FR.GHEVOND Posted December 11, 2008 Report Share Posted December 11, 2008 ՀՐԱՆԴ ԴԻՆՔԻՆ Բաց դռներդ լայն Հզօր Եւրոպա, Հայու արիւնով Սնուող գազանին... Թող ժանիքներն իր Խրէ սրտիդ մէջ, Թերեւս յայնժամ Ապրիք ցաւը մեր, Զգաք ցաւը մեր: Գրկէ՛ սրտաբաց Հայոց կոյսերուն Արիւնով լոգցած՝ Անկուշտ հրէշին: Ցեղասպանութիւն Չէ՞ եղած երբեք. Ու դեռ կը ժխտեն... Ցեղասպանութիւնն Չէ՛ դադրած երբեք... Քսան գարուններ Դեռ չբոլորած Պատանի մը խեղճ, Իր նախնիներուն Չարութեամբ սնուած՛ Իր անմարդկային Արարքով խլեց Նուիրուած կեանք մը, Հայ արդար դատի Պաշտպան մշակի: Դեռ չկշտացա՞ր Մէկ ու կէս միլիոն Թափած արիւնէդ... Իսկ մենք անդադրում Պիտի պայքարինք. Պայքարը մեր սուրբ՝ Եղեր է սուրով, Եղեր է խաչով, Եղեր է գրչով... Մէկ ու կէս միլիոնի Թէ յանուն մէկի՝ Պայքար մինչեւ վերջ... Արարքիդ համար, Ո՜վ քաղաքակիրթ, Քու սխալներով Պիտի վճարես... Ա'յ դո՛ւ, անաստուած: Անուշ Նագգաշեան Иерусалим Quote Link to post Share on other sites
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.