Jump to content

armenag

Forumjan
  • Posts

    19
  • Joined

  • Last visited

About armenag

  • Rank
    Newbie
    Newbie
  1. Սիրելի Յովհաննէս, Չեմ հասկնար թէ ճիշդ ինչի՛ մասին կը վիճինք: Ես «տաժան» ձևը չեմ գործածած, հինգ կող վերը կարելի է հաստատել այս իրողութիւնը: Գործածած եմ «տաժանք» ձևը և ճիշդ այն իմաստով, որ ան կը կիրարկուի նաև արևելահայերէնի մէջ: Մեր երկու բարբառները դաժան ածականը և տաժանք գոյականը հաւասարապէս նոյն ուղղագրութեամբ և իմաստով կը կիրարկեն: Լաւագոյն զգացումներով՝ Արմենակ:
  2. Յարգելի Յովհաննէս, Ես պարզապէս կը զարմանամ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լեզուական այսքան համապարփակ գիտելիք ունենալ, ինչպէս դուն ունիս, միւս կողմէ՝ այսպիսի սխալ եզրակացութիւններու յանգիլ: Ես կը կարծէի բաւական սպառիչ բացատրած ըլլալ կացութիւնը, մե՛ր կացութիւնը. ոչինչ չըմբռնողի տեսանկիւնէն կը վերարծարծես հարցերը, և ես ջուր ծեծողի կացութեան կը մատնուիմ: Հիմա պիտի փորձեմ տարբեր հար- թութեան վրայ դնել հարցը ու ըստ այնմ շարադրել, թէև, ըստ էութեան, պիտի ըսեմ նոյն բաները:Եւ անշուշտ մնալով օտար արդի բառերու, յատկապէս յատուկ անուններու, տառադարձութեան ծիրէն ներս: Մեր երկու հատուածներու հնչիւնաբանութեան երկփեղկումը այնպիսին է, որ մենք դատապարտուած ենք փոխադարձաբար սխալ արտասանելու կամ վերարտադրելու որևէ բառ որ մէկս կամ միւսս կը գրենք. արևելահայուն Կանադա-ն արևմտահայուն համար GANATA է, իսկ արևմտահայուն Քանատա-ն արևելահայուն համար K՛ANATA (k՛ խուլ շնչեղ) է. իրողութիւնը այն է, որ չկայ երկիր մը, որ կոչուի GANATA կամ K՛ANATA: Որքան ալ գիտցողը գիտէ, թէ այս պարագային արևելահայ տառադարձութիւնն է բնիկն ու ճիշդը, այսուհանդերձ ի վիճակի չենք սփիւռքահայ դպրոցականին ( շատ յաճախ նաև մտաւորականին) բացատրել, որ եթէ Բ, Գ, Դ տառերը առօեեայ կեանքի մէջ կ'արտասանուին P՛, K՛,T՛ (երեքն ալ խուլ շնչեղ),- վասնզի ա՛յս է մեր ներկայ արտասանութիւնը,- ապա երբ կարգը կու գայ օտար բառեր տառադարձելու՝ պէտք է այս երեքը յատկացնել արևմտեան B, G, D տառերուն: Այսպիսի երկուութիւն մը չենք կրնար ուսուցել նորահաս սերունդին, գոծնականօրէն անկարելի է այդ: Պատկերացուցէք որ նուազագոյն տառաճանաչութիւնը սորվեցնելու համար որքան կը տքնինք Սփիւռքի մէջ, հապա ինչպէ՞ս կրնանք նոյն տառերուն համարհն չիւնական տարբեր արժէքներ ուսուցել: Մեր ուսուցիչներն իսկ չեն գիտեր այս նրբութիւնները, ալ ո՛ւր մնաց թէ ուսուցեն զանոնք: Այլ խօսքով՝ ձեր ակնկալած տարադարձական միօրինակութիւնը ի վիճակի չենք հաստատելու. այսքանը պէտք է ըմբռնէք և ընդունիք՝ հանդերձ անկէ բխող անպատեհութիւններով, որոնք այնքան ալ...էական չեն: Մեր մտորումներն ու ճիգերը կեդրոնացնենք այլ՝ աւելի շինիչ մարզերու: Մտածենք: Արմենակ Եղիայեան 12 յուլիսի 2009, Լիբանան
  3. Նախ ինչ կը վերաբերի շարադրանքի լեզուին, ապա պէտք է նկատել, որ սխալ է ըսել«կատարելուն համար», այլ պէտք է ըսել« կատարելու համար»: Փոխանակ « ի սբզբանէ պիտի ըսած ըլլայի» գրելու՝ պարտինք գրել «պէտք է սկիզբէն ըսէի»: «Պաշտօնական կրթութիւն» բառակապակցութիւնը պէտք է փոխարինել « հետևողական կրթութիւն» բառակապակցութեամբ: Չ'ըսուիր «առնիլ», այլ «առնել»: «Ինքս զիս ներկայացուցած եմ» ոճը արևմտահայերէն չէ. պէտք է ըլլայ « ինքզինքս ներկայացուցած եմ»: Չի գրուիր «ատանք», այլ՝ «ատանկ», նաև՝ ասանկ, ատանկ, անանկ: Քիչ մը աւելի ժողովրդական ձևով՝ սանկ, տանկ, նանկ: Հիմա գանք այս շարադրանքի գնահատութեան: Արևմտահաերէնը «նոյն գրաբարը» չէ, ինչպէս կը կարծէ նամակագիրը. ո'ր երևոյթներու հիմամբ այսպէս կը կարծէք, բոլորովին տարբեր է ան այնքամով, որ զաւակը կրնայ ինչ որ նմանութիւն ունենալ մօրը հետ. այսչափ: Իսկ այսչափը կը գտնենք արևելահայերէնի ու գրաբարի միջև ևս: Հարց կը տրուի, թէ «այստեղ գրաբարեան ձևերը հնաբանութիւն չե՞ն». ո՞ր ձևերուն կ'ակնարկուի՝ յայտնի չէ. և չկան այդպիսիները: Ապա հարց կը տրուի. «Կարո՞ղ ես նոյնը շարադրել արևմտահայերէն գրի առնուած դասական ուղղագրութեամբ». բայց չէ՞ որ արդէն շարադրանքը դասական ուղղագրութեամբ կատարուած է. ա՛լ ի՞նչ է ուզուածը: Իմ համեստ կարծիքս այն է, որ արևելահայերու՝ արևմտահայերէնը իւրացնելու ճիգերը դատապարտուած են ձախողութեան. մանաւանդ նման ճիգի մը կարիքն ալ չկայ: Թող արևմտահայերէնը մնայ սփիւռքահայուն ազգային դիմագծի պահպանութեան միջոցը. և այքան միայն: Ան հայրենի բարքերուն մէջ թափանցելու պէտք չունի: Լեզուական մակարդակի վրայ միակ հասարակաց ճիգը պէտք է կայանայ միասնական ուղղագրութիւն մը հաս-տատելու ձգտումին մէջ: Եւ այս ուղղութեամբ լարենք մեր ջիղերը: 12 յուլիսի 2009, Լիբանան Արմենակ Եղիայեան
  4. Արդի աշխարհաբարը, յատկապէս արևելահաերէնը, գաղտնավանկի ը տառը արձանագրելու կամ, աւելի ճիշդը, չարձանագրելու հարցը շատ ճիշդ լուծած է. որքան գիտեմ այդ տառը վերապահուած է միմիայն «անցընել» ներգործական կամ պատճառական բային ու այսչափ միայն. ուրիշ ոչ մէկ արմատական բառի կազմին մէջ կը հանդիպինք անոր: Սա շատ ընեունելի ու գնահատելի կացութիւն է և ոչ մէկ գնով պէտք է վերականգնել գաղտնավանկի ը-ն այլ բառերու մէջ: Կրնայ ըլլալ, որ այդ տառի չարձանագրումը պատճառ դառնայ, որ կարգ մը բառեր՝ ընկճուիլ, պտտիլ և այլն, բազմաձև արտասանութիւն ունենան ոմանց կողմէ. վնաս չունի, այդպիսիները ուշ կամ կանուխ կ'ինքնասրբագրուին ու հարցը կը լուծուի, ատոր համար պէտք չէ վերականգնել այդ չարաշուք ը-ն ամէն ուր որ կ'արտասանուի, ինչպէս սովոր էին ընել 19-րդ դարու մանաւանդ առաջին կէսին: Լիբանան, 28 յունիսի 2009 Արմենակ Եղիայեան
  5. «Ղիմեթ» ծագումով արաբերէն է, որմէ անցած է թրքերէնին, այս վերջինէն ալ հայերէնին: Ինչպէս նշած էք, կը նշանակէ գին, արժեք: Արմենակ Եղիայեան 20 յունիսի 2009, Լիբանան
  6. Յարգելի բարեկամ, Կը պատասխանեմ, սակայն որոշ դժկամութեամբ՝ վախնալով, որ հարցը կրնայ ճապաղիլ:Իմ շարադրանքէս եզրակացնել, թէ պէտք է հասնիլ բուրջհամուդերենին կամ իսթանպուլահայերէնին՝սա իսկական զառածում է: Եթէ վերստին կարդաք նամակս, ապա պիտի նկատէք իմ իսկական միտք բանին. ըստ այս վերջինին՝ եթէ մենք փորձուինք հետևիլ դասական կամ արևելահայ տառադարձական կանոններուն, ապա բոլորովին անհամապատասխանութիւն կը յառաջացնենք գրութեան և արտասանութեան միջև, ինչ որ բոլորովին խորթ է որևէ տառադարձութեան նպատակին. ահա օրինակներ. * Դուք պիտի փափաքէիք, որ Bush-ը տառադարձէինք Բուշ, ինչպէս դուք կ'ընէք: Սակայն ոևէ արևմտահայ այս վերջինը պիտի արտասանէ Push, որ ոչ մէկ անունի կը համապատասխանէ: Ուստի ստիպուած ենք գրել Պուշ, որպէսզի արտասանենք Bush: Չմոռնանք մեր բարբառի կրած բաղաձայնական տեղաշարժերը. արևելահայերէնի ձայնեղ պաթական Բ-ին կը համապատասխանէ մեր աղաւաղեալ Պ-ն, որ, այո, ծագումնաբանօրէն խուլ է եղած անցեալին և է' տակաւին ձեր բարբառով: Մեր բոլոր տառադարձութիւններու ետին պէտք է նկատի ունենալ այս տեղաշարժերը, որոնց ցանկը տուած եմ վերը: * Գիտնանք նաև, որ հոն ուր մեր տառադարձութիւնները կը նոյնանան, մեր երկու բարբառները տարբեր արտասանութիւն կը ցուցաբերեն. ահա մէկ քանին. մենք հաւասարապէս կը գրենք Լիբանան: Արդ, այս յատուկ անունը, որ Աստուածաշունչէն ժառանգած ենք, դուք կ'արտասանէք Libanan, իսկ մենք կ'արտասանենք Lipanan: Նժդեհ-ը ձեզի համար Njdeh է, մեզի համար՝ Njteh: Արդէն յիշած եմ Կանադա-ին պարագան, որ ձեզի համար Canada կը հնչէ, իսկ մեզի համար՝ Ganata: Ձեր արտասանութիւնը ստանալու համար՝ արևմտահայը ստիպուած է գրել Քանատա, սակայն դժբախտաբար կարելի է գրել նաև Գանատա. և ճիշդ այս ներարևմտահայ բազմաձևութիւնները կանոնաւորող վերին հեղինակութիւնը կը պակսի մեզի՝ արևմտահայերուս: Տարրական բարի կամեցողութիւնն ու ...գիտակցութիւնը ևս: Հետևաբար, իմ առաջարկս այն է, որ վերջ տանք տառադարձութեան մէկուկէսդարեայ ամուլ բանավէճին և աւելի շինիչ ու արդիւնաւէտ կէտերու շուրջ բանավիճինք՝ միշտ հասարակաց լեզու ու լուծում գտնելու դիտումով կամ նպատակով: Շնորհակալութիւն՝ Լիբանան, 11 յունիսի 2009 Արմենակ Եղիայեան
  7. ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է Իմ տեսանկիւնէս Ռաֆայէլ Իշխանեանը այն մտաւորականներէն էր, որ կրնար ամէնէն անհեթեթ տեսակէտն ալ պաշտպանել ամենայն «լրջութեամբ». և այս՝ ոչ միայն ուղղագրական, այլև պատմական ու քաղաքական մակարդակներու վրայ: Գոհանանք երկու ուղղագրութեանց թէկուզ տնտեսական երեսով ու բաղդատենք՝ Աւանդական՝ կը կարդայ կ'ընթանայ շուկայ աբեղայ ...29 նշան Աբեղեանական՝ կկարդա կընթանա շուկա աբեղա ...23 նշան Միակ պարագան, ուր աբեղեանականը աւելի երկար է՝ «ոյ» երկբարբառի «ույ» արձանագրութիւնն է, հէնց այսպէս՝ զոյգ և զույգ, գոյն և գույն և այլն: Սակայն լաւ կ'ըլլայ, որ հարցին մօտենանք այլ տեսանկիւնէ: Դասական, աւանդական, մեսրոպեան կամ նախախորհրդային միասնական ուղղագրութեան վերադարձի կոչերը զիս, իբրև արևմտահայ, կ'առինքնեն անկասկած. սակայն մէկ մեծ խոչընդոտ կը կաշկանդէ զիս,- դասականին գրեթէ անյաղթահարելի դժուարութիւնն է այդ: Իր գոյութեան ողջ տևողութեան ոչ մէկ ատեն կարելի եղած է ճիշդ ու միօրինակ գրել զայն: Սփիւրքահայ մեր դպրոցականները մօտ 14 տարի հայերէն սորվելով հանդերձ, չեն յաջողիր գոհացուցիչ ուղղագրել: Պարագան տարբեր չէ մեր ուսուցիչներուն, գրողներուն, մտաւորականներուն, ա'լ չեմ խօսիր միջին հայուն մասին:Ամբողջ Սփիւռքի մէջ հազիւ թէ 100 հոգի կարենայ գոհացուցիչ ուղղագրել:Չեմ կարծեր,- վասնզի որևէ պատճառ չկայ կարծելու,- թէ կացութիւնը տարբեր պիտի ըլլայ, եթէ վաղը Հայաստան պետականօրէն որդեգրէ զայն. այդ դժուարութիւնները պիտի շարունակեն այս անգամ դբրոցական, , համալսարանական, վարչական, համահանրապետական մակարդակի վրայ:Այս անյաղթահարելի դժուարութիւնը ոչ մէկ ատեն խանգարած է մեր առօրեան, քանի որ դասական ուղղագրութիւնը ոչ մէկ ատեն պետական-վարչական գրագրութեան ծառայած է, ոչ մէկ պետական-վարչական գործառոյթ ունեցած է, և ճիշդ այս պատճառով ալ անոր էապէս խայտաբղէտ կիրարկութիւնը ոչ մէկ անպատեհութիւն յառաջացուցած է: Արդ, ընդունելի ու երևակայելի բա՞ն է, որ այդ նոյն կացութիւնը տիրէ ամբողջ Հայաստանի ծաւալով. և անպայման պիտի տիրէ, որովհետև դասական ուղղագրութիւնը իր էութեամբ ու յղացքով անյարիր է աշխարհաբարին՝ արևելահայ թէ արևմտահայ: Լիբանան, 10 յունիսի 2009 Արմենակ Եթիայեան
  8. Կը խնդրուի այս յօդուածը մէջբերողէն, որ յիշէ հեղինակին՝ Արմենակ Եղիայեանի անունը: Անշուշտ փառքի համար չէ այս յիշեցումը, այլ որովհետև ընթերցողը յաճախ պէտք կ'ունենայ այդ ծանօթութեան: Շնորհակալութիւն՝ Արմենակ Եիայեան Լիբանան,9 յունիսի 2009
  9. Յարգելի բարեկամ, Արևմտահայերուս տառադարձութիւնը պէտք չէ գայթակղեցնէ ձեզ, այլ պէտք է փորձէք ըմբռնել մեզ: Մեր պատմական ձայնեղները՝ Բ, Գ, Դ, Ձ, Ջ , խուլ-շնչեղացած են, այսինքն՝ համարժէք են ներկայիս Փ, Ք, Թ, Ց, Չ հնչիւններուն. իսկ խուլերը՝ Պ, Կ, Տ, Ծ, Ճ, ձայնեղացած են: Նորագոյն տառադարձութիւնները ա'յս հիմամբ կը կատարենք: Ասոնց կողքին ունինք նաև յարաբերաբար աւելի վաղ անցեալին կատարուած տառադարձու- թիւններ, որոնք հետևած են դասական սկզբունքներուն: Այսպէսով արևմդահայերէնի մէջ կը գոյակցին տառադարձական երկու սկզբունքներ, որոնք մեր գրաւոր խօսքը կը վերածեն իսկական խառնարանի մը և որմէ, սակայն, չենք կրնար հրաժարիլ: Քանատան հետևած է արդի տառադարձութեան, ուստի Տ-ը ձայնեղացած է և համարժէք է D-ի, իսկ Աւստրալիան հետևած է դասական տառադարձութեան, ասոր Տ-ը համարժէք է T-ի: Ահա այս ճամբով է որ լատինական D և T տառերը հաւասարապէս տառադարձուած են հայերէն Տ. սա արևմտահայերէնի անէծքն է: Եթէ յանկարծ բանիմաց արևմտահայ մը որոշէ «սրբագրել» կացութիւնը և ելլէ-գրէ, օրինակ, Կանադա, ինչպէս դուք կը գրէք, ապա այս վերջինը մեր հայրենակիցները պիտի արտասանեն GANATA, իսկ այս անունով երկիր չկայ: Ուրիշ խօսուն օրինակ մըն ալ. դասական սկզբունքով գրած ենք Սպանիա, ճիշդ արևելահայերուդ պէս, որովհետև շատ հինէն կու գայ այս անունը. իսկ Գիւլբենգեանի նստավայրը արդի սկզբունքով տառադարձած ենք Փորթուկալ. գիտէ՞ք ինչու: Որովհետև եթէ դասականօրէն գրէինք Պորտուգալ, ապա այս վերջինը պիտի արտասանէինք BORDUCAL. նման անունով երկիր ծանօ՞ է ձեզի,-անշուշտ ո'չ. մեզի ալ ծանօթ չէ: Երկարեցաւ, գիտեմ, սակայն այս ալ ըսեմ. ձեր «դոկտոր» ճիշդ տառադարձութիւնը մենք կ'արտասանենք togdor. կը նկատէ՞ք ուր կը հասցնէ մեզ ձեր տառադարձական սկզբունքը, որ դասականն է և ճիշդն է, այո, բայց ոչ մեր աղաւաղեալ հնչիւնաբանութեան համար: Ինչ կը վերաբերի տաժան բառին, ես ինքս գրած եմ դաժան, չեմ գիտեր ո'վ և ե'րբ զայն փոխած է: Լաւագոյն զգացումներով՝ Արմենակ Եղիայեան
  10. Այս նախադասութեան մէջ արտէն երկու անսպասելի սխալ մտած է: ա) Սաս գոյաքանը կոչական ըլլալուն՝ պէտք էր տրոհել զայն նախորդ պառէն: բ) Եթէ ամէն բառը կը գրէք Է-ով, աբա որևէ պատճառ չկայ տրականի մէջ Ե-ի վերածելու զայն: Ուրեմն՝ Պարի տեսայ, Սաս: Ողջո~յն ամէնուն: 7 մայիսի 2009 Արմենակ Եղիայեան
  11. Արևելահայերդ կը սիրէք լեզուական ամէն երևոյթ բացատրել ինչ որ «կանոնով» մը. արդ, մենք՝ արևմտահայերս, կանոնի մը հետևողութեամբ և գիտակցութեամբ չէ որ կ'իւրացնենք Ել և Իլ լծորդութիւնները, այլ՝ մայրենի լեզուի թելադրանքով պարզապէս: Ուրեմն ի զուր «կանոններ» կ'որոնէք, ատոնք բոլորն ալ բռնազբօսիկ ու արուեստական են: Շօշափելի իրողութիւնը այն է, որ մեր բարբառը կը գործէ երեք լծորդութեամբ՝ երգել, խօսիլ, կարդալ,որոնք հայ մանուկին ու չափահասին կը ներարկուին մայրենի կաթին զուգահեռ . առանց այդ մօր գիտակցութեան, հոն ուր ձերը կը գործէ երկուքով՝ երգել, խօսել, կարդալ: Այլ խօսքով՝ մտացածին կանոններ մի' բանաձևէք, աւելորդ է, մանաւանդ՝ վտանգաւոր: Աւելցնեմ, որ խօսալ և թողալ բայաձևեր գոյութիւն չունին մեր լեզուին մէջ:
×
×
  • Create New...