Jump to content

Johan

Forumjan
  • Posts

    61
  • Joined

  • Last visited

Everything posted by Johan

  1. Այո՛, նո'յնիսկ արեւմտահայերէնի գրելաձեւը փոխուած է. վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին, նախապէս գրուող ը տառը, այժմ, ընդհանրապէս կը սղի: Նայինք ո՞ւր պիտի հասնինք, ձայնաւորներու, պարբերաբար կրկնուող ջարդով: Պիտի հասնի՞նք ձայնաւոր տառերու յստակ համակարգ չունեցող սեպագրութեան: Այսօր գիտենք Մկրտչյան ազգանունը ինչպէս կը հնչուի, քանզի բնիկ արտասանողները կան: Սովետական ուղղագրութեամբ՝ վեց բաղաձայն իրար յաջորդած է: Ա տառն ալ եթէ չդրուէր, կ’ըլլար. Մկրտչյն:Ձայնաւորներու սղումը, եթէ մատենագիրներու եւ որմնագիրներու համար անհրաժեշտ էր, տեղի սղութեան պատճառով, որքանո՞վ արդարացուած է այժմ, չէ՞ որ բառն իր նախնական, բնիկ ձեւէն անընդհատ կը զիջի այսպիսով: Ունինք եւ՝ ծոյլ-ծուլանալ, բայց ոչ՝ ծլանալ, քանզի պիտի շփոթուի ծիլ-ծլանալ «ծլարձակել» բառին, թոյլ-թուլանալ, բայց ո՛չ թլանալ, թէ՞ ինձմէ վրիպած է այս բառը: Ձայնաւոր տառերու կարճումը բարբառային-խօսակցական ձեւեր են, եւ ոչ բոլորը Մեսրոպի շունչով օրհնուած: Յովհան
  2. Մէջբերում. «Ազդակ» օրաթերթ, 4 յուլիս 2008Ի ՊԵՏՍ ԶԱՌԱԾԵԼՈՑՊտտիլ թէ՞ պտըտիլԿան ուղղագրական երեւոյթներ, որոնց վրայ որքան ալ միտքդ չարչարես՝ չես յաջողիր տրամաբանական ու գոհացուցիչ ելք մը գտնել, իսկ այդ երեւոյթները կ’ապրին, կը գոյատեւեն, կ’ուռճանան, ասկէ- հոնկէ գլուխ կը ցցեն մեր անզօր աչքերուն առջեւ, արեւմտահայերէնի անտէր անդաստանին մէջ: Ասոնցմէ է պտըտիլ կամ պտըտցնել ձեւը՝ ը-ով, որ երկուքի կը բաժնէ արեւմտահայերս. մեր կէսը ասոնք կը գրէ առանց ը-ի՝ պտտիլ, միւս կէսը՝ ը-ով՝ պտըտիլ: Արեւելահայերը վաղուց հրաժարած են վերջին ձեւէն, սակայն ենթադրելի է, որ այնտեղ եւս, գէթ նախախորհրդային շրջանին, տիրած է երկուութիւն մը, որմէ իրենք յաջողած են ճողոպրիլ,- որովհետեւ իրենց լեզուական կրթանքը շատ աւելի պայծառ է,- եւ որուն տիղմին կը շարունակենք տապլտկիլ արեւմտահայերս:Գայայեանի համար բառս պտըտիլ է, Ճիզմեճեան վարդապետ առողջ տրամաբանութեամբ մը կը գրէ պտտիլ, Տէր Խաչատուրեան կը վերականգնէ, չես գիտեր ի՛նչ տրամաբանութեամբ, պտըտիլ ձեւը, իսկ հայր Կռանեան կ’ընէ նոյնը: Եթէ մինչեւ այստեղ այս ձեւը կը մնար միայն բառարաններու մէջ, Կարօ Առաքելեան զայն կ’արժանացնէ դասագիրքի էջերուն եւս:Այս բային արմատը պտոյտ է, որ, ինչպէս նկատելի է, օժտուած է ոյ երկբարբառով. այս երկբարբառը երկարատեւ մաշումի մը հետեւանքով նախ դարձած է ու՝ պտուտիլ, ապա ու-ին ալ մաշումով՝ ստացուած է պտտիլ: Արդի հայերէնի մէջ կը գտնենք հազարաւոր սղած ձայնաւորներ, որոնց տեղը ը դնելու սովորութիւն չունինք, եւ այս սովորութիւնը նուիրականացած է Մեսրոպի իսկ ձեռքով ու կամքով: Սղող ձայնաւորը պարզ եղեր է թէ երկբարբառ՝ որեւէ նշանակութիւն չունի. մենք ունինք ուրիշ բառեր ալ, որոնք կորսնցուցած են իրենց ոյ երկբարբառը եւ որոնք ը-ով չեն օժտուած, ահա օրինակներ՝ քոյր-քուրոջ-քրոջ, պոյտ-պուտուկ-պտուկ (այս վերջինը կը նշանակէ կաւէ աման): Ու տակաւին՝ սոյլ (Արմ., IV, 242), ցոյց-ցուցնել-ցցնել, լոյս-լուսն-լսունք, հոյն-հունի-հնի, բոյն-բունաւեր-բնաւեր, բոյթ-բութամատ-բթամատ եւ այլն: Վերջին հաշուով ուղղագրութիւն ըսուածը համակարգ մըն է, եւ ամէն համակարգ կ’ենթադրէ խիստ հետեւողականութիւն մը. չենք կրնար կամայականօրէն ըսել՝ պտոյտին ոյ-ն պիտի փոխարինեմ ը-ով, իսկ միւսներունը՝ ոչ. լեզուն հրեաներ ու հեթանոսներ չի զանազաներ, անոր բոլոր բառերը կը վայելեն նոյն վարկն ու իրաւունքը: Շատ ցաւալի է հաստատել, որ այս բոլոր անհեթեթութեանց համար ո՛չ հաշիւ պահանջող կայ, ո՛չ արդարադատութեան առջեւ դատապարտուող ու թիարան ղրկուող: Մեր իրականութեան մէջ կան մեծաթիւ լեզուասպանութիւն գործողներ, որոնք հանգիստ կը քնանան, կը վարձատրուին, կը յղփանան, կը սոնքան ու անպատիժ կը հեգնեն ամենատարրական պատշաճութիւններն իսկ: Իսկ ազգը ոչինչ կը յաջողի ընել: Դոկտ. Արմենակ Եղիայեան
  3. Էութիւնը է-ի էութեան մէջ է, քանզի նա չէ սովորական E, այլ E+I, իսկ ե չէ երբէք ye, այլ՝ է-ի էութեան բաղադրիչ E: Գացած են Է տառին քով... Չենք կրնար երեւակայել, որ չորս տարբեր ձեւերով գրուի Պարիզի մէջ՝ Շիրակի անունը, Վաշինգտոնի մէջ՝ Բուշի անունը, իսկ մեր անձնաթուղթին վրայ Պետրոսի փոխարէն գրուի՝ Փիիրըր (Փիթըր), Արամի փոխարէն՝ Այրամ (Էրամ), Արտեմի փոխարէն՝ Արտիոմ, Գրիգորի փոխարէն՝ Կրէկորի կամ Կրէկուար, ու այսպէս շարունակ, տուրք տալով՝ «արդի հայերէն» ըսող, ու մէջէն պրծողներու արդիականութեան: Երեւի ասել ուզում է. «Արեւմտահայերէնը անսխալ կ’ուղղագրուի միայն այն պարագային, երբ Ճիշդ հնչիւնաբանութեամբ մտածող եւ արեւմտահայերէն գրողներ ունենանք»:
  4. Մէջբերում. «Ազդակ» օրաթերթ, 2 յուլիս 2008Ի ՊԷՏՍ ԶԱՌԱԾԵԼՈՑ ՈմանքՀայրենի լեզուաբան Մանուէլ Ասատրեան, որ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս ալ էր. իր մէկ ստուար աշխատութեան մէջ ոմանք բառին համար տուած է հետեւեալ բանաձեւումը. «Ոմն դերանուան յոգնակին է, բայց բառային իմաստով որոշ չափով տարբերւում է սրանից. նշանակում է մի քանիսը, բայց միայն անձի իմաստով» (Ձեւաբանութեան հարցեր, Բ., 174): Կարօ Առաքելեանը այս բանաձեւումը բառացի փոխադրած է իր կազմած դասագրքին մէջ. «Ոմանք.-Ոմն դերանունին յոգնակին է, կը նշանակէ մէկ քանին, բայց կը գործածուի միայն անձի իմաստով» (Դիւրին հայերէն, Գ., 29):Ճիշդ չեմ գիտեր, թէ արեւելահայերը ինչպէս կը տնտեսեն այս դերանունը. բայց լաւ գիտեմ, որ թէ՛ գրաբարի, թէ՛ արեւմտահայերէնի մէջ նման սեղմում գոյութիւն չունի. ոմանք կը կիրարկուի ցոյց տալու համար թէ՛ անձեր, թէ՛ ոչ-անձեր: Իսկ «Դիւրին հայերէն»ը գրուած է, անշուշտ, արեւմտահայերու համար: Կը բերեմ օրինակներ.ա/ ԳրաբարէնՈմանք ի բայից այսր օրինակի լինին երբեմն...(Արսէն Բագրատունի. Ի պէտս զարգացելոց, էջ 152):Ոմանց կատարեալն երեւի... ոմանք ի չէզոքաց այսր... (անդ, էջ 164):Սակաւք ոմանք ի հասարակ բայից աստի...(անս, էջ 159):բ/ ԱշխարհաբարէնՆոր տեղեկութիւններից ոմանք քաղուած են հին աղբիւրներից (Հր. Աճառեան, Հայոց գրերը, էջ 6):Այս հոլովման տակ գացող անուններուն ոմանց եզակի տրականը... (Այտընեան- Չալըխեան, էջ 16):Այս վանկերը չեն հնչուիր հաւասար ձայնաւորումով, այլ՝ ոմանք ցած, ոմանք՝ բարձր (Շ. Նարդունի, Յանուն Մեսրոպ Մաշտոցի, Ա., էջ 159):Կատարած էր եղբօր երազներէն ոմանք (Պ. Սնապեան, Աղքատներուն աւանդութիւնը, Բ., էջ 199):Այս օրինակներէն ոմանք կրնան յոգնակի ալ դրուիլ (Եդ. Տասնապետեան, Քերականութիւն, էջ 133):Գործերէն ոմանք թարգմանուած են (Յ. Քիւրքճեան, Գրականութիւն, Բ., էջ 151):Այս լեռներէն ոմանք լերկ են, ոմանք՝ ծառաշատ (Ար. Հայկազ, Գարահիսար ու իր հերոսամարտը, էջ 16):Կը գոհանամ այս օրինակներով, թէեւ տրամադրութեանս տակ ունիմ շատ ուրիշներ. այնքան դիւրին էր տեսնել ու հաւաքել ասոնք. կը մնար քիչ մը կարդալ: Ուրեմն պիտի խնդրեմ սփիւռքահայ մամուլէն, որ հրատարակէ այս յօդուածս, որպէսզի նման սխալ բանաձեւում մը,- եթէ ան հասած է մեր հեռաւոր դպրոցները,- սրբագրուի, եւ ճիշդը ուսուցուի մեր նոր սերունդներուն:Մէկ թէ՞ մեկԱյս հարցումս թերեւս գայթակղեցնէ Յակոբ Պալեանը...Բայց եւ այնպէս ան գոյութիւն ունի. ահա թէ ինչու:Մէկ բառը յառաջացած է միջին հայերէնի մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ դասական բառ չէ, իսկ ինչ որ դասական չէ եւ Մեսրոպի շունչը չէ տեսած, միշտ ալ ինչ որ տեղ մը, ինչ որ չափով ենթակայ է վրէպի: Մէկ-ը ենթադրուած է ըլլալ միակ բառին ամփոփումը. այս բառին իա հնչիւնախումբը ըստ կանոնի կու տայ ե. օրինակ՝ այգի-ա-պան.... այգեպան, կաշի-ա-գործ.... կաշեգործ, ոսկի-արիչ.... ոսկերիչ: Ինչպէս նկատելի է, հոն ուր ի եւ ա իրարու կը հանդիպին, իրենց տեղը կու տան ե ձայնաւորին: Հետեւաբար միակ պէտք է տար մեկ:ԹէյԱյս բառը հայերէն միակ կազմութիւնն է, որուն յ կիսաձայնէն առաջ կու գայ է: Եթէ պրպտէք մեր բառարանները, պիտի նկատէք, որ ուրիշ մը չկայ: Լաւագոյն պարագային պիտի գտնէք կէս-գաւառական, կէս-գրական մէյ մը բառը եւս, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ այս մէկը նախապէս եղած է մէկ մը. ուրեմն ստացուած է մէկ բառին հնչիւնափոխութեամբ, ուր կ դարձած է յ: Իսկ մենք վերը տեսանք, որ մէկ բառի է-ն արդէն սխալագրութիւն մըն է:Մնացեալները՝ Զէյթուն, Պոմպէյ, Պէյրութ, Ռէյֆուն եւ սոյնպիսիք, ասոնք բոլորը օտար յատուկ անուններ են եւ գործ չունին հայերէնի հետ: Այլ խօսքով՝ այսպէս գրուած են... մեր ուղղագրութիւնը չիմացողներու կողմէ: *** Հայերէնի մէջ յ-էն առաջ չի կրնար է գալ. այս իրողութիւնը կը բխի մեր լեզուի էութենէն: Կրնայ սակայն յ-էն առաջ ե գալ: Միայն թէ ահաւասիկ եյ յաջորդականութիւնը ներկայացնող բառ ալ չունինք, մինչդեռ եյ-ը հնդեւրոպական մայր լեզուի, որուն ժառանգորդն է հայերէնը, ամէնէն սովորական երկբարբառներէն մէկն էր. ուրեմն ո՞ւր գացած են մեր եյ բովանդակող բառերը:Օր մը այս մասին երկար կը գրեմ. թող ընթերցողներս գոհանան այս հարցադրումով, քիչ մըն ալ մտածեն այս մասին, որ հետագային դիւրին ըլլայ անոր ընկալումը:Ռոբերտ...Գիտէ՞ք որ նախագահ Քոչարեանի անունը ճիշդ չորս տարբեր ձեւերով կը գրուի այս գաղութին մէջ. խնդրեմ՝ Ռոբերտ, Ռոպերթ, Ռոպէրթ եւ... Րոպէրթ. այս վերջինը կը պարտինք «Հասկ»ին:Դուք կրնա՞ք երբեւիցէ երեւակայել, որ չորս տարբեր ձեւերով գրուի Փարիզի մէջ՝ Շիրաքի անունը, Ուաշինկթընի մէջ՝ Պուշի անունը, իսկ ձեր անձնաթուղթին վրայ ձեր... պատկառելի անունը:Ուրեմն միատեսակ ուղղագրութիւն ունենալու համար՝ մենք պէտք է մաղթենք, որ փակուին մեր բոլոր թերթերը, եւ ապրի միայն մէկ թերթ: Բայց նոյնիսկ այս պարագային կարելի՞ է ակնկալել, թէ այդ միակ թերթը ճիշդ պիտի ուղղագրէ. ես շատ կը կասկածիմ: Արեւմտահայերէնը անսխալ կ'ուղղագրուի միայն այն պարագային, երբ այլեւս արեւմտահայերէն գրող չմնայ աշխարհի վրայ: Դոկտ. Արմենակ Եղիայեան
  5. Խաբրուշ=խաբար անել, խաբրել, զրուցել, խօսել:Խաբար. արաբերէն՝ լուր:
  6. Ի ՊԷՏՍ ԶԱՌԱԾԵԼՈՑ (Շար. 7), «Ազդակ» օրաթերթ, երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2008Ոեւէ եւ Որեւէ Բոլորդ ալ գիտէք, որ այս երկուքէն առաջինը արեւմտահայերէնի մէջ կը կիրարկուի անձի համար, օրինակ՝ ոեւէ մարդ, ոեւէ տղայ, ոեւէ զինուոր, իսկ երկրորդը՝ ոչ-անձ ցոյց տուող բառերու հետ, օրինակ՝ որեւէ առիւծ, որեւէ ծառ, որեւէ միտք: Մեր լեզուի ամէնէն աւելի իւրացուած կանոններէն մէկն է այս, եւ գրեթէ հազուագիւտ կը պատահի, որ հանդիպինք կանոնազանցութեան: Անշուշտ նկատի ունիմ քիչ թէ շատ գրային վարժութիւն ունեցող խաւը՝ խմբագիրները, յօդուածագիրները, գրագէտները եւ նմանները: Չեմ համարձակիր ուսուցիչներու վրայ ալ տարածել այս շռայլութիւնը, որովհետեւ մեր ուսուցիչները մէկ տող իսկ չեն գրեր: Այս կանոնը ունի իր պատմականը:Մինչեւ անցեալ դարու կէսերը ան գոյութիւն չունէր արեւմտահայերէնի մէջ: Վերջերս կը կարդայի Հրանդ եւ Զապել Ասատուրներու նամականին, ուր նկատեցի այն սանձարձակ կիրարկութիւնը, որ ունեցած են այս երկու բառերը. այդ հատորը այս պահուս ձեռքիս տակ չունիմ, որպէսզի վաւերական օրինակներ տամ, սակայն այնքան ալ դժուար չէ ստուգումը: Միւս կողմէ՝ մինչեւ մեր օրերն ալ կը գտնենք գրողներ, որոնք կ’անտեսեն այս կանոնը. օրինակ՝ լուսահոգի Զարեհ սրբ. Ազնաւորեանը, որ մեր ժամանակներու լաւագոյն հայերէն գիտցողներէն էր, չէր յարգեր յիշեալ կանոնը. կը ճանչնար միայն ոեւէ-ն, որ կը կիրարկէր թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ-անձի համար: Կան ուրիշներ եւս, սակայն, ինչպէս ըսի, այսպիսիները հազուագիւտ են: Ինչպէ՞ս յառաջացաւ եւ կայունացաւ այս կանոնը:Ասոր ախոյեանը Բենիամին Թաշեանն է, որ մօտաւորապէս 30 տարի տիւ ու գիշեր պայքարեցաւ, մինչեւ որ յաջողեցաւ ընդհանրացնել զայն իրեն ծանօթ այն հնարամտութեամբ, յամառութեամբ ու հետեւողականութեամբ, որոնց գաղտնիքը միայն ի՛նք ունեցած է: Ուրիշ շատ կանոններու համար ալ ճգնեցաւ Թաշեան. ասոնց հանրագումարը կը կազմեն իր հինգ հատորները, յատկապէս «Թիւրն ու թերին» կոչուածը: Շատ ցաւով պիտի նշեմ, որ այս գրքին, որ հրատարակուած է քառասուն տարի առաջ, 750 հատորները չորս տասնամեակ քաշքըշուեցան, մինչեւ որ Համազգայինը վերջերս քանի մը դահեկանով սպառեց անոր վերջին օրինակներն ալ: Մինչդեռ հազարներով պէտք է հրատարակուէր ան ամէն տարի ու բարձի գիրքը դառնար մեր խմբագիրներուն, գրագէտներուն, ուսուցիչներուն, ամբողջ ազգին, որպէսզի քիչ մը աւելի հայերէն կարելի ըլլայ սորվիլ: Բայց ի՛նչ օգուտ. «Յիւրսն եկ, եւ իւրքն զնա ոչ ընկալան»: *** Հիմա, տարիներ ետք, կը մտածեմ, թէ որքա'ն ճիշդ վարուեցաւ Թաշեան, այլեւ որքա'ն իրաւունք ունէր այսպէս վարուելու: Անշուշտ խնդրոյ առարկան միայն ոեւէ եւ որեւէ բառերն են:Թաշեանի մտածումը այն էր, թէ ոեւէ բառը, որ կազմուած է ո եւ է բաղադրիչներով, պէտք է կիրարկուի միայն անձերու համար, քանի որ ասոնց առաջին ո բաղադրիչը գրաբարի մէջ կը նշանակէ ով, որ կը կիրարկուի միմիայն անձերու համար. ոեւէ կը նշանակէ, ուրեմն, ով ալ ըլլայ: Կարծես իրաւունք ալ ունի, կարելի՞ է, օրինակ, ըսել ոեւէ ծառ, այսինքն՝ ով ալ ըլլայ ծառը, ո՛չ, կարելի չէ ըսել: Թերեւս ըսողին ալ բերանը օրին չէ պատռած. բայց անցնինք:Դժբախտաբար, սակայն, Թաշեան խոր չմտածեց գործելէ առաջ, ինչ որ իր լեզուական թերութիւնն է, որուն պատճառով սխալներ գործած է ան: Ճիշդ է, որ ծառին, ոչխարին, արեւին ու նմաններուն համար անպատեհ է ըսել ով ալ ըլլայ, սակայն ունէինք որեւէ բառը, իր որ կամ որը արմատով, որ կիրարկելի է հաւասարապէս թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ-անձի համար. օրինակ՝ այս տղոցմէ ո՞րը, այս ծառերէն ո՞րը, այս բառերէն ո՞րը ու այսպէս շարունակ՝ ընդգրկելու համար հայերէնի բոլոր գոյականները անխտիր: Եթէ Թաշեանի տարողութեամբ մէկը պիտի պայքարէր յանուն լեզուական միօրինակութեան, ապա ան պիտի փորձէր ընդհանրացնել որեւէ-ն՝ ասոր կիրարկութիւնը տարածելով թէ՛ անձի եւ թէ՛ ոչ-անձի անուներու վրայ: Ոեւէ-ն աւելորդ էր, ժամանակի եւ ուժերու մսխում, քանի կրնայինք գոհանալ կուռ ու կոկիկ որեւէ-ով, որով միօրինակութիւն մըն ալ կազմած կ’ըլլայինք արեւելահայերէնին հետ, ինչ որ դէպի ցանկալի լեզուական միութիւն տանող փոքրիկ քայլ մըն է, քանի անոնք կը ճանչնան միայն որեւէ-ն: Ես վերը գոհացուցիչ ցոյց տուի վերոյիշեալ կանոնը իւրացուցած ու գործադրող արեւմտահայերու թիւը. սակայն, վերջին հաշուով, պէտք չէ մոռնալ, թէ իմ թուած անձերուս ընդհանուր գումարը մեր ժողովուրդին մէկ հազարերորդն իսկ չի կազմեր. հապա մնացեալնե՞րը... անոնք ալ ճիշդ կը կիրարկե՞ն ոեւէ-ն եւ որեւէ-ն: Մեր մատղաշ դպրոցականները որքանո՞վ կը յաջողին տիրապետել այս երկուութեան, հապա անոնց ուսուցիչնե՞րը, որոնց գիտցածը այդ դպրոցականներուն գիտցածէն շատ աւելի չէ եւ օր ըստ օրէ աւելի կը նուազի: Պարզ է. եթէ Թաշեան խոհեմ ու հեռատես ըլլար, ապա իր պայքարը պիտի ուղղէր ոեւէ-ին կիրարկութեան դէմ, պիտի ամէն ճիգ թափէր, որ նոր սերունդներու մտքէն հետզհետէ անհետանար ոեւէ-ն, որ, չմոռնանք, աշխարհաբար կառոյց ալ չունի: Ահա, ա՛յս պէտք է ընէր ան. սակայն... չըրաւ: Օրին որեւէ առողջ ձայն չհակադրուեցաւ Թաշեանին, ընդհակառակն, անոր հնարած կանոնը մտաւ զանազան ուղեցոյցներու եւ դասագիրքերու մէջ, իբրեւ արեւմտահայերէնի ամէնէն նուիրական ու անյեղլի օրէնքներէն մէկը, որ մինչեւ այսօր ալ կը փորձուի ուսուցանել, յարգել ու յաւերժացնել, բայց թէ ճիշդ ի՞նչ յաջողութեամբ, չեմ կրնար ըսել. որքանո՞վ զայն կ’ըմբռնեն մեր նոր սերունդները, այլեւ մեր ուսուցիչները: Եւ յետոյ ինչո՞ւ այս ժամավաճառութիւնը, այս անմիտ մսխումը ուժերու: Եւ յետոյ, երբ այս կամ այն կանոնին կը կառչինք, պէտք չէ մտածենք միայն միջինարեւելեան գաղութներուն մասին,- թէեւ հիմա այլեւս ասոնց կացութիւնն ալ փայլուն չէ,- այլ մանաւանդ հեռաւոր Քանատայի, Լոս Անճելըսի, Աւստրալիոյ դպրոցականներուն մասին եւս, որոնց սորված իւրաքանչիւր բառը,- ա'լ չեմ ըսեր կանոնը,- իսկական տաժանք մըն է թէ՛ իրենց համար, թէ՛ իրենց ուսուցիչներուն: Կ’ենթադրեմ, որ զիս անկանոն լեզուի ջատագով չէք նկատեր. իմ ակնարկութիւնս կ’երթայ անտեղի ու անարդարանալի կանոններու միայն: Դոկտ. Արմենակ Եղիայեան Ծանօթ. Յովհաննէսի.- Եթէ սխալ եմ. ուղղէ՛ք. «Յիւրսն եկ, եւ իւրքն զնա ոչ ընկալան»=իւրայինը «հարազատը» եկաւ, եւ իւրայինները նրան չընկալեցին «չընդունեցին», կամ՝ իւրայինների մօտ եկաւ, եւ իւրայինները նրան չընդունեցին:Ահա մի օրինակ ո բառին վերաբերող. «Սկսան այնուհետեւ բարձր բարբառով սաղմոսիւք եւ երգովք հոգեւորոք եւ մեծապայծառ վարդապետութեամբ յայտ հանդիման մեծի բանակին զպաշտօնն ցուցանել եւ աներկիւղ, առանց զանգիտելոյ, ո ոք եւ երթայր առ նոսա՝ ուսուցանէին կամակար»։Այսքան հայերէն իմացող դոկտորը, որ իր տիտղոսը գրած է «տոքթոր» ձեւով, Australia երկրի անուան T տառը, եւ Canada երկրի անուան D տառը. հայերէնում տառադարձած է նոյն. Տ տառով:Արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն լեզուական մօտեցման մասին զրուցող դոկտ. Արմենակ, դաժան բառը գրած է «տաժան» ձեւով, յամենայնդէպս շնորհակալ ենք նրանից:
  7. 1-Viele gute und danke schōn mein lehrer –Very good and thanks a lot my teacher. right?2-Wier werke zusammen-we are working together. right?3-Es ist nicht alles gold, was glänzt. Not every thing glitters, is gold.4-Du hilfst der Dame. You help the lady.5-Kann ich morgen wiederkommen? Can I come back tomorrow?Ja ich kannNow, how to say "good luck" or "see you later" in German. Is it "Dasvidanya". I noticed both Russians and Germans use this word.
  8. Մէջբերում. «Ազդակ» օրաթերթ, 30 Յունիս 2008 www.aztagdaily.com Ի ՊԷՏՍ ԶԱՌԱԾԵԼՈՑ (Շար. 6)ՈՎ-ՈՎՔԵՐ, ՈՐ(Ը)-ՈՐՈՆՔ Հայր կռանեանին հրաժեշտ տալու առթիւ կ’ուզեմ անդրադառնալ ովքեր-որոնք զոյգին: Ըստ հայր սուրբին՝ ասոնցմէ առաջինը՝ ովքեր, արեւելահայերէն է, հետեւաբար՝ եթէ արեւմտահայ ես, մի' ըսեր ովքեր, այլ ըսէ որոնք: Ահա այն պատգամը, որ կը բխի իր շարադրանքէն: Բայց ճի՞շդ է այս դատողութիւնը... Վերը բերուած չորս բառերն ալ մեր քերականութեան մէջ կը կոչուին յարաբերական եւ հարցական դերանուններ: Յարաբերական են ասոնք, երբ երկու նախադասութիւն կը կապեն, օրինակ՝ ծառը, որ ծաղկեցաւ. ո՞ր ծառը ծաղկեցաւ: Առաջին որ-ը յարաբերական է, երկրորդը, որ օժտուած է պարոյկով մըն ալ, հարցական է: Արեւմտահայերէնի մէջ ով-ը եւ ովքեր-ը կը գործածենք գրեթէ իբրեւ միայն հարցական դերանուն. Ո՞վ եկաւ, Ովքե՞ր եկան: Արեւելահայերը ասոնք կը գործածեն նաեւ իբրեւ յարաբերական դերանուն. Օրինակ՝ նա, ով ուզում է. նրանք, ովքեր ուզում են: Միւս երկուքը՝ որ(ը) եւ որոնք, մեր երկու բարբառներուն մէջ հաւասարապէս կը գործածուին թէ՛ որպէս յարաբերական, թէ՛ որպէս հարցական: Հիմա, հիմնական հարցը որ այստեղ կը ծագի հետեւեալն է՝ ով(ը) եւ որ(ը)՝ մէկ կողմէ, ովքեր եւ որոնք՝ միւս կողմէ, համարժէ՞ք են, որպէսզի կարելի ըլլայ այսպէս հանդարտ մտքով ու խղճով թելադրել, որ չգործածենք ովքեր-ը, այլ գործածենք որոնք-ը: Ինծի կը թուի, թէ ով-ովքեր զոյգը եւ որ(ը), որոնք զոյգը զիրար չեն կրնար փոխարինել. նոյն բանը չեն, եւ ճիշդ այս կէտը, այս նրբութիւն է, որ պիտի փորձեմ ընկալելի դարձնել. անշուշտ հարցը կը վերաբերի ասոնց հարցական կիրարկութեան, քանի յարաբերական կիրարկութեան անդրադարձայ արդէն: Իմ այս ճիգիս մէջ ընթերցողը պէտք է ջանայ օգնել ինծի՝ փորձելով մտնել այն բոլոր կացութեանց մէջ, ուր ես պիտի դնեմ զինք: Ենթադրենք, որ սենեակիդ մէջ նստած ես եւ յանկարծ դուռը կը զարնուի. զայն բանալէ առաջ կ’ուզես որոշ չափով ստուգել եկողին ինքնութիւնը: Հետեւեալ երկու հարցումներէն ո՞րը կ’ուղղես անոր ուղղութեամբ.-Ո՞վ է...-Ո՞րն է... Ես ունիմ այն տպաւորութիւնը, որ ասոնցմէ առաջինը կ’ուղղես եւ չես ըսեր ո՞րն է. արեւմտահայը այսպէս չի խօսիր: Այս ալ կը նշանակէ, թէ ով եւ որ(ը) զիրար չեն փոխարիներ:Հիմա ենթադրենք, թէ դուրսէն խօսակցութեան ձայն կը լսես, որով կ’եզրակացնես, թէ եկողները մէկէ աւելի են. դարձեալ փորձենք պատկերացնել այն հարցումը, որ պիտի ուղղես եկողներուն հասցէին.-Ովքե՞ր են...-Որո՞նք են... Այս պարագային եւս ունիմ այն հաստատ համոզումը, թէ կ’ուղղես առաջին հարցումը՝ ովքե՞ր են, առաջինը, եթէ աննախապաշար հայերէն մը կը խօսիս եւ եթէ ուղեղդ չեն լուացած, թէ ովքեր-ը արեւելահայերէն է: Ուրեմն այս վերջինն ալ ցոյց կու տայ, թէ ովքեր եւ որոնք համարժէք չեն: Եւ բնաւ չեմ զարմանար. եթէ համարժէք ըլլային, ինչո՞ւ լեզուն նոյն նպատակին համար երկու տարբեր բառեր պիտի ստեղծեր, անհիմն պերճանք մը ու մսխում մը չէ՞ այս: Ճիշդ ո՞ւր կը կայանայ այս երկուքին տարբերութիւնը:Ո՞վ եւ ովքե՞ր հարցական դերանունները կը ծառայեն նշելու բացարձակ անծանօթ անձեր. Ասոնց կը դիմենք, եթէ տուեալ անձին կամ անձերուն մասին ոչ մէկ գաղափար ունինք: Երբ կ’ըսենք՝ այս ծառը ո՞վ կտրեր է, ծառը կտրողին մասին բացարձակապէս ոչինչ գիտենք: Մինչդեռ ո՞րը եւ որո՞նք հարցականները կը կիրարկենք հոն, ուր տուեալ գործողութիւնը կատարելու հաւանականութիւն ներկայացնող անձերու հաւաքականութիւն մը ի մտի ունինք. եւ առհասարակ այդ անձերուն անունը կը կցենք ովքեր դերանունին՝ բացառական հոլով դնելով այդ անունը. օրինակ՝ ձեզմէ որո՞նք, աշակերտներէն որո՞նք, զաւակներէս որո՞նք, երեսփոխաններէն որո՞նք, մեզմէ որո՞նք եւ այլն: Այլ խօսքով՝ որո՞նք դերանունին բովանդակած անորոշութիւնը զգալիօրէն նուազ է ովքե՞ր դերանունի անորոշութենէն, որ ամբողջական է. եւ ճիշդ այս կէտին մէջ ալ կը կայանայ անոնց միջեւ գտնուող նուրբ տարբերութիւնը, որ ասոնցմէ իւրաքանչիւրին կու տայ յատուկ դիմագիծ մը եւ գործածութեան յատուկ ծիր մը: Ովքեր-ը արեւելահայերէ՞ն է: Բացարձակապէս ոչ. ան ծնունդ առած է Հայաստանի ծոցին մէջ, մեր միջնաշխարհի պորտին վրայ, իբրեւ անհրաժեշտ յոգնակին ով դերանունին: Հայ ժողովուրդն է անոր հեղինակը: Եւ որովհետեւ արեւելահայերը աւելի մօտ եղած են այդ միջնաշխարհին, անոնք մեզմէ առաջ իւրացուցած են զայն. այնտեղ չեն գտնուած կիսագրագէտ վարժապետներ, որոնք հրեայի ու հեթանոսի զատողութիւն դնելով մերժէին զայն: Ընդհակառակն, առողջ լեզուամտածողութեամբ մը որդեգրած են զայն ու կը գործածեն ըստ հարկին: Աշխարհաբարը գրաբարէն առնելիք չունի, ան պէտք է աճի եւ ուռճանայ իր սեփական միջոցներով: Մայրական կաթը օգտակար ու կենսական է մինչեւ որոշ ատեն մը, որմէ անդին ան պէտք է այլեւս դադրի իբրեւ սնունդ ծառայելէ: Դոկտ. Արմենակ Եղիայեան Ծանօթ. Johan-ի.-· Վերի մէջբերման մէջ, արեւելահայ բառը հասկանալ՝ արեւելահայերէնախօս, արեւմտահայը՝ արեւմահայերէնախօս: Աշխարհագրութիւնը եւ պատմութիւնը վկայ են:· «Մեր երկու բարբառներ» արտայայտութեամբ պիտի հասկանալ. «աշխարհաբարի երկու գրական տարբերակները՝ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը»: Հայերէնի կենսունակ եւ ոչ կենսունակ բարբառները կէս հարիւրեակից մի քիչ պակաս են:· Երեսփոխան նշանակէ պատգամաւոր:
  9. Thanks for help Adam. Ich habe galernt.I did not know that the word "heil" is considered to Nazi ideology. I thought it a German word, not more.So, how can some one greets except using "gutentag" "gutenmorgen" & "gutenacht"? Are there, in German language, other greetings? By the way, how can I say thanks in German? Is it "danke schön"? or some thing like that. Dear Ghazaryan, while I remember, the surname of Prime Minister in Germany is "Kanzler". Several times I heard in media the phrase "Kanzler Helmut Kohl".An other question to you, my friends, how to say? "I speak Armenian", is it? "Ich sprache Armenischen"And how to say ", I cannot love you" Ich kann nicht lieben ihr
  10. Heil freund.Can you tell me the meaning of "bund" or "Bundes", "Bundestag" and "Budesliga".By the way, i guess your name is Adam; Evas' husband. In Armenian "atam" means tooth (agra).
  11. Մէջբերում.-«Ազդակ» օրաթերթ, Ուրբաթ, 27 Յուլիս 2008Ի պետս զառածելոցԸնթեռնելի թէ՞ ընթեռնլիՀայ իրականութեան մէջ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, ընթեռնլի ձեւը եղած է բառարաններու մթին խորշերուն մէջ մնացած ու անգիտացուած բառ մը, որ կու գայ գրաբարեան ընթեռնուլ ձեւէն: Ճիշտ ինչպէս որ արդի աշխարհաբարի մէջ բայածականներ կը կազմենք ի մը աւելցնելով բայերու ետեւը, օրինակ՝ ուտել-ուտելի, գործադրել-գործադրելի, սիրել-սիրելի, նոյնը կ’ընէր գրաբարն ալ ուլ լծորդութեանց բայերուն հետ. օրինակ՝ ընթեռնուլ-ընթեռնուլի-ընթեռնլի. ինչպէս կը նկատենք, վերջնական ձեւը ստացուած է ու ձայնաւորի սղումով, հետեւաբար բառս պէտք է արտասանել ընթեռնըլի՝ անշուշտ առանց գրելու այս ը-ն: Ընթեռնլի-ն, ինչպէս նաեւ այլ բայածականներ՝ առնուլ-առնլի, զենուլ-զենլի, հեղուլ-հեղլի եւ բազմաթիւ ուրիշներ, «Նոր հայկազեան»էն ի վեր կ’անցնին բառարանէ-բառարան, ինչպէս «Առձեռն»ին: Ասոնք, սակայն գրաբարի բառարաններ են: Գայայեանէն սկսեալ ﬓացեալ բոլորը անտեսութեան մատնուեցան, իսկ ընթեռնլի-ն մնաց ու անցաւ Ճիզմեճեանին, Տէր Խաչատուրեանին, հուսկ ապա հայր Կռանեանին. անշուշտ չէր կրնար չանցնիլ այս վերջինին, որովհետեւ հայր Կռանեան ԺԹ. դարու ամէնէն գրաբարամէտ բառարանագիրն է: Ան ոչ միայն տեղ տուած է ընթեռնլի-ին, այլեւ իր բառարանին մէջ յատուկ յանձնարարած է զայն ընթերցողներուն, որպէսզի չըլլայ թէ յանկարծ զառածին եւ կիրարկեն աշխարհաբարեան ընթեռնելի ձեւը, որ իրեն համար «արեւելահայերէն» է: Սակայն, որքան կը յիշեմ, հայր Կռանեանէն առաջ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանն էր, որ բաւական շունչ վատնեց այս մոմիացած բայածանցին: «Ազդակ»ի յայտարարութիւնները կարդացողները անշուշտ լիահագագ կը վայելեն այս չնաշխարհիկ գրելաձեւը: Այս բոլորին մէջ, սակայն, մոռցուած է երկու բան. նախ՝ աշխարհաբարը, երկրորդ՝ ուղղագրական կամ լեզուական հետեւողականութիւն ըսուածը: Աշխարհաբարը ուլ լծորդութեան բայ չունի. մէկ երկու քարացած ձեւերը այս իրողութեան հակառակը չեն փաստեր: Ոչ միայն չունի, այլեւ ինչ որ առնչուած է ուլ լծորդութեան բայերու, զանոնք կա՛մ աշխարհաբարացուցած է, կա՛մ լեզուէն դուրս ձգած է: Օրինակի համար՝ առնլի-ն, զենլի-ն, հեղլի-ն, կերլի-ն դարձուցած է առնելի(ք), զենելի(ք), հեղելի(ք), ուտելի(ք), եւ այլն: Աշխարհաբարացուցած է նոյնիսկ լման խոնարհումները. Օրինակ՝ յենուլ-ը դարձուցած է յենիլ, ուր կու տայ յենեցայ-յենեցար-յենեցաւ-յենի՛ր, փոխանակ տալու յեցայ-յեցար-յեցաւ-յեցի՛ր, ինչպէս կը պահանջեն գրաբարամէտները: Յառնուլ-ը աշխարհաբարացուցած է եւ դարձուցած յառնել, որ կու տայ յառնեցի-յառնեցիր-յառնեց-յառնէ՛, փոխանակ տալու յարեայ-յարեար-յարեաւ-արի. մենք յարեաւ ձեւը կը կիրարկենք գրաբարեան մաղթանքներու մէջ՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց», ճիշդ ինչպէս Տէրունական աղօթքը գրաբար կ’արտասանենք: Իսկ արեւելահայերը կը պահեն արի ձեւը, սակայն ոչ գրաբարը կիրարկելու տրամաբանութեամբ: Ուլ լծորդութեան այլ բայեր բոլորովին դուրս մնացած են լեզուէն, օրինակ՝ խնուլ, լնուլ, յեռուլ եւ շատ ուրիշներ, որոնք չեն մարսուած աշխարհաբարէն եւ խորթ են արդի լեզուի բարքերուն: Հայր Կռանեան շատ կը սխալի, երբ սեւով ճերմակի վրայ կը գրէ, թէ «արեւմտահայուն համար բայը ընթեռնուլ» է, ո՞ր արեւմտահայուն համար, ո՞ւր կ’ապրին նման արեւմտահայեր: Մեր ժողովուրդը վաղուց աշխարհաբարացուցած է ընթեռնլի-ն՝ զայն դարձնելով ընթեռնելի, ճիշդ ինչպէս որ առնլի-ն դարձած է առնելի, զենլի-ն՝ զենելի, կերլի-ն՝ ուտելի, հեղլի-ն՝ հեղելի եւ այլն. այս վերջիններուն առնչութեամբ որեւէ երկբայութիւն չկայ, անշուշտ: Արդ, ո՞ր տրամաբանութեամբ ասոնք աշխարհաբարացած են, իսկ ընթեռնլի-ն պիտի անփոփոխ պահէր իր կաղապարը: Վերջին հաշուով ո՞վ կ’որոշէ բառի մը ձեւը,- քանի մը բառարանագիրնե՞ր, թէ՞ կենդանի լեզուն կիրարկող միլիոնաւոր հայրենակիցներ. իսկ երբ այս վերջինները ի Հայաստան ու ի սփիւռս աշխարհի ընթեռնելի կ’ըսեն ու կը գրեն, ո՞ր իրաւունքով բառարանագիրը ուրիշ բառ կ’արձանագրէ իր բառարանին մէջ ու կը պատգամէ նորահաս սերունդներուն. «Ա՛յս է քու բառդ»: Դոկտ. Արմենակ Եղիայեան www.aztagdaily.com
  12. Երբ հայի միտքը, չի կարողանում նոր հայ բառեր ստեղծել, կամ եղածը օգտագործել, սա նշանակում է թէ՝ նա չի տիրապետում հայերէնի նրբութեանց. բառակազմութեան ձեւերին ու հայ լեզուի պատմութեան: Նա ընդհանրապէս հայերէն ու հայօրէն չի մտածում, ուստի պէտք չի զգում հայերէն խօսել, քանզի նա արդէն հայերէն չի մտածում: Հասարակական պահանջք էլ չկայ: Վերցնում եմ մի «ացիա» ածանցով վերջացող բառ, ու ասում եմ. «Բարեկամ, հայերէնն ունի, սա ու սա, այս ու այս, էս ու էս հոմանիշներն ու համանիշները»: Ասում է. «Նոյն իմաստը չի տալիս»: Հրաժարելով բանաւոր վիճելուց, մտովին շարունակում եմ երկնել: Հարկաւ 100 % նոյն իմաստը չի տալու, քանզի հայերէն բառերի օգտագործման դարերում, չկային PC, TV եւ... գլոբալիզացիա ու կո ռումբ աց ված ութ յուն, եւ մարդիկ այսքան դե գե ներ աց ված չէին: Մինչ, եթէ հայերէնը լիներ մեր ուսման առաջին ու երկրորդ ու երրորդ լեզուն, ապա առանց մեծ դժուարութեան. հայերէն բառեր պիտի տողանցէին, նախադասութիւն կերտելու համար բառեր որոնելիս:
  13. Շնորհակալ եմ Կարս: Առանց մեծ դժուարութեան գրում եմ արեւելահայերէն, եւ եթէ զարտուղի ձեւեր եմ օգտագործում, ապա գիտակցաբար արածներս շատ են ընթացքում: Արեւմտահայերէն գրում եմ, որպէսզի մշակութային երանգ լինի, անարեւմտահայ համացանցում: Այլ խօսքով՝ գորշ արեւմտահայ չեմ, ու հայերէնը գերիվեր եմ դասում. արեւմտահայերէնից ու արեւելահայերէնից: 28-րդ եւ 29-րդ նամակներում գրածիդ համամիտ եմ: Շատ ուրախ եմ լինում ու գոհ նրանից, ո'վ հայերէն է սովորեցնում ինձ: Երեւի վերապահութեամբ, կամ այլ բնորոշումով պէտք է արձանագրել. "արեւմտահայերէն" ու "արեւելահայերէն" բառերը: Իրականում եղել են արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի տարբերակներ, որոնցից երկուսը պաշտօնապէս ընդունուել են, ու շարունակուել: Խօսիլ անորոշ բայը միշտ էլ «խօսիլ» ձեւով եմ տեսել ու լսել, որ հոլովման պահին. խօսեցայ է լինում: Նմանապէս՝ ապրիլ-ապրիս-ապեցայ: Սակայն հաստատելով գրածդ, յարգելի Կարս, ասեմ որ՝ զարմանում էի, երբ բարբառախօս (Եդեսիա-Կարմուճ) ընկերս, պատանեկութեան օրերին, գործ էր ածում «տանեմ» ձեւը, փոխան պաշտօնապէս ընդունուած «տանիմ» ձեւին: Ի՜նչ են արդի գրական հայերէնի երկու տարբերակները, եթէ ո'չ իւրաքանչիւր կողմի, մի գերադաս բարբառի ազնուացած վիճակը: Անխուսափելի է. գրական հայերէնը դանդաղօրէն սպաննում է հայոց բարբառները: Դրան նպաստում է քաղաքաշինութիւնն ու հաղորդակցման կապի դիւրացումը: Մեծամասնութիւնը կուլ է տալիս, մանաւանդ քանակապէս վտանգուած հայ մշակութային տարրին: Իսկ այժմ, ցաւօ՜ք, ցաւօք եկել է մայրաքաղաքային ու հետզհետէ աւելի բռիացող Երեւանեան փողոցայինը, բռնելու տեղը. «անազնիւ», սակայն սրտամօտ ու հայատրոփ բարբառի, ու գրական հայերէնի: Իսկ ի՜նչ ասել, այն հազարաւոր «հայացուած», լատինագերման ծնողների սովետածնունդ բառերի մասին, որոնք արդէն անարգել հայերէն են համարւում: Արեւմտահայ ողջ մնացած հայագրութիւնը ինք իրեն չթոյլատրեց, առանց արեւելահայ եղբայրների համամտութեան ու մասնակցութեան. լեզւում ընդունել. հազարաւոր ֆրանկ, արաբ ու անգլ բառեր: Պարտադրուած բաժանումը մենք ենք օրինականցում:
  14. Կանոն չկայ բարեկամ. սկիզբէն այդպէս աւանդուած է: Հայերէնն (գրաբար, աշխարհաբար արեւմտահայերէն) ունի. իլ, ել եւ ուլ լծորդումներ: Իւրաքանչիւր բայ կ'առնէ իր լծորդումը. ուտել, ապրիլ, թողուլ:
  15. Բարի տեսայ Սաս: Ողջո՜յն ամենուն:
  16. Կարս գնահատելի է ջանքդ: Կրնա՞մ միջամտել: Եթէ ո'չ, ապա կրնաս ջնջել ամենակարող բարեկամ: «Շոյուած» բառը արեւմտահայերը երբէք չեն գործածած, այն իմաստով՝ որ արեւելահայ լեզուամտածողութեան մէջ կայ. այս օրինակով: Նոյն իմաստը տալու համար, պիտի գրէիր. զգացուած, գնահատուած եւ այլն: «Աս» դերանունը բարբառային-ժողիվրդային է, գրական արեւմտահայերէնը գիտէ «այս» դերանունը: «Արեւմտեան Հայերէն» բառակապակցումը քիչ մը ճապաղ է, եւ ընդհանրապէս կը գործածուի. «Արեւմտահայերէն» բարդբառը: «Մասնագիտական նման աշխատանք մը կատարելու համար» ձեւն է ճիշտը, առանց որոշիչ յօդի: «Այս լեզուով» եւ ո'չ՝ «աս լէզուով»: «Չեմ կրնար պատասխանատուութիւն առնիլ» նախադասութեան մէջ իլ լծորդումը ճիշտ չէ. պաշտօնապէս ընդունուած արեւմտահայերէնի համար: Յաճախ, մեր եղբայրները կը շփոթին. բոլոր բայերը իլ լծորդումով կազմելով, երբ կը փորձեն արեւմտահայերէն գրել ու խօսիլ: Շիրակի եւ Սասուն-Տարօնի բարբառներուն մէջ այդպէս է կարծեմ: Գլուխս առնիմ, ընկնիմ սարերը... Ես ալ պատասխանտուութիւն չեմ առներ, բայց կը մասնակցիմ: «Գուցէ չափէն շա՞տ ինքս զիս ներկայացուցած եւ գովաբանած եմ սա բառերով» նախադասութիւնը արեւմտահայերէն չէ, այլ՝ իմ ստեղծածի պէս. խառն բան մը: Արեւմտահայերէնի մէջ չկայ «գուցէ» բառ, պիտի գրէիր. «թերեւս»: «Չափէն շատ»ի փոխարէն «չափէն աւելի» եթէ գրէիր աւելի. հայերէն կ’ըլլար: «Ինքս զիս» չկայ, պիտի գրէիր. «ինքզինքս»: «Ատանք» դարձեալ ժողովրդային ու ռաբիզ է, պիտի գրէիր «այդպէս»: «Բայց, եթէ զատ հարցեր ըլլան, միշտ ալ յօժար եմ օգնել, ասկէ ետքը» «Բայց, եթէ առանձին հարցեր ըլլան, միշտ յօժար եմ օգնելու, ասկէ ետքը»:
  17. Հայաստանում թող լինի ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն: Դորանից միայն եւ միայն բովանդակ հայ ժողովուրդն է շահելու, եւ բոլոր նրանք, ովքեր վերջի տխուր պատահարների առիթով հրաժարուեցին Հայաստանում կայք հաստատելուց. յետ կը կանգնեն իրենց հրաժարումից: Ես այստեղ, եթէ թոյլ կը տաք, չեմ զրուցելու այդ տխուր դէպքերի կապակցութեամբ: Իմ, կը ներէք այս դերանուան համար, հետաքրքրութիւնս արտաքին քաղաքականութիւնն է եւ Հայաստանի ռազմավարական հեռակայ շահը: Հարց. Ինչ արեց, արեցին, անելու են, երբ հայ ժողովուրդը ցեղասպանուեց արեւմտեան Հայաստանում, հետագայում սովետ ադրբ.-ում, երբ Ջուղհայի խաչքարերը ոչնչացուեց: Ոչինչ: Ի՞նչ անելու է այս human rights watch-ը, եթէ՝ աստուած մի արասցէ, արեւլքի կամ արեւմուտքի թուրքերը գրոհեն Հայաստանի տարածք: Ի՞նչ է անում այս human rights watch-ը ամէն օր հնչող հայատեաց պատերազմի արեւելաթուրքական կոչերի կապակցութեամբ: Թերեւս նման յայտարարութիւն է տարածում: Մեզ ժողովրդավարութիւն եւ ազատութիւն եւ արդարութիւն պէտք է, քանզի մեր շահն է այդ պահանջում, ո'չ որով human rights watch-ն է դա պահանջում: Հիմա ես չգիտեմ, ո՞նց են հաւաքւում ու ոնց են կալանաւորւում: Բայց գիտեմ, որ ոմանք այսպէս կամ այնպէս ընտրուած նախագահի աշխարհի կողմից ճանաչուած օրինականութիւնը կասկածի տակ են դնում ու կոչ անում փոխել իշխանութիւնը բռնի միջոցներով: Հաստատ, human rights watch-ը յօժար չեն. Հայաստանում արիւնալի յեղաշրջման իրականացումից: Ինչպէս նաեւ, այստեղ, նախագահական ընտրութեան արդիւնքից դժգոհ զանգուածը, ԱՆՏԵՍՈՒՄ Է, իրապէս ընտրեալ նախագահի ընտրազանգուածին: Բոլորս էլ հայ ենք, չէ՞, ուրեմն Հայաստանը միայն այդ բողոքաւորներին չի պատկանում: Հայաստան դեռեւս պատերազմը մէջ գտնւող երկիր է, չմոռանանք: Սկզբից ամէն ինչ արուեց, որ այստեղ հասնենք: Սխալները այլ սխալների հետեւանք են: Բռնում ենք հետեւանքի պոչը ու գնում, մոռանալով սկզբնական պատճառ սխալները: Հետ գրություն. Այդ իշխող վարչախումբին ի՜նչ ասեմ , որ այսքան մարդ լեվոնական դարձրեց:
  18. «ԼԵՎՈՆ ՏԵՐ-ՊԵՏՐՈՍՅԱՆԸ ԳՈՐԾԻՔ Է ՈՒՐԻՇ ՈՒԺԵՐԻ ՁԵՌՔՈՒՄ» «Զավեշտալի է, երբ Լևոն Տեր-Պետրոսյանը խոսում է ընտրակեղծիքների, բռնությունների մասին, քանի որ նա է եղել դրանց կնքահայրը»,-այսօրվա ասուլիսում ասաց Սահմանադրական իրավունք միություն կուսակցության նախագահ Հայկ Բաբուխանյանը: Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցության նախագահ Արամ Սարգսյանը նշեց, որ Լևոն Տեր-Պետրոսյանի առաջարկված լուծումները բացարձակ չեն համապատասխանում Հայաստանի պետական շահերին, ԼՂ հակամարտության, հայ-ադրբեջանական, հայ-թուրքական հարաբերությունների, ցեղասպանության խնդիրների առումով, առանց որոնց հայանպաստ դիրքորոշման Հայաստանը ապագա չունի: Հայկ Բաբուխանյանը ընդգծելով, որ իրենք 20 տարիների ընթացքում չեն եղել ոչ նախկին, ոչ էլ ներկա իշխանությունների կողմնակից, նշեց, որ այն ինչ անում է Լ. Տեր-Պետրոսյանը «նարնջագույն հեղափոխության» փորձ է և հավելեց, որ ՍԻՄ-ը ու ՀԴԿ-ն կտրականապես դեմ են այդ փորձերին: Հ. Բաբուխանյանի համոզմամբ Լ. Տեր-Պետրոսյանը փորձում է Հայաստանին դուրս հանել իր ավանդական դաշնակիցների դաշտից՝ ԱՊՀ, Ռուսաստանի հետ բարեկամություն, անվտանգություն, կոլեկտիվ անվտանգության պայմանագիր, ինչպես նաև մեր ազգային արժեքների ծիրից՝ ԼՂ հակամարտություն, Հայոց Ցեղասպանության ճանաչում: «Նա ցանկանում է մտցնել մի նոր դաշտ, այսինքն Թուրքիայի պռոտեկտորատի տակ` ՆԱՏՕ-ական դաշտ»,-նկատեց ՍԻՄ նախագահը: Վերջինս վստահեցրեց, որ սրա հետ մեկտեղ իրենք ընդդիմություն են նաև ներկա իշխանություններին: Հ. Բաբուխանյանի խոսքով, ներկա իշխանությունները պետք է գիտակցեն, որ այսօր նախկին նախագահին ձայն տված մարդիկ հասարակության բողոքական հատվածն է, իսկ նրանցից շատերն էլ ռևանշիստական սկզբունքներով են շարժվում: «Մենք պահանջում ենք ներկա իշխանություններից նաև այն թերությունները, որոնք հնչել են վստահված անձանց կողմից ստանան իրենց վերջնական և համոզիչ բացատրությունը և պատասխանատվությունը»,-իր դիրքորոշումը հայտնեց ՍԻՄ ղեկավարը: Նա կոչ արեց այն ուժերին, որոնք դեմ են «Լևոն Տեր-Պետրոսյանի ապազգային, հակազգային շարժմանը, միանալ իրենց»: ՀԴԿ ղեկավարը անդրադառնալով Լ. Տեր-Պետրոսյանի ելույթներին և հասարակության մի հատվածի կողմից շրջանառվող այն կարծիքին, թե նախկին նախագահը խորիմաստ անձնավորություն է, ասաց, որ իր ելույթներից նման եզրակացության չես գալիս: «Խելամիտ մարդը ժողովրդի մյուս հատվածին չի ասի դավաճան, տականք՝ հայտարարելով, թե ով իմ հետ չէ, նա տականք է»,-ասաց Արամ Սարգսյանը, ավելացնելով, որ այդ չարությամբ ու նենգությամբ հնարավոր չէ երկիր կառավարել: Ա. Գասպարյանը ափսոսանք հայտնեց, որ ժողովուրդը նրան հավատալով կարծում է, թե նա իսկապես իրենց ձեռքում գործիք է: «Նա երբեք գործիք չի եղել, նա գործիք է ուրիշ ուժերի ձեռքերում»: Ա. Գասպարյանը նշեց, որ նորընտիր նախագահը իր հերթին պարտավորված ու պարտավորված է ժողովրդի կարիքները հոգալու: Աղբյուր` Panorama.am http://www.panorama.am/am/elections/2008/02/25/hdk/
  19. Այո, ցնցուած ենք, տեսնելով թէ ինչպէս այսքան հայ կարող է տարուել հայակործան քաղաքականութեամբ: Բայց լաւ իմացէ'ք, որ Հայ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը լեւոնական չէ: Մինչ այսօր, նրանց դէմ կանգնել են, ոստիկանները, իսկ յետայսու, վախենամ ժողովուրդ ժողովուրդի դէմ կանգնի, սթափ եղէք, վերջ տուէք ձեր յիմար մտայնութեան իբր դուք մեծամասնութիւն էք: Եթէ, Աստուած մի արասցէ, հայ քաղաքացին հայ քաղաքացու դէմ ելնէ, այդ ժամանակ զոհերի թիւը, ոչ թէ 8 այլ 80 կարող է լինել:
  20. Ողջո՜յն, Այսքանը կարդալս բաւական էր, որ բանից «անտեղեակ», «հայլուրական», «ռոմանտիկ» ու բեխաբար սփիւռքահայս երկու խօսք ունենամ: Մոռացողներիդ կամ մոռացութեան տւողներիդ ասեմ որ Հայաստանն պատերազմի մէջ է, այսպէս կոչուած կեղծ ադրբեջանի հետ: Մենք գիտենք այդ շինծու պետութիւնը որքա՜ն տարածք դարձուց իրաւատիրոջ, Ժամանակ: Գիտենք նաեւ թէ ինչպէս գերմանացիք ուղարկեցին վլադիմիր իլյիչ գործակալը, պատերազմում յաղթած, Ռուսաստանի տարածքում Իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար, որն անխուսափելիօրէն պիտի տաներ եւ տարաւ պարտուածի կարգավիճակին: Ռուսաստանը տարածքներ կորուսեց Եւրոպական եւ Ասիական ճակատներում, եւ արեւմտահայաստանը վերադարձուեց թուրքերին: Արտգէո, եթէ ձեր ծրագիրը իրականանայ, Հայաստանը լինելու է անպաշտպան եւ անխուսափելիօրէն՝ եթէ ոչ մարտի դաշտում, ապա դիւանաագիտական սեղանում ունենալու է ցաւատանջ կորուստներ Արցախի կապակցութեամբ:
  21. Մոլեռանդ լեւոնականներ, չգիտեմ նրա ինչը հաւանել են, արդարացնելու համար նրա ազգադաւ գործունէութիւնը, երեւոյթները մեկնաբանելիս, անցնում են երեւակայելիի սահմանները: Նրանք, մտահոգ չեն անվտանգութեամբ, եւ ահա՝ ի՜նչ հայի խղճով, ասում են, թէ՝ Սերժ Սարգսեանը նպաստաւոր է ազարպատլջանի համար, հենց դրա պատճառով, թուրքերը յարձակուեցին Արցախում, որպէսզի լեւոնը վարկաբեկուի: Փոխանակ ապաշխարելու, քաջաբար սրբագրուելով խոստովանելու յանցանքները, դեռ եւս, ազգի մեծամասնութեան մերժածը ներկայացնում են, որպէս ընտրեալ նախագահ: Այսպիսիք, ազգը պառակտելով, արցախցի-հայաստանցի խտրութիւն մտցնելով. լաւագոյն ծառայութիւնն են մատուցում ազգի ու հայրենիքի թշնամիներին: Անցնելով երեւակայելիի սահմանները, կուրացած, կաշառուած, յղփացած, գրագիր մկներ, չեն կշտանում թափուած արիւնից: Սրիկայութեան զոհասեղանին, տականքութեան զոհ դարձած հայի թափած արիւնը քիչ են համարում: Ու դեռ, դեռ անամօթափար շարունակում են նոյն անամօթութիւնը, անկրթութիւնը, որ մեզ հասցրեց սոյն իրավիճակին: Բայց պէտք չէ զարմանալ, քանզի իւրաքանչիւր մարդու տեսակ, ունի իր յատկութիւնը: Մարդ կայ քանդող է, մարդ կայ կերտող: Ի՞նչ կարելի էր սպասել. Քանդելու իր ընդունակութիւնը հիանալի ապացուցած անձից եւ նրա շրջապատից: Իրավիճակը հասել է այնպիսի անհամութեան, որ այլեւս կարեւոր չէ, ո'չ ժողովրդավարութիւնը, ո'չ արդար քուէահամարը, ո'չ ընտրութեան իրական պատկերը: Այլեւս զզուելի է դարձել, սովորական շարքային հայի համար, լեւոնչիկների կաղկանձը ընդհանրապէս: Ցաւալին այն է, որ խաբում են, նախ իրենց, ետքը փորձում խաբել աշխարհին: ԵՒ նամակներ են ուղարկում ամէնուրէք, խնդրելով օգնութիւն, Հայաստանում մերժելին, նախագահի աթոռին զետեղելու, եւ հայութիւնն ու Հայաստանը պատուհասելու: Եթէ ուզում էք հասկանալ Հայոց պատմութիւնը, թէ ինչո՞ւ փոքրացել է պատմական Հայքը, թէ ինչո՞ւ կորուսել ենք պետականութիւնը, այն պետականութիւնը որ Հայ ժողովուրդի գոյութեան միակ գրաւականը կարող էր լինել, ապա նայեցէ'ք այժմու վեստ սարգիսներին: Ո՞վ ասաց, ո՞վ, որ ամէն հայանուն, ամէն հայագիր մարդ է: Այլապէս, ինչպէ՞ս կարելի է՝ այսքան պառակտիչ, այսքան անխիղճ, այսքան քանդիչ, այսքան հոգեհան գործունէութիւն ծաւալել հարազատ երկրի եւ ազգի հանդէպ: Ո՞ր քանդող գործակալութեան դպրոցն էք աւարտել, գորշագոյն արկածախնդրութեան փանջունիներդ: Ի՞նչ, ի՞նչ իրաւունք էք տալիս, ինքներդ ձեզ, փոքրամասնութեանդ, բոլորիս հայրենիքի ճակատագրով խաղալու: Ո՞վ է ասում, ո՞վ, ո՞ր մէկ ծախուած գրագիրը, որ ձեր լրատուամիջոցները ճշմարտախօս են: Միթէ՞ չեղանք ականտես եւ ականջալուր՝ բեմահարթակում կանգնած խրտուիլակի ցնդաբանութեան: Չէ՞ք ամաչում: Մե՜ծ, շատ մեծ հաճոյքով պիտի դիտեմ, երեւանում թրքութիւն անողների եւ կազմակերպիչների դատավարութիւնը, աւելի ուրախ պիտի լինեմ, եթէ ծանր պատիժների ենթարկուեն, ո'չ միայն վատ արարք գործողները, այլեւ ազգի միջեւ խտրութիւն, ատելութիւն սերմանողները, ինչպէս նաեւ՝ պետութեան կազմալուծման նպաստող քարոզչութիւն տարածողները: Անկցին դաւաճանները:
  22. Արտգէոյից մէջբերումներ եւ ինձանից պատասխաններ.- Միանշանակ Աներկբայ Անտարակոյս Չեղաւ: Նախ բռնատիրական պատգամ է մարդկանցից պահանջելը՝ ինչին նայել, ինչին ո'չ: Ինքներդ մեղադրում էք Հ1-ը. միակողմանի տեղեկատւութեամբ, քանզի այդ հեռակայանը բաւարար ժամանակ չի տրամադրում ապազգային եւ ազգային ընդդիմութեան տեսակէտներին, եւ նոյն պահին, թուացեալ ժողովրդավարներդ, ձեր կոչերով ու քարոզչութեամբ, ուզում էք զրկել անաչառ դիտորդը տեղեկաքաղից՝ հաւասարապէս բոլոր կողմերից: Կեղծիքից ու ստից գանգատւող Արտգէոն աչք է խփում Ի'Ր ընտրեալների կրիմինալութեանը, մինչ նոյն պահին, չի վարանում արար աշխարհին տեղեկացնել. ուրիշի ընտրեալի կրիմինալութիւնը: Իսկ դո՞ւ: Հազիւ թէ, իսկ այդ կը լինի Լ.Տ.Պ.եանական կրիմինալ վարչակարգի հասցրած չարբաստիկ արտագաղթի վերջին՝ ուշացած ալիքները: Արտգէոն վերեւ յիշատակուած իր տողով, անգիտակցաբար դատապարտում է իր լրագրողական աչառութիւնը: Վերեւի մէջբերումով, Արտգէոն հակասում է ինքն իրեն, քանզի այս մէջբերումից քիչ առաջ ասում էր, տակաւին խրատում էր մեզ. իրերին նայել սառը դատողութեամբ: Ինչպէ՞ս սառը պիտի դատես երբ նրանց հանդէպ ատելութիւնդ խանձում է միտքդ:
  23. Արտգէոյից մէջբերումներ եւ ինձանից պատասխաններ.- Ո՞վ է ժողովրդավարը: Դո՞ւք: Եթէ այդպէս էք, ապա ինչո՞ւ «մինչեւ յաղթանակ» կարգախօսով ժողովուրդի մեծամասնութեան մերժածը նախագահ կարգել կուզէք: Եթէ ուզում ես բոլորի ասածները հաղորդի «Հայլուր»ը, այդժամ եթերը ողողած կը լինի բազմակողմանի սուտերով: Կեանքը ցոյց տուեց ձեր «ճշմարտախօսութիւնը»: Որու հայասիրական կամ հակահայկական լինելը, տարիների ընթացքին ապրուած փորձառութիւններն ու արտասանուած խօսքեր են վկայում: Այս առթիւ, չյիշեցնեմ՝ Արցախի, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման եւ ներազգային կեանքի վերաբերեալ քո եւ համախոհներիդ տեսակէտները: Ճիշտ էք: Երեկ՝ 27/2/2008ին, նոյն հայլուրով տեսայ մի ռաբիզ անձնաւորութիւն, որ պարում էր հաճոյանալու համար. ցուրտից ու սուտասան առաջնորդներից զզուած ժողովուրդին: Հայաստանի ու աշխարհի հայութեան յարաբերութիւնները խոչընդոտողը «Ո՞վ է Հայաստանի թշնամին» (հետագային՝ «Ո՞վ է ամենաշատը վնասում Հայաստանին») վերնագրով թեմաներ ստեղծողների մտայնութիւնն է, որտեղ սփիւռքահայութիւնը՝ հայ ժողովուրդի կէսից աւելին, հաւանական թշնամիների շարքում դասուել է: Չեմ կարծում անդունդը մեծանում է, ընդհակառակը՝ համահայկական հետաքրքրութիւն ունեցող թեմաների ներկայացմամբ, Հ1ը միացնում է աշխարհի հայերին, եւ մենք, աշխարհի չորս դին տարածուածներս, կարողանում ենք մի եւ նոյն Հ1-եան նիւթի մասն զրուցել, այնպէս որ նոյն սենեակում հանդիսական եղել ենք: Կը չափազանցես Արտգէո, այնպէս որ չի հարմարում քո, իբր, լրագրողական կոչմանդ: Չէ հաստատ լաւ չի լինի, եթէ ինքնդ լինես Հ1-ի տնօրէնը, քանզի այդ ժամ, թուրքերի հակահայկական քարոզչութեան պէտքը չի լինի: Եւրոպացիների յիշատակումդ անհեթեթ էր, այնպէս որ չ'արժէ հերքել: Գալով վրացիների հանդէպ ատելութեան սերմանման: Ինքս չեմ լսել ոեւէ նման միտք, միայն գիտեմ որ Հայաստանի պաշտօնական կեցուածքը վիրահայութեան խնդիրների վերաբերեալ, կրաւորական է: Հասկանում եմ քո ընդվզումը, բայց շեղուած են բարկութեանդ սլաքների ուղիները, քանզի պարտադիր չէ Հայլուրը, տակաւին Հայաստան աշխարհը, հետեւելով վրաց «դիւանագէտներին». թշնամանայ Ռուսիոյ: Նոյն տրամաբանութեամբ, չենք կարող վրաց դիւանագէտներից պահանջել՝ թշնամանքի տածում, հանդէպ թուրք-ազերաթուրք երկւորեակին, յանուն վիր եւ հայ ժողովուրդների բարեկամութեան: Համաձայն եմ, ո'չ միայն իշխանական կեղծիքին ու ստին դէմ պէտք է պայքարել, այլ եւ ապազգային ընդդիմութեան արկածախնդիր առաջնորդների կիղծիքին ու ստին: Բարեբախտաբար հայ ժողովուրդը յիշում է. տարաբախտ այդ օրերը:
×
×
  • Create New...