Jump to content

ՋԲՐԱՆ ԽԱԼԻՍԼ ՋԲՐԱՆ


Recommended Posts

«ՄԱՐԳԱՐէՆ» ՊՕԷՄԻՑ ՀԱՏՎԱԾ

AZG Daily Culture # 007, 07-04-2007

http://culture.azg.am?lang=AR&num=2007040703

ՋԲՐԱՆ ԽԱԼԻՍԼ ՋԲՐԱՆ

թարգ. ՎԱՀԵ ՎԱՀՅԱՆ

Էլմուսթաֆան, ընտրեալն ու սիրելին,

որ արշալոյսն էր իր ծագած օրին,

սպասեր էր հոն, Օրֆալիզի մէջ տասներկու տարի,

որ վերադառնար իր նաւն ու տանէր զինք ծնած կղզին:

Տասներկրորդ տարին, օրը եօթներորդ

ճիշդ Սեպտեմբերի, հունձքի ամսին,

ելաւ քաղաքին պարիսպներէն դուրս, բլուրին վրայ,

նայուածքն իր ուղղեց ծովուն ու տեսաւ

մշուշին մէջէն գալուստն իր նաւին:

Եւ այն ժամանակ, դուռերը սիրտին բացուեցան հոն լայն,

եւ հրճըւանքն իր թեւածեց դէպի բացերը ծովուն:

Աչքերը փակեց եւ իր հոգիին

լռութեանը մէջ սկսաւ աղօթել...:

Բայց երբոր կ՛իջնէր ինք բլուրն ի վար,

թախիծ մը եկաւ պաշարեց հոգին,

ու մտածեց ինք սիրտին խորերէն.

«Ինչպէ՜ս պիտի ես կարենամ մեկնիլ

ասկէ անխռով, առանց կսկիծի:

Ո՛չ, այս քաղաքէն պիտի չկրնամ բաժնուիլ երբեք,

առանց կրելու վէրք մը հոգւոյս մէջ:

«Երկար տեւեցին երկունքի օրերս իր պատերէն ներս,

ու երկար եղան գիշերներն այստեղ իմ առանձնութեանս:

Եւ ո՜վ կարենար պիտի բաժնուիլ

իր տառապանքէն ու մենութենէն՝ առանց մորմոքի:

«Հոգիի անթիւ մասնիկներ եմ ես

ցրուած այստեղի փողոցներուն մէջ.

եւ անհամար են իմ կարօտներուս

զաւակներն, որոնք այս բլուրներուն

միջեւ կը շրջին մերկ մարմիններով,

ու չեմ կրնար ես զատուիլ իրենցմէ՝

առանց ծանրածանր բեռի, կսկիծի:

«Կը խնդրենք սակայն, որ խօսիս մեզի մեկնումէդ առաջ

եւ հաղորդակից դարձնես դուն մեզ քու ճշմարտութեանդ:

«Կը փոխանցենք զայն մեր զաւակներուն,

եւ անոնք՝ իրե՛նց, ու չի կորսուիր ան:

«Առանձնութեանդ մէջ, պահակն ես եղած մեր ցերեկներուն,

ու պահերուդ մէջ աննինջ հսկումի՝

մտիկ ես ըրած մեր քուն ժամերու լացին ու խինդին:

«Հիմա, ուրեմն, բացատրէ՜ մեզի էութիւնը մեր,

խօսէ՜՝ ծնունդի ու մահուան միջեւ

ինկնող այն բոլոր բաներէն, որոնք յայտնուած են քեզի:»

Պատասխանեց ինք՝ ըսելով այսպէս.

«Ով բնակիչնե՛ր դուք Օրֆալիզի,

ի՞նչ բանի մասին կրնամ խօսիլ ես՝

բացի անոնցմէ որ այս րոպէին

կը խլրտին ձեր հոգիներուն մէջ:»

Ամուսնութեան մասին

«Աշխարհ էք եկած դուք միասնաբար

ու պիտի մնաք միասին յաւէտ:

«Պիտի միասին ըլլաք երբ մահուան

թեւերն սպիտակ՝ ձեր կեանքի օրերն ընեն ցիրուցան:

«Պիտի միասին ըլլաք դուք, այո՛,

լուռ յիշողութեան մէջ իսկ Աստուծոյ:

«Բայց թող գտնուին ձեր միասնութեան մէջ բաց միջոցներ,

«Ու թող ձեր միջեւ կարենան պարել հովերն երկինքի:

«Սիրեցէք զիրար, բայց մի՛ վերածէք սէրը կապանքի.

«Թող նախընտրաբար ըլլայ անիկա

ծով մը յարաշարժ՝ ափերուն միջեւ ձեր հոգիներուն:

«Բաժակ լեցուցէք մէկդ միւսին, բայց

նոյն բաժակէն մի՛ փորձուիք խմել:

«Ձեր հացէն բաժին տուէք իրարու,

բայց մի՛ ուտէք դուք նոյն նկանակէն:

«Երգի ու պարի ելէք միատեղ,

բայց իւրաքանչիւրդ թող մնայ անջատ,

«Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս լարերը վինին

կը մնան անջատ,

կը թրթռան թէեւ նոյն եղանակով»:

Զաւակի մասին

«Ծնունդները ձեր... չե՛ն ձեր զաւակներն,

այլ՝ տղաքն անոնք եւ աղջիկներն են այն կարօտին զոր

Կեանքը կը տածէ ինքնիրեն հանդէպ:

«Կու գան ձեր մէջէն, սակայն ո՛չ ձեզմէ:

«Թէեւ ձեզի հետ՝ բայց չեն պատկանիր

անոնք ձեր անձին:

«Կրնաք տալ իրենց սէր ու գուրգուրանք,

բայց ո՛չ մտածում,

«Զի ունին անոնք իրենց խոհն ուրոյն:

«Կրնաք տալ դուք տո՛ւն անոնց մարմինի՛ն, բայց ո՛չ հոգիին,

«Զի կը բնակին հոգիներն անոնց՝

տունին մէջ վաղուան, զոր այցելել դուք

չէք կրնար նոյնիսկ ձեր երազներով:

«Կրնաք ջանալ որ նմանիք անոնց,

բնայց զանոնք ձեզի դարձնել նման՝

մի՛ ձգտիք երբեք,

«Քանզի չ՛ընթանար կեանքը դէպի ետ,

ու ոչ ալ երկար

կ՛ուզէ յամենալ ան երէկին մօտ»:

Տալու մասին

«Տուած կ՛ըլլաք դուք շատ քիչ բան` երբ տաք

ձեր ստացուածքէն:

«Ձեր անձէ՛ն տալով միայն կ՛ըլլաք դուք

ի՛սկապէս տուած:

«Վասնզի, ի՞նչ են ձեր ստացուածքներն,

եթէ ոչ բաներ,

զորս կը պահէք ու կը պահպանէք,

վախով թէ կրնաք վաղը դուք` կարիք

ունենալ անոնց:

«Իսկ վաղը... վաղը ի՞նչ կրնայ բերել

խորամանկ շունին, որ ոսկորներն իր

աւազներու մէջ կը թաղէ անհետ`

մինչ կը հետեւի

ուխտաւորներուն դէպի սուրբ քաղաք:

«Ու կարիքի վախն ինչ է` եթէ ոչ կարի՛քը ինքնին:

«Երբ ջրհորդ է լի,

ծարաւի երկիւղն իսկ չէ՞ ծարաւն այն,

որ չունի յագուրդ:

«Կան որ կու տան քիչն իրենց ունեցած

շատ հարստութեան-

ա՛յնքան մը միայն` որ փառաբանուին:

Եւ իրենց ծածուկ ցանկութիւնը այդ`

կը դարձնէ տրուած ընծան արժեզուրկ:

«Ու կան ալ որ քի՛չ ունին եւ կու տան

զայն ամբողջութեամբ:

«Հաւատաւորներն ու առատութիւնն

են անոնք կեանքին.

եւ արկղն անոնց չի պարպուիր երբեք:

«Կա՛ն ալ որ կու տան միշտ ուրախութեամբ,

ա՛ն եւ ուրիշներ որ կու տան ցաւով,

եւ այդ ցաւն իրենց մկրտութիւնն է:

«Իսկ կան որ կու տան ու չեն զգար ցաւ,

եւ ուրախութիւն չեն ակնկալեր,

ու ոչ ալ կու տան` առաքինութեան

դիտաւորութեամբ.

«կու տան ճիշդ այնպէս` ինչպէս սա մօտիկ

ձորի մրտենին կ՛արտաշնչէ բոյրն

իր շրջապատին:

«Այդպիսիներուն ձեռքերով է որ

կը խօսի Աստուած եւ այս աշխարհին

կը ժպտի անոնց աչքերուն մէջէն»:

Տուներու մասին

... «Եւ ըսէ՛ք ինծի, օրֆալիզցինե՛ր,

ի՞նչ ունիք դուք ձեր այս տուներուն մէջ,

ու ձեր ամրափակ դուռերուն ետին ի՞նչ կը պահպանէք:

«Ունի՞ք դուք անդորր, այն ոյժը հանդարտ՝

որ ի յայտ բերէր զօրութիւնը ձեր:

«Ունի՞ք դուք յուշեր, կամարներ շողուն՝

որ կը կամրջեն միտքի գագաթներ:

«Ունի՞ք յղացում դուք գեղեցկութեան,

որ սիրտը տանի հողէ ու քարէ

ձեւուած բաներէն դէպի լեռը սուրբ:

«Ունի՞ք բաներն այս՝ ձեր տուներուն մէջ:

«թէ՝ ունիք միայն դիւրակեցութիւն,

կամ՝ մարմաջն անոր, արարածն այդ նե՛նգ,

որ տուն կը մտնէ իբրեւ հիւր, յետոյ՝

կ՛ըլլայ հիւրընկալ ու կը դառնայ հուսկ տէր ու տիրական»:

Ինքնաճանաչման մասին

«Թող ոչ ոք ըսէ թէ ճշմարտութի՛ւնն

է յայտնագործած,

այլ` ըսէ միայն, թէ ճշմարտութեա՛ն

մէ՛ ծանօթ դարձած.

«Մի՛ ըսէք` «Գտա՛յ ուղին հոգիին»,

այլ, նախընտրաբար` «Տեսայ հոգին որ

կը շրջագայէր իմ ճամբուս վրայ.»

«Վասնզի հոգին կը քալէ վրան

ամէն կածանի:

«Չ՛ընթանար հոգին մէկ գիծի վրայ,

ու ոչ ալ կ՛աճի եղէգի նման.

«Կը բացուի հոգին` անթիւ թերթերով

լուտասի մը պէս:»

Խօսելու մասին

«Կը խօսիք՝ երբ հա՛շտ չէք այլեւս ձեր մտածումին հետ:

«Երբ ա՛լ չէք կրնար բնակիլ սիրտին ձեր մենութեան մէջ

կ՛ելլէք ապրելու ձեր շուրթին վրայ,

ու ձեզի համար՝ ձայնը կը դառնայ զբօսանք, ժամանց,

«Ու մեծ մասին մէջ ձեր խօսակցութեան՝

կ՛ըլլայ մտածումն յաճախ կիսամահ:

«Զի մտածումն է երկնային թռչուն,

որ թէեւ կրնայ բառի վանդակին մէջ թեւն իր բանալ,

սակայն սաւառնիլ չի կարողանար:

«Կան ձեր մէջ մարդիկ, որ շաղակրատին կ՛ըլլան հետամուտ՝

մինակ մնալու վախէ մը մղուած.

«Զի առանձնութեան լռութիւնն իրենց

աչքին կը պարզէ իրենց անձը մերկ,

որմէ կ՛ուզէին խուսափիլ իրենք:

«Ու կան ուրիշներ, որոնք կը խօսին,

եւ անգիտութեամբ, առանց դիտումի,

կը յայտնեն միտքեր, զորս իրենք անձա՛մբ իսկ չեն հասկնար:

«Կան նաեւ մարդիկ, որ ճշմարտութիւնն ունին իրենց մէջ,

բայց չեն ըսեր զայն իրենք բառերով:

«Այդպիսիներու կուրծքին տակ է որ

արարիչ ոգին կ՛ապրի լռութեան մէջ կշռութաւոր»:

Հրաժեշտ

«Մնացէք բարո՜վ, Օրֆալիզցինե՛ր:

«Հասած է արդէն օրն իր վախճանին:

«Կը փակէ ան իր թերթը մեր վրայ,

ջրշուշանն ինչպէս՝ ի՛ր վաղուան վրայ:

«Պարտինք մենք պահել՝ ինչ որ ցարդ մեզի տրուած է այստեղ:

«Եթէ բաւարար չըլլայ մեզի ան,

յայնժամ մենք նորէն կը համախմբուինք

ու միասնաբար ձեռք կը կարկառենք Պարգեւատուին:

«Մի՛ հանէք միտքէ թէ ես վերստին պիտի գամ ձեզի:

«Պահի՜կ մը միայն... ու կարօտանքս իմ

պիտի կուտակէ փոշի ու փրփուր՝

յօրինելու չափ մարմին մը ուրիշ:

Պահիկ մը միայն, հանգիստի րոպէ՛ մը հովին վրայ,

ու կին մը ուրիշ պիտի վերստին տայ ինծի ծնունդ»:

Link to post
Share on other sites

Join the conversation

You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.

Guest
Reply to this topic...

×   Pasted as rich text.   Paste as plain text instead

  Only 75 emoji are allowed.

×   Your link has been automatically embedded.   Display as a link instead

×   Your previous content has been restored.   Clear editor

×   You cannot paste images directly. Upload or insert images from URL.

×
×
  • Create New...