտարբերութեամբ լուռ հաւանութիւնը տուին ահաւոր սահմռկեցուցիչ ոճիրին:

Թուրքիոյ կողքին առաջին անգամ կը յատնուի Գերմանիան, որ իր զինւորական ուժով եկաւ մասնակցելու կատարուած սպանդին, նոյնիսկ կազմակերպեգ անոր ընթացքն ու մանրամասնութիւնները: Գերմանական պատասխանատուութիւնը անուրանալի է, քանի այդ օրերուն ան դաշնակիցն էր Օսմանեան Կայսրութեան. անոր սպաներն ու զինուորականները կը վխտային Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին: Ուստի՝ Թուրքիոյ չափ Գերմանիան պէտք է համարել ցեղասպանութեան յանցագործ:

Անգլիան եւս իր կայսերապաշտական քաղաքականութեամբ զօրակից եղաւ թրքական սանձարձակ գործողութեանց: Ան բնաւ տրամադիր չէր իր վաղեմի ու հարազատ թուրք դաշնակիցը վշտացնել հայոց համար. որ երկիրը դարեր ամբողջ թիկունք կանգնելով Օսմանեան Կայսրութեան ոտքի պահեց «Հիւանդ Մարդ» -ը հակառակ անոր մահամերձ վիճակին: Երբ ռուսական զօրքերը կ’ուղղուէին Պոլիս, Անգլիա կը փութար աջակցելու թուրքերուն՝ թումբ կանգնելու համար ծաւալող ռուսական հզօր ուժին դիմաց: Հետեւաբար, Անգլիոյ դերը չենք կրնար նսեմացնել, թէեւ հիմա ան խոյս կու տայ նման պատասխանատուութենէն:

Ֆրանսա ևս կը համարուի մեղսակիցներու շարքին. մանաւանդ, Կիլիկիոյ յանձնումին եւ Կիլիկիոյ հայութեան անխնայ կոտորածին մեղքին մէջ իր բաժինը ունի ՙասպետական այս սեւ սատանան՚, որ նախընտրեց դաշնակցիլ Թուրքիոյ հետ եւ զոհասեղանին մատուցեց հայն ու Կիլիկիան, հայու արիւնն ու մեր պատմական հողերը:

Վերոյիշեալ երեք մեծ պետութիւններու կողքին կան նաեւ փոքրիկ գործիքներ ցեղասպանական ոճիրին կատարելագործման մէջ. թուրքը առանձին պիտի չյաջողէր ողջ կայսրութեան տարածքին գտնուող հայ տարրը բնաջնջել, եթէ իրեն նեցուկ եւ գործակից չըլլար քիւրտը: Հսկայական արիւնարբու աշխատանքների լրումին պիտի չհասնէր, եթե քիւրտեր աշխոյժ եւ սիրայօժար չնետւէին այդ գործին մէջ, որմէ օգտուեցան կողոպուտով, թալանով, հողերու իւրացումներով, կանանց բռնաբարումներով, մարդասպանութեան տարբերակներուն մէջ հմտութիւն ձեռք ձգելով: Շատ մը շրջաններ ու բազմաթիւ գերդաստաններ ուղղակի զոհերը դարձան քրտական խժդժութեանց եւ միջնադարեան վայրագութեանց:

Թուրքերու կողքին չմոռանանք քիւրտերը. հաւանաբար, եթե քիւրտեր նեցուկ չըլլային ամենայն պատրաստակամութեամբ, թրքական գործը կա’մ պիտի չյաջողէր եւ կամ մասամբ պիտի յաջողէր: Այս տիպի ոճրագործներու շարքին են նաեւ չէչէններն ու չէթէները, որոնք Եղեռնի օրերուն փորձեցին մասնակցիլ կեղեքումի եւ սեռային կիրքերու յագեցման համար առաւելապէս:

Սակայն, որոնք են իսկական պատասխանատուները Հայկական Ցեղասպանութեան. ահա հայոց պատմութեան մութ անկիւնը, որուն ոչ ոք կը ցանկանայ մօտենալ. ինչու թուրքը միայն մեղադրել, եթէ մութ անկեան մէջ պահուըտած է այլ ճիւաղ մը Մասոնութիւնը. ըստ իս, թուրքէ առաջ մասոնները պէտք է հրաւիրել պատասխանատուութեան:

Նախ, որոնց օրով եղաւ Եղեռնը. իթթիհատականներուն. անոնք հրեայ ծագումով թուրքի տարազ հագած մասոններ էին եկած Սելանիկ քաղաքէն, յեղաշրջումով զաւթած օսմանեան իշխանութիւնը, իրենց արարքներով շատ աւելի վնասեցին Օսմանեան Կայսրութեան քան հայոց. անոնք աւելի ծառայեցին հրէական ծրագիրներուն կործանման պատճառ դառնալով Օսմանեան Կայսրութեան եւ չէզոքացնելով հայ տարրը Թուրքիոյ մէջ. գաղտնիք չէ այն կապը, որ գոյութիւն ունի Մասոնութիւն - Հայկական Ցեղասպանութիւն շղթային միջեւ. փաստեր չեն պակսիր, բայց խօսողներ ու գրողներ կը պակսին, չունին յանդգնութիւնը բացայայտելու մասոնութեան դերը հայոց ջարդերուն մէջ. որովհետեւ, անոնք իրենց հերթին մասոններ են կամ մասոնութեան ցանցին մէջ պրկուած, թակարդուած, ըլլայ բարեկամական թէ խնամիական կապերով:

Դժբախտաբար, ահայ պատմագրութիւնն անգամ ժլատ է այս հարցի լուսաբանման ուղղութեամբ, կարծէք աներեւոյթ կարմիր գիծ է քաշուած այդ հարցին չմօտենալու, զգուշանալու. ահա թէ ինչու մութ անկիւն մը կայ հայոց պատմութեան մէջ:

Ասկէ մի քանի տարի առաջ, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին, կազմակերպուած Արարատեան սրահին մէջ, օրուան բանախօսներէն ծանօթ պատմաբան ու իրաւագէտ, Հայկական Ցեղասպանագիտութեան մեծ մասնագէտ ու ցեղասպանագէտ, հատորներու հեղինակ եւ իր կարգին փայլուն մասոն հանգուցեալ Մուսա Փրենս ուշադրութեան եւ ուսումնասիրութեան արժանի երեւոյթ մը կարեւորեց, ըսելով, որ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ պէտք չէ անտեսել Յունաստանի Սելանիկ քաղաքը. Սելանիկ նաեւ ամրոցն էր մասոնութեան. հետեւաբար, հայոց պատմութեան մութ անկիւնին մէջ թուրքէ աւելի մեծ ոճրագործ մը ծուարած է, որն է մասոնութիւնը:

Լսենք նաեւ մասոնի մը վկայութիւնը, չըսուելու համար որ այս յօդուածը կը նմանի բամբասանքի.

Մասոնական «Արմէն» թիւ 28 օթեակի մատենաշարի Ե. գրքոյկը կը կոչուի «ՈՒՂԵԳԻՐ ԴԷՊԻ ՄԱՍՈՆՈՒԹԻՒՆ» ( Պէյրութ 1995 ). հոն էջ 52-ին մէջ կը գրուի. «Եւ վերջապէս Ազատ Որմնադրութեան ( իմա’ մասոնութեան - Ա. Ռ. ) պատմութեան մէջ տակաւին անպատիժ մնացած աննախընթաց տարողութեամբ ոճիրի մը արձանագրութիւնը բաց կը մնայ մեզի համար: Կարելի չէ ուրանալ թէ Ազատ Որմնադիրներ էին Հայկական Ցեղասպանութեան հեղինակները»: Ապրի’ք մասոններ, դուք ձեր ոճիրը ճանչնալու քաջութիւնը ունիք եղեր, բայց ո՞վ եւ ե՞րբ ձեզի պիտի հրաւիրէ պատասխանատուութեան. Ե՞րբ հայոց պատմութեան մութ անկիւնին լուսաւորումով թուրքէ առաջ հայ մասոնները պիտի հրաւիրուին դատարան: Մեզի ծանօթ հայ մասոնները ամչնալու երես պիտի ունենան արդեօ՞ք՝ ըլլան անոնք հայրապետ թէ կուսակցապետ, խմբագրապետ թէ վարդապետ, թաղապետ թէ վարժապետ:

Ինձի համար մնացած է անհասկանալի, թէ ինչպէս հայ մարդը կլծուի մասոնական հայասպան կառքին, երբ այդ կազմակերպութիւնն է հեղինակը մեր մեծ հայրերուն եւ մայրերուն սպանութեանց, մեր հայրենիքին կորըստեան. եւ աւելին, անըմբռնելի հարց մը կը չարչրկէ զիս, թէ ինչպէս նման ոճիրի մը հեղինակները կը մնան հայոց պատմութեան մութ անկիւնին մէջ՝ նոր աղէտներ որոճալով մեր ժողովուրդի գլխուն. իսկ կոկորդը չպատռե՞նք այն մասոններուն, որոնք կը խօսին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, խորանէն կ’արտասանեն ճառեր պոռոտ-պոռոտ եւ նոյնիսկ հայրենասիրութիւն կը քարոզեն աջ ու ահեակ. անոնց պիտի ըսել դուք էք ոճրագործները մասոննե՛ր. թուրքէ առաջ դու՛ք պէտք է պատժուիք, քանզի գիտակցաբար մտած էք այդ հայասպան շարժումին մէջ:

Հայոց պատմութեան մութ անկիւնի բնակիչներ, ամօ՛թ ձեզ:

Գրեց՝ Աւետիս Ռազմիկ

Link to post
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

×
×
  • Create New...