armenag Posted June 19, 2009 Report Share Posted June 19, 2009 Պըտըտվիր,պըտըտվիր, կարուսել, Ես քո երգը վաղուց եմ լսել... Ըստ իս, այնքան էլ կարևոր չէ,թե ինչպես գրել՝ պԸտտել,պտԸտել, պԸտԸտել, թե՝ պտտել(բոլոր ձևերն էլ ՃԻՇՏ են): Կարևորը ճիշտ արտասանելն է, որի մասին ոչինչ չի ասվում: Չէ՞ որ կան մարդիկ, որ պԸտԸտելու փոխարեն ասում են՝ պԸտտել(Ի՞նչ ես գլուխդ դես ու դեն պԸտտում ): Յարգելի' բարեկամ, Լեզուի իսկական պատկերը, այո, անոր արտասանութեան մէջ կը կայանայ, բայց և այնպէս ուղղագրութիւնն ալ ունի իր խօսքը և դերակատար է անոր( այսինքն՝ այդ բառի) նուիրականացումին մէջ, իբրև լեզուական միաւորի: Այս մօտեցումով՝ արդար չէ, որ ձեր թուած բոլոր ձևերը «ընդունելի» համարուին: Պէտք է ընտրել անոնցմէ միայն մէկը, այն որ համակարգային նկարագիր ունի. իսկ այտ մէկը ՊՏՏԻԼ ձևն է: Ճիշդ է, որ այս մէկը կրնայ տարբեր արտասանութիւններու առարկայ դառնալ, ինչպէս՝ պԸտտել,պԸտտել, պԸտԸտել և այլն,ինչպէս դուք կ'ըսէք, սակայն մենք նկատի ունինք այն հայը, որ քիչ թէ շատ դպրոց տեսած է և քիչ մըն ալ նախանձախնդիր է մեր ուղղագրութեան, հնչիւնաբանութեան և լեզուական արժէքներուն, այլ խօսքով՝ մտաւորական տուրք մը պէտք է վճառէ իր լեզուին:Ուղղագրութիւնը զուլուներու համար չէ յղացուած անպայման, այլ ազգային որոշ գիտակցութիւն և հեռանկար ունեցողներու համար: Այս բոլորը կը թելադրեն, որ որդեգրենք ՊՏՏԻԼ ձևը ու այս ալ փորձենք նուիրականացնել թէ' ի Հայաստան, թէ' ի սփիւռս աշխարհի: Մինչև հիմա արևելահայերտ շատ եսակեդրոն մօտեցած էք այգային հարցերու, որոնցմէ մէկն ալ լեզուն և ուղղագրութիւնն են. պէտք է այսուհետև սորվիք յարգել «միւս հայն» ալ, որ սփիւռքահայն է կամ արևմտահայն է: Մէկ ազգի, մէկ մշակոյթի ու մէկ լեզուի խորհուրդը այսպէս կրնայ իրականանալ: Ընդունեցէք՝ 19 յունիսի 2009 Արմենակ Եղիայեան Եթե այս տեսանկյունից նայենք խնդրո առարկա հարցին, ապա թերևս ճիշտ կլիներ ընդունել ուղղագրական կանոն, ըստ որի, արտասանական վիճահարույց բառերի մեջ, գաղտնավանկ «ը»-ն գրել: Օրինակ՝ Զարևանդից մինչև Թավրիզ տարածված արևակեզ անապատների տվնջյան անտանելի տոթը չէր ,որ ստիպում էր նրանց գիշերով ճանապարհ գնալ, այլ գուցե մի ուրիշ նպատակ, որ չէին ցանկանում շատ աչքի ընկնելՐաֆֆի) Համոզված եմ, որ շատերը տվնջյան բառը տԸվԸնջյան կարդալու փոխարեն, կարդում են՝ տԸվնԸնջյան: Իսկ եթե գրված լիներ տվԸնջյան, ապա ոչ մի հարց չէր առաջանա: Կամ՝ ընկճԸվելու ( ընկճել=ընդ(տակը) + ճԸկել ) փոխարեն ասում են՝ ընկԸճվել( ընկԸճել ): Quote Link to post Share on other sites
armenag Posted June 28, 2009 Report Share Posted June 28, 2009 Արդի աշխարհաբարը, յատկապէս արևելահաերէնը, գաղտնավանկի ը տառը արձանագրելու կամ, աւելի ճիշդը, չարձանագրելու հարցը շատ ճիշդ լուծած է. որքան գիտեմ այդ տառը վերապահուած է միմիայն «անցընել» ներգործական կամ պատճառական բային ու այսչափ միայն. ուրիշ ոչ մէկ արմատական բառի կազմին մէջ կը հանդիպինք անոր: Սա շատ ընեունելի ու գնահատելի կացութիւն է և ոչ մէկ գնով պէտք է վերականգնել գաղտնավանկի ը-ն այլ բառերու մէջ: Կրնայ ըլլալ, որ այդ տառի չարձանագրումը պատճառ դառնայ, որ կարգ մը բառեր՝ ընկճուիլ, պտտիլ և այլն, բազմաձև արտասանութիւն ունենան ոմանց կողմէ. վնաս չունի, այդպիսիները ուշ կամ կանուխ կ'ինքնասրբագրուին ու հարցը կը լուծուի, ատոր համար պէտք չէ վերականգնել այդ չարաշուք ը-ն ամէն ուր որ կ'արտասանուի, ինչպէս սովոր էին ընել 19-րդ դարու մանաւանդ առաջին կէսին: Լիբանան, 28 յունիսի 2009 Արմենակ Եղիայեան Quote Link to post Share on other sites
Johan Posted July 11, 2009 Report Share Posted July 11, 2009 (edited) Բարեւ, Տոքթոր Արմենակ: Յարգանքիս հաւաստիքը: Ձեր յօդուածներուն ընթերցողը եղած եմ միշտ: Եթէ համարում չունենայի՝ տանջուելով չէի արձանագրեր, մանաւանդ, որ այդ ժամանակ, մեր սիրելի «Ազդակի» թուային «թռչնագրերը» ընդհանուրին ընթեռնելի դարձնելու համակարգչային հնարքին ծանօթ չէի: Կը գրէի տառ առ տառ: Ողջունելի է Ձեր ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը՝ ֆորումին եւ այլուր: Յուսամ, չէք նեղուած ինձմէ՝ Ձեր բացակայութեան, Ձեր գրածի մասին մեկնաբանելուս համար (թէեւ ֆորումը բաց է. ակնկալելի էր տեղեկանալնիդ): Շնորհակալ եմ, լեզուական թերիներս մատնանշելնուդ առթիւ: Ուշացած տեսայ Ձեր նամակները, որովհետեւ՝ սոյն ռուսագիր ֆորումին այցելութիւններս յաճախակի չեն: Ձեր «դաժանը», «տաժան» չըրի: Նայինք «Ազդակի» ելեկտրոնային տարբերակին. http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=10683 Ահա՛ յօդուածը՝ առանց միջամտութեանս. Ի ՊԷՏՍ ԶԱՌԱԾԵԼՈՑ Ոեւէ եւ Որեւէ Բոլորդ ալ գիտէք, որ այս երկուքէն առաջինը արեւմտահայերէնի մէջ կը կիրարկուի անձի համար, օրինակ՝ ոեւէ մարդ, ոեւէ տղայ, ոեւէ զինուոր, իսկ երկրորդը՝ ոչ-անձ ցոյց տուող բառերու հետ, օրինակ՝ որեւէ առիւծ, որեւէ ծառ, որեւէ միտք։ Մեր լեզուի ամէնէն աւելի իւրացուած կանոններէն մէկն է այս, եւ գրեթէ հազուագիւտ կը պատահի, որ հանդիպինք կանոնազանցութեան։ Անշուշտ նկատի ունիմ քիչ թէ շատ գրային վարժութիւն ունեցող խաւը՝ խմբագիրները, յօդուածագիրները, գրագէտները եւ նմանները։ Չեմ համարձակիր ուսուցիչներու վրայ ալ տարածել այս շռայլութիւնը, որովհետեւ մեր ուսուցիչները մէկ տող իսկ չեն գրեր։ Այս կանոնը ունի իր պատմականը։ Մինչեւ անցեալ դարու կէսերը ան գոյութիւն չունէր արեւմտահայերէնի մէջ։ Վերջերս կը կարդայի Հրանդ եւ Զապէլ Ասատուրներու նամականին, ուր նկատեցի այն սանձարձակ կիրարկութիւնը, որ ունեցած են այս երկու բառերը. այդ հատորը այս պահուս ձեռքիս տակ չունիմ, որպէսզի վաւերական օրինակներ տամ, սակայն այնքան ալ դժուար չէ ստուգումը։ Միւս կողմէ՝ մինչեւ մեր օրերն ալ կը գտնենք գրողներ, որոնք կ՚անտեսեն այս կանոնը. օրինակ՝ լուսահոգի Զարեհ սրբ. Ազնաւուրեանը, որ մեր ժամանակներու լաւագոյն հայերէն գիտցողներէն էր, չէր յարգեր յիշեալ կանոնը. կը ճանչնար միայն ոեւէ-ն, որ կը կիրարկէր թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ-անձի համար։ Կան ուրիշներ եւս, սակայն, ինչպէս ըսի, այսպիսիները հազուագիւտ են։ Ինչպէ՞ս յառաջացաւ եւ կայունացաւ այս կանոնը։ Ասոր ախոյեանը Բենիամին Թաշեանն է, որ մօտաւորապէս 30 տարի տիւ ու գիշեր պայքարեցաւ, մինչեւ որ յաջողեցաւ ընդհանրացնել զայն իրեն ծանօթ այն հնարամտութեամբ, յամառութեամբ ու հետեւողականութեամբ, որոնց գաղտնիքը միայն ի՛նք ունեցած է։ Ուրիշ շատ կանոններու համար ալ ճգնեցաւ Թաշեան. ասոնց հանրագումարը կը կազմեն իր հինգ հատորները, յատկապէս «Թիւրն ու թերին» կոչուածը։ Շատ ցաւով պիտի նշեմ, որ այս գրքին, որ հրատարակուած է քառասուն տարի առաջ, 750 հատորները չորս տասնամեակ քաշքշուեցան, մինչեւ որ Համազգայինը վերջերս քանի մը դահեկանով սպառեց անոր վերջին օրինակներն ալ։ Մինչդեռ հազարներով պէտք է հրատարակուէր ան ամէն տարի ու բարձի գիրքը դառնար մեր խմբագիրներուն, գրագէտներուն, ուսուցիչներուն, ամբողջ ազգին, որպէսզի քիչ մը աւելի հայերէն կարելի ըլլար սորվիլ։ Բայց ի՛նչ օգուտ. «Յիւրսն եկ, եւ իւրքն զնա ոչ ընկալան»։ * * * Հիմա, տարիներ ետք, կը մտածեմ, թէ որքա՛ն ճիշդ վարուեցաւ Թաշեան, այլեւ որքա՛ն իրաւունք ունէր այսպէս վարուելու։ Անշուշտ խնդրոյ առարկան միայն ոեւէ եւ որեւէ բառերն են։ Թաշեանի մտածումը այն էր, թէ ոեւէ բառը, որ կազմուած է ո եւ է բաղադրիչներով, պէտք է կիրարկուի միայն անձերու համար, քանի որ ասոնց առաջին ո բաղադրիչը գրաբարի մէջ կը նշանակէ ով, որ կը կիրարկուի միմիայն անձերու համար. ոեւէ կը նշանակէ, ուրեմն, ով ալ ըլլայ։ Կարծես իրաւունք ալ ունի, կարելի՞ է, օրինակ, ըսել ոեւէ ծառ, այսինքն՝ ով ալ ըլլայ ծառը. ո՛չ, կարելի չէ ըսել։ Թէեւ ըսողին ալ բերանը օրին չէ պատռած. բայց անցնինք։ Դժբախտաբար, սակայն, Թաշեան խոր չմտածեց գործելէ առաջ, ինչ որ իր լեզուական թերութիւնն է, որուն պատճառով սխալներ գործած է ան։ Ճիշդ է, որ ծառին, ոչխարին, արեւին ու նմաններուն համար անպատեհ է ըսել ով ալ ըլլայ, սակայն ունէինք որեւէ բառը, իր որ կամ որը արմատով, որ կիրարկելի է հաւասարապէս թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ-անձի համար. օրինակ՝ այս տղոցմէ ո՞րը, այս ծառերէն ո՞րը, այս բառերէն ո՞րը ու այսպէս շարունակ՝ ընդգրկելու համար հայերէնի բոլոր գոյականները անխտիր։ Եթէ Թաշեանի տարողութեամբ մէկը պիտի պայքարէր յանուն լեզուական միօրինակութեան, ապա ան պիտի փորձէր ընդհանրացնել որեւէ-ն՝ ասոր կիրարկութիւնը տարածելով թէ՛ անձի եւ թէ՛ ոչ-անձի՛ անուններու վրան։ Ոեւէ-ն աւելորդ էր, ժամանակի եւ ուժերու մսխում, քանի կրնայինք գոհանալ կուռ ու կոկիկ որեւէ-ով, որով միօրինակութիւն մըն ալ կազմած կ՚ըլլայինք արեւելահայերէնին հետ, ինչ որ դէպի ցանկալի լեզուական միութիւն տանող փոքրիկ քայլ մըն է, քանի անոնք կը ճանչնան միայն որեւէ-ն։ Ես վերը գոհացուցիչ ցոյց տուի վերոյիշեալ կանոնը իւրացուցած ու գործադրող արեւմտահայերու թիւը. սակայն, վերջին հաշուով, պէտք չէ մոռնալ, թէ իմ թուած անձերուս ընդհանուր գումարը մեր ժողովուրդին մէկ հազարերորդն իսկ չի կազմեր. հապա մնացեալնե՞րը... անոնք ալ ճիշդ կը կիրարկե՞ն ոեւէ-ն եւ որեւէ-ն։ Մեր մատղաշ դպրոցականները որքանո՞վ կը յաջողին տիրապետել այս երկուութեան, հապա անոնց ուսուցիչնե՞րը, որոնց գիտցածը այդ դպրոցականներուն գիտցածէն շատ աւելի չէ եւ օր ըստ օրէ աւելի կը նուազի։ Պարզ է. եթէ Թաշեան խոհեմ ու հեռատես ըլլար, ապա իր պայքարը պիտի ուղղէր ոեւէ-ին կիրարկութեան դէմ, պիտի ամէն ճիգ թափէր, որ նոր սերունդներու մտքէն հետզհետէ անհետանար ոեւէ-ն, որ, չմոռնանք, աշխարհաբար կառոյց ալ չունի։ Ահա ա՛յս պէտք է ընէր ան. սակայն... չըրաւ։ Օրին որեւէ առողջ ձայն չհակադրուեցաւ Թաշեանին, ընդհակառակն, անոր հնարած կանոնը մտաւ զանազան ուղեցոյցներու եւ դասագիրքերու մէջ, իբրեւ արեւմտահայերէնի ամէնէն նուիրական ու անյեղլի օրէնքներէն մէկը, որ մինչեւ այսօր ալ կը փորձուի ուսուցանել, յարգել ու յաւերժացնել, բայց թէ ճիշդ ի՞նչ յաջողութեամբ, չեմ կրնար ըսել. որքանո՞վ զայն կ՚ըմբռնեն մեր նոր սերունդները, այլեւ մեր ուսուցիչները։ Եւ յետոյ ինչո՞ւ այս ժամավաճառութիւնը, այս անմիտ մսխումը ուժերու։ Եւ յետոյ, երբ այս կամ այն կանոնին կը կառչինք, պէտք չէ մտածենք միայն միջինարեւելեան գաղութներուն մասին,- թէեւ հիմա այլեւս ասոնց կացութիւնն ալ փայլուն չէ,- այլ մանաւանդ հեռաւոր Քանատայի, Լոս Անճելըսի, Աւստրալիոյ դպրոցականներուն մասին եւս, որոնց սորված իւրաքանչիւր բառը,- ա՛լ չեմ ըսեր կանոնը,- իսկական տաժանք մըն է թէ՛ իրենց համար, թէ՛ իրենց ուսուցիչներուն։ Կ՚ենթադրեմ, որ զիս անկանոն լեզուի ջատագով չէք նկատեր. իմ ակնարկութիւնս կ՚երթայ անտեղի ու անարդարանալի կանոններու միայն։ ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ (Շար. 7) Edited July 11, 2009 by Johan Quote Link to post Share on other sites
Johan Posted July 11, 2009 Report Share Posted July 11, 2009 Մէջբերումը «armenag»-էն է (Արմենակ Եղիայեան): Արևմտահայերուս տառադարձութիւնը պէտք չէ գայթակղեցնէ ձեզ, այլ պէտք է փորձէք ըմբռնել մեզ: Մեր պատմական ձայնեղները՝ Բ, Գ, Դ, Ձ, Ջ , խուլ-շնչեղացած են, այսինքն՝ համարժէք են ներկայիս Փ, Ք, Թ, Ց, Չ հնչիւններուն. իսկ խուլերը՝ Պ, Կ, Տ, Ծ, Ճ, ձայնեղացած են: Նորագոյն տառադարձութիւնները ա'յս հիմամբ կը կատարենք: Ասոնց կողքին ունինք նաև յարաբերաբար աւելի վաղ անցեալին կատարուած տառադարձութիւններ, որոնք հետևած են դասական սկզբունքներուն: Այսպէսով արևմտահայերէնի մէջ կը գոյակցին տառադարձական երկու սկզբունքներ, որոնք մեր գրաւոր խօսքը կը վերածեն իսկական խառնարանի մը և որմէ, սակայն, չենք կրնար հրաժարիլ: Քանատան հետևած է արդի տառադարձութեան, ուստի Տ-ը ձայնեղացած է և համարժէք է D-ի, իսկ Աւստրալիան հետևած է դասական տառադարձութեան, ասոր Տ-ը համարժէք է T-ի: Ահա այս ճամբով է որ լատինական D և T տառերը հաւասարապէս տառադարձուած են հայերէն Տ. սա արևմտահայերէնի անէծքն է: Եթէ յանկարծ բանիմաց արևմտահայ մը որոշէ «սրբագրել» կացութիւնը և ելլէ-գրէ, օրինակ, Կանադա, ինչպէս դուք կը գրէք, ապա այս վերջինը մեր հայրենակիցները պիտի արտասանեն GANATA, իսկ այս անունով երկիր չկայ: Ուրիշ խօսուն օրինակ մըն ալ. դասական սկզբունքով գրած ենք Սպանիա, ճիշդ արևելահայերուդ պէս, որովհետև շատ հինէն կու գայ այս անունը. իսկ Գիւլբենգեանի նստավայրը արդի սկզբունքով տառադարձած ենք Փորթուկալ. գիտէ՞ք ինչու: Որովհետև եթէ դասականօրէն գրէինք Պորտուգալ, ապա այս վերջինը պիտի արտասանէինք BORDUCAL. նման անունով երկիր ծանօ՞ է ձեզի,-անշուշտ ո'չ. մեզի ալ ծանօթ չէ: Երկարեցաւ, գիտեմ, սակայն այս ալ ըսեմ. ձեր «դոկտոր» ճիշդ տառադարձութիւնը մենք կ'արտասանենք togdor. կը նկատէ՞ք ուր կը հասցնէ մեզ ձեր տառադարձական սկզբունքը, որ դասականն է և ճիշդն է, այո, բայց ոչ մեր աղաւաղեալ հնչիւնաբանութեան համար: Ինչ կը վերաբերի տաժան բառին, ես ինքս գրած եմ դաժան, չեմ գիտեր ո'վ և ե'րբ զայն փոխած է Կ’ըմբռնեմ. հայ եմ՝ արեւմտահայ, կը գայթակղիմ : Ուրեմն, ըստ ձեզի, մենք պէտք է գրենք «Տիլիճան», որպէսզի մեր հայրենակիցները չկարդան Tilitchan: Նմանապէս՝ Նովգորոդ [Novkorot], Աբովեան [Apovyan], Գիւմրի [kümri] պէտք չէ գրենք, ըստ ձեզի, որպէսզի մերինները սխալ չկարդան: Նոյն տրամաբանութեամբ, պէտք է վերաուղղագրել. Գերմանիա [Kermania] (Իրանեան նահա՞նգ)՝ Կերմանիա, Իտալիա [idalia]՝ Իթալիա, Սպանիա [sbania]՝ Սբանիա կամ Սփանիա ձեւերով: Եթէ վաղ անցեալէն աւանդուածը, ժառանգածը կրնանք պահել, ինչո՞ւ նորն ալ այդպէս չգրել: Մեզի անծանօթ չէ եղած՝ մատենագրութեամբ վկայուած է. Տրիպոլիս, բեյրութ, Սիդոն տեղանուններու այս գրելաձեւերը, սակայն, «սխալ չընթերցուելու» համար, դարձուցած ենք Թրիփոլի: Այսինքն՝ կամայականութիւններու շարան: Այսպիսով, թէ' հայը կը շուարի, եւ թէ՛ մեր դրացի այլազգին, որ կը փափաքի Այբուբենին ծանօթանալ: Աշխարհի բոլոր պոլիսները «պոլիս» ձեւով կը գրենք (Ալեքսանդրապոլ, Կոստանդնուպոլիս եւ այլն), իսկ երբ կարգը հասնի Indianapolis եւ Tripolis քաղաքանուններուն, կը յիշենք «սխալ չարտասանելը», հակառակ անոր, որ հին տեղանուններու մեր բոլոր արտասանութիւնները սխալ են, որովհետեւ ճիշտ ուղղագրութեամբ գրուած են: Իսկ ճիշտ ուղղագրութիւնը՝ Մեսրոպեանը, մեզի ի վերջոյ կը բերէ ճիշտ արտասանութեան՝ գրաճանաչութեամբ, տառաճանաչութեամբ: Ի դէպ՝ արեւմտահայերը միշտ չէ որ տառերու արդի արեւմտահայ արտասանութիւնը նկատի առնելով տառադարձած են տեղանունները: «Արեւմտահայ» Ս. Մեսրոպէն մինչեւ Վենետիկի, Վիեննայի ու Պոլսոյ գրաճանաչ ու հայագէտ գրողները, տառադարձած են ճիշտ: Արդիւնք՝ մեր ճանչցած տեղանուններու մեծամասնը, ինչպէս վերեւ յիշեցի (Սպանիա, Իտալիա, Ամերիկա, Կիլիկիա), կը գրենք աւանդական տառադարձութեամբ: Ի՞նչ պիտի ըսենք արեւմտահայ ուսանողին. այսինչ թուականէն սկսեալ, սկսած ենք այսպէ՞ս տառադարձել: Ուստի, եթէ ունինք 100 տեղանուն՝ քսանը արդի արտասանութեա՞մբ տառադարձուած է: Քաոսը մենք կը ստեղծենք: Ի՞նչ կառաջարկէք, Յարգելի՝ Տամասքոս գրե՞նք յետայսու: Ամբողջ սփիւռքահայութիւնը, այդ քաղաքի անունը կ’արտասանէ Damascos, ու կը գրէ Դամասկոս: Երբեւէ Ձեր միտքէն անցա՞ծ է այն գաղափարը, որ մենք սխալ կ’արտասանենք, թէ՞՝ պէտք է ըսենք. Tamasgos: Ամէնայնդէպս, ամէն ոք ազատ է իր արտասանութեան մէջ, մանաւանդ բարբառային կամ ժողովրդախօսակցական արտասանութեան մէջ, բայց ազատ պէտք չէ ըլլայ իր գրելաձեւին մէջ, յատկապէս՝ երբ լրատուամիջոց է: Ժամանակին (թերեւս նաեւ մինչեւ այսօր՝ «Ազդակի» բացառութեամբ), արեւտմահայ գրականութեան մէջ առկայ էր Տանիմարքա տեղանուան գրելաձեւը: Սոյն տեղանուան իտալական արտասանութեամբ (կամ՝ ձեւով) գրելէն զատ, գրուած է նաեւ քմահաճ տառադարձութեամբ: Բարեբախտաբար, այժմ այդպէս չէ այսինքն՝ կը գրենք Դանիա, թէեւ կ’արտասանուի Tania: Հիմայ, ըստ ձեզի, ո՞րն է ճիշտը: Չէ՞ք կարծեր, թէ ահագին անհեթեթութիւններու դուռ պիտի բանայ արտասանութիւն-գրելաձեւ սկզբունքը. յատկապէս երբ ընթերցողը արեւելահայ է: Ու մենք պիտի ունենանք՝ Peyrut, Tania, kanata, paron, lonton կարդացող արեւելահայ հայրենակիցներ, որոնք, կարծես թէ հայերէն կարդացողներու մեծամասնութիւնն են այլեւս: Այսպէ՞ս պէտք է մատուցուի սփիւռքահայի գրականութիւնը, հայաստանցի ընթերցողին: Չենք խանգարուիր, եթէ Սասենց պէս տառադարձենք, քանի որ անոնք ալ գրեթէ մեզի պէս կ’արտասանեն, խօսակցական խօսքը չի խանգարէր գրական խօսքին (ուղղագրութեան): Անոնք գիտեն՝ բ=b, ու այդպէս ալ կը տառադարձեն, բայց նաեւ բադը (թռչունը) pat կարտասանեն, ու չզարմանաք՝ «բադ» կը գրեն: Ճի՞շտ եմ Սաս: Արտասանութիւնը ե՞րբ ուղղագրութիւն ճշտած է, մանաւանդ՝ 1600 ամեայ գրաւոր անցեալ ունեցող լեզուի մը պարագային: Այլապէս, մեր լեզուի ուղղագրութիւնը շատոնց փոխած պիտի ըլլայինք: Այդ պարագային, Աբեղեանի «բարեփոխումն» ալ չպիտի բաւէր, քանի որ ոմանք «խոհանոցը» «խաանոց» կարտասանեն, «որովհետեւը»՝ «որտեվ»: Երկար պատմութիւն է: Յարգանօք՝ Յովհաննէս Quote Link to post Share on other sites
Johan Posted July 11, 2009 Report Share Posted July 11, 2009 (edited) Կը խնդրուի այս յօդուածը մէջբերողէն, որ յիշէ հեղինակին՝ Արմենակ Եղիայեանի անունը: Անշուշտ փառքի համար չէ այս յիշեցումը, այլ որովհետև ընթերցողը յաճախ պէտք կ'ունենայ այդ ծանօթութեան: Շնորհակալութիւն՝ Արմենակ Եիայեան Լիբանան,9 յունիսի 2009 Մեծարգոյ Տոքթոր, «Ի պէտս զառածելոց»-ի հեղինակի անունը քանիցս նշելէ ետք, հարկ չհամարեցի անգամ մը եւս նշել, մանաւանդ որ, ընթերցողը տեղեակ է գրութեան յօդուածաշարք ըլլալէն (շար.1, շար. 2...): Edited July 11, 2009 by Johan Quote Link to post Share on other sites
Johan Posted July 11, 2009 Report Share Posted July 11, 2009 Սրբագրում Պիտի գրուէր. «Ընթերցողը տեղեակ է, գրութեան յօդուածաշարք ըլլալուն» «Սոյն տեղանունը իտալական արտասանութեամբ (կամ՝ ձեւով) գրելէն զատ, գրուած է նաեւ քմահաճ տառադարձութեամբ»: Quote Link to post Share on other sites
Johan Posted July 11, 2009 Report Share Posted July 11, 2009 Զարմանալի է՝ սփիւռքահայ ուսանողը պարտադրուած է սորվիլ հազար ու մեկ կարեւոր-անկարեւոր բան, բայց Հայոց Այբուբենի ճիշտ հնչիւնաբանութիւնը չի սորվիր: Յանցաւորը ուսանողը չէ, որ կրնայ իր հազար ու երկրորդ բանը սորվիլ: Երբէք չեմ ըսեր՝ արեմտահայը յետայսու պէտք է արտասանէ gndak (գնդակ), kugam ( կու գամ), որ յանցանք է պատմութեան եւ արեւմտահայերէնին հանդէպ: Բայց հանրաճանաչ տեղանուններն եւ անձնանունները կրնան ճիշտ արտասանել, կամ գոնէ ճիշտը գիտնալ: Սփիւռքահայը պէտք է գիտնայ Այբուբենի աւանդական հնչիւնները, նաեւ հայերէն որեւէ գրուածքի հեղինակի լեզուական պատկանելիութիւնը: Որպէսզի՝ Դադա պիտի՝ թարիփդ ասէ, Ակռէքըդ յաղութ-ալմաս է, Ռանգըդ փըռանգի ատլաս է, Զար ղալամքարի նըման իս։ Տաղը չ’երգէ TATA BIDI TARIPT ASE AGREKT YAGHUT ALMAS E RANKT PRANKI ADLAS E ZAR GHALAMKARI NMAN IS Որպէսզի, քառագագաթի (karragagat, եւ ո'չ karakakat) անունը չ’արտասանէ Arakadz: Որպէսզի Արծրունի թագաւորի անունը չ’արտասանէ Kakig: Սփիւռքահայի արտասանութեան համապատասխանեցնելու համար, իրաւունք չունինք Արագած եւ Գագիկ անուններուն ուղղագրութիւնը փոխել: Quote Link to post Share on other sites
armenag Posted July 12, 2009 Report Share Posted July 12, 2009 Մի երկու զատ հարց. այս շարադրանքից այն տպավորությունն է ստացվում, որ արևմտահայերենը նույն գրաբարն է՝ պոլսո բարբառով համեմված: Հարցս այս է՝ գարաբարյան ձևերն այստեղ հնաբանություններ չե՞ն արդյոք, սա կարելի՞ է ժամանակակից արևմտահայերեն համարել: Կարո՞ղ ես նույնը շարադրել արևմտահայերեն՝ գրի առնված դասական (գրաբարյան) ուղղագրությամբ: Այդ դեպքում մեր երկու հայերենները կարելի կլինի համեմատել որպես երկու համակարգ՝ փակագծերից դուրս թողնելով ուղղագրության հարցը: Շնորհակալություն: Նախ ինչ կը վերաբերի շարադրանքի լեզուին, ապա պէտք է նկատել, որ սխալ է ըսել«կատարելուն համար», այլ պէտք է ըսել« կատարելու համար»: Փոխանակ « ի սբզբանէ պիտի ըսած ըլլայի» գրելու՝ պարտինք գրել «պէտք է սկիզբէն ըսէի»: «Պաշտօնական կրթութիւն» բառակապակցութիւնը պէտք է փոխարինել « հետևողական կրթութիւն» բառակապակցութեամբ: Չ'ըսուիր «առնիլ», այլ «առնել»: «Ինքս զիս ներկայացուցած եմ» ոճը արևմտահայերէն չէ. պէտք է ըլլայ « ինքզինքս ներկայացուցած եմ»: Չի գրուիր «ատանք», այլ՝ «ատանկ», նաև՝ ասանկ, ատանկ, անանկ: Քիչ մը աւելի ժողովրդական ձևով՝ սանկ, տանկ, նանկ: Հիմա գանք այս շարադրանքի գնահատութեան: Արևմտահաերէնը «նոյն գրաբարը» չէ, ինչպէս կը կարծէ նամակագիրը. ո'ր երևոյթներու հիմամբ այսպէս կը կարծէք, բոլորովին տարբեր է ան այնքամով, որ զաւակը կրնայ ինչ որ նմանութիւն ունենալ մօրը հետ. այսչափ: Իսկ այսչափը կը գտնենք արևելահայերէնի ու գրաբարի միջև ևս: Հարց կը տրուի, թէ «այստեղ գրաբարեան ձևերը հնաբանութիւն չե՞ն». ո՞ր ձևերուն կ'ակնարկուի՝ յայտնի չէ. և չկան այդպիսիները: Ապա հարց կը տրուի. «Կարո՞ղ ես նոյնը շարադրել արևմտահայերէն գրի առնուած դասական ուղղագրութեամբ». բայց չէ՞ որ արդէն շարադրանքը դասական ուղղագրութեամբ կատարուած է. ա՛լ ի՞նչ է ուզուածը: Իմ համեստ կարծիքս այն է, որ արևելահայերու՝ արևմտահայերէնը իւրացնելու ճիգերը դատապարտուած են ձախողութեան. մանաւանդ նման ճիգի մը կարիքն ալ չկայ: Թող արևմտահայերէնը մնայ սփիւռքահայուն ազգային դիմագծի պահպանութեան միջոցը. և այքան միայն: Ան հայրենի բարքերուն մէջ թափանցելու պէտք չունի: Լեզուական մակարդակի վրայ միակ հասարակաց ճիգը պէտք է կայանայ միասնական ուղղագրութիւն մը հաս-տատելու ձգտումին մէջ: Եւ այս ուղղութեամբ լարենք մեր ջիղերը: 12 յուլիսի 2009, Լիբանան Արմենակ Եղիայեան Quote Link to post Share on other sites
armenag Posted July 12, 2009 Report Share Posted July 12, 2009 Մէջբերումը «armenag»-էն է (Արմենակ Եղիայեան): Կ'ըմբռնեմ. հայ եմ՝ արեւմտահայ, կը գայթակղիմ : Ուրեմն, ըստ ձեզի, մենք պէտք է գրենք «Տիլիճան», որպէսզի մեր հայրենակիցները չկարդան Tilitchan: Նմանապէս՝ Նովգորոդ [Novkorot], Աբովեան [Apovyan], Գիւմրի [kümri] պէտք չէ գրենք, ըստ ձեզի, որպէսզի մերինները սխալ չկարդան: Նոյն տրամաբանութեամբ, պէտք է վերաուղղագրել. Գերմանիա [Kermania] (Իրանեան նահա՞նգ)՝ Կերմանիա, Իտալիա [idalia]՝ Իթալիա, Սպանիա [sbania]՝ Սբանիա կամ Սփանիա ձեւերով: Եթէ վաղ անցեալէն աւանդուածը, ժառանգածը կրնանք պահել, ինչո՞ւ նորն ալ այդպէս չգրել: Մեզի անծանօթ չէ եղած՝ մատենագրութեամբ վկայուած է. Տրիպոլիս, բեյրութ, Սիդոն տեղանուններու այս գրելաձեւերը, սակայն, «սխալ չընթերցուելու» համար, դարձուցած ենք Թրիփոլի: Այսինքն՝ կամայականութիւններու շարան: Այսպիսով, թէ' հայը կը շուարի, եւ թէ՛ մեր դրացի այլազգին, որ կը փափաքի Այբուբենին ծանօթանալ: Աշխարհի բոլոր պոլիսները «պոլիս» ձեւով կը գրենք (Ալեքսանդրապոլ, Կոստանդնուպոլիս եւ այլն), իսկ երբ կարգը հասնի Indianapolis եւ Tripolis քաղաքանուններուն, կը յիշենք «սխալ չարտասանելը», հակառակ անոր, որ հին տեղանուններու մեր բոլոր արտասանութիւնները սխալ են, որովհետեւ ճիշտ ուղղագրութեամբ գրուած են: Իսկ ճիշտ ուղղագրութիւնը՝ Մեսրոպեանը, մեզի ի վերջոյ կը բերէ ճիշտ արտասանութեան՝ գրաճանաչութեամբ, տառաճանաչութեամբ: Ի դէպ՝ արեւմտահայերը միշտ չէ որ տառերու արդի արեւմտահայ արտասանութիւնը նկատի առնելով տառադարձած են տեղանունները: «Արեւմտահայ» Ս. Մեսրոպէն մինչեւ Վենետիկի, Վիեննայի ու Պոլսոյ գրաճանաչ ու հայագէտ գրողները, տառադարձած են ճիշտ: Արդիւնք՝ մեր ճանչցած տեղանուններու մեծամասնը, ինչպէս վերեւ յիշեցի (Սպանիա, Իտալիա, Ամերիկա, Կիլիկիա), կը գրենք աւանդական տառադարձութեամբ: Ի՞նչ պիտի ըսենք արեւմտահայ ուսանողին. այսինչ թուականէն սկսեալ, սկսած ենք այսպէ՞ս տառադարձել: Ուստի, եթէ ունինք 100 տեղանուն՝ քսանը արդի արտասանութեա՞մբ տառադարձուած է: Քաոսը մենք կը ստեղծենք: Ի՞նչ կառաջարկէք, Յարգելի՝ Տամասքոս գրե՞նք յետայսու: Ամբողջ սփիւռքահայութիւնը, այդ քաղաքի անունը կ'արտասանէ Damascos, ու կը գրէ Դամասկոս: Երբեւէ Ձեր միտքէն անցա՞ծ է այն գաղափարը, որ մենք սխալ կ'արտասանենք, թէ՞՝ պէտք է ըսենք. Tamasgos: Ամէնայնդէպս, ամէն ոք ազատ է իր արտասանութեան մէջ, մանաւանդ բարբառային կամ ժողովրդախօսակցական արտասանութեան մէջ, բայց ազատ պէտք չէ ըլլայ իր գրելաձեւին մէջ, յատկապէս՝ երբ լրատուամիջոց է: Ժամանակին (թերեւս նաեւ մինչեւ այսօր՝ «Ազդակի» բացառութեամբ), արեւտմահայ գրականութեան մէջ առկայ էր Տանիմարքա տեղանուան գրելաձեւը: Սոյն տեղանուան իտալական արտասանութեամբ (կամ՝ ձեւով) գրելէն զատ, գրուած է նաեւ քմահաճ տառադարձութեամբ: Բարեբախտաբար, այժմ այդպէս չէ այսինքն՝ կը գրենք Դանիա, թէեւ կ'արտասանուի Tania: Հիմայ, ըստ ձեզի, ո՞րն է ճիշտը: Չէ՞ք կարծեր, թէ ահագին անհեթեթութիւններու դուռ պիտի բանայ արտասանութիւն-գրելաձեւ սկզբունքը. յատկապէս երբ ընթերցողը արեւելահայ է: Ու մենք պիտի ունենանք՝ Peyrut, Tania, kanata, paron, lonton կարդացող արեւելահայ հայրենակիցներ, որոնք, կարծես թէ հայերէն կարդացողներու մեծամասնութիւնն են այլեւս: Այսպէ՞ս պէտք է մատուցուի սփիւռքահայի գրականութիւնը, հայաստանցի ընթերցողին: Չենք խանգարուիր, եթէ Սասենց պէս տառադարձենք, քանի որ անոնք ալ գրեթէ մեզի պէս կ'արտասանեն, խօսակցական խօսքը չի խանգարէր գրական խօսքին (ուղղագրութեան): Անոնք գիտեն՝ բ=b, ու այդպէս ալ կը տառադարձեն, բայց նաեւ բադը (թռչունը) pat կարտասանեն, ու չզարմանաք՝ «բադ» կը գրեն: Ճի՞շտ եմ Սաս: Արտասանութիւնը ե՞րբ ուղղագրութիւն ճշտած է, մանաւանդ՝ 1600 ամեայ գրաւոր անցեալ ունեցող լեզուի մը պարագային: Այլապէս, մեր լեզուի ուղղագրութիւնը շատոնց փոխած պիտի ըլլայինք: Այդ պարագային, Աբեղեանի «բարեփոխումն» ալ չպիտի բաւէր, քանի որ ոմանք «խոհանոցը» «խաանոց» կարտասանեն, «որովհետեւը»՝ «որտեվ»: Երկար պատմութիւն է: Յարգանօք՝ Յովհաննէս Յարգելի Յովհաննէս, Ես պարզապէս կը զարմանամ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լեզուական այսքան համապարփակ գիտելիք ունենալ, ինչպէս դուն ունիս, միւս կողմէ՝ այսպիսի սխալ եզրակացութիւններու յանգիլ: Ես կը կարծէի բաւական սպառիչ բացատրած ըլլալ կացութիւնը, մե՛ր կացութիւնը. ոչինչ չըմբռնողի տեսանկիւնէն կը վերարծարծես հարցերը, և ես ջուր ծեծողի կացութեան կը մատնուիմ: Հիմա պիտի փորձեմ տարբեր հար- թութեան վրայ դնել հարցը ու ըստ այնմ շարադրել, թէև, ըստ էութեան, պիտի ըսեմ նոյն բաները:Եւ անշուշտ մնալով օտար արդի բառերու, յատկապէս յատուկ անուններու, տառադարձութեան ծիրէն ներս: Մեր երկու հատուածներու հնչիւնաբանութեան երկփեղկումը այնպիսին է, որ մենք դատապարտուած ենք փոխադարձաբար սխալ արտասանելու կամ վերարտադրելու որևէ բառ որ մէկս կամ միւսս կը գրենք. արևելահայուն Կանադա-ն արևմտահայուն համար GANATA է, իսկ արևմտահայուն Քանատա-ն արևելահայուն համար K՛ANATA (k՛ խուլ շնչեղ) է. իրողութիւնը այն է, որ չկայ երկիր մը, որ կոչուի GANATA կամ K՛ANATA: Որքան ալ գիտցողը գիտէ, թէ այս պարագային արևելահայ տառադարձութիւնն է բնիկն ու ճիշդը, այսուհանդերձ ի վիճակի չենք սփիւռքահայ դպրոցականին ( շատ յաճախ նաև մտաւորականին) բացատրել, որ եթէ Բ, Գ, Դ տառերը առօեեայ կեանքի մէջ կ'արտասանուին P՛, K՛,T՛ (երեքն ալ խուլ շնչեղ),- վասնզի ա՛յս է մեր ներկայ արտասանութիւնը,- ապա երբ կարգը կու գայ օտար բառեր տառադարձելու՝ պէտք է այս երեքը յատկացնել արևմտեան B, G, D տառերուն: Այսպիսի երկուութիւն մը չենք կրնար ուսուցել նորահաս սերունդին, գոծնականօրէն անկարելի է այդ: Պատկերացուցէք որ նուազագոյն տառաճանաչութիւնը սորվեցնելու համար որքան կը տքնինք Սփիւռքի մէջ, հապա ինչպէ՞ս կրնանք նոյն տառերուն համարհն չիւնական տարբեր արժէքներ ուսուցել: Մեր ուսուցիչներն իսկ չեն գիտեր այս նրբութիւնները, ալ ո՛ւր մնաց թէ ուսուցեն զանոնք: Այլ խօսքով՝ ձեր ակնկալած տարադարձական միօրինակութիւնը ի վիճակի չենք հաստատելու. այսքանը պէտք է ըմբռնէք և ընդունիք՝ հանդերձ անկէ բխող անպատեհութիւններով, որոնք այնքան ալ...էական չեն: Մեր մտորումներն ու ճիգերը կեդրոնացնենք այլ՝ աւելի շինիչ մարզերու: Մտածենք: Արմենակ Եղիայեան 12 յուլիսի 2009, Լիբանան Quote Link to post Share on other sites
Johan Posted July 13, 2009 Report Share Posted July 13, 2009 Յարգելի պարոն Արմենակ, Որպէսզի ես ալ ջուր չծեծեմ, «հարցը» աւարտած կը համարեմ: Որովհետեւ, ի զուր պիտի տքնիմ, ապացուցել, թէ ինչպէս Ganata չկայ, այնպէս ալ Idalia եւ kermania անուններով երկիրներ չկան: Quote Link to post Share on other sites
SAS Posted July 13, 2009 Report Share Posted July 13, 2009 Բարի օր, բարեկամներ Ես ալ ինծի համար հարցը կը համարիմ փակված, վասնզի անիմաստ կը գտնիմ ուղղագրությունը հարմարեցնել... ՈՒՂՂԱԽՈՍՈՒԹՅԱՆԸ: Իմ կարծիքով, ուղղագրությունը՝ անկախ արևմտա\արևելա\սփյուռքա\բարբառա հայերենների, պետք է լինի համընդհանուր-միակը: Իսկ հնչյունական-արտասանական տարբերությունները կմնան այնքան, որքան կգոյատևեն հայերենի բարբառները: Գրական համարվող հայերենը պետք է ծառայի այդ հնչյունական-արտասանական տարբերությունների վերացմանը: Նույնիսկ այսօր,կիրթ, գրական հայերենով խոսողի առոգանությունից հեշտությամբ կարելի է որոշել, թե խոսողը ի՞նչ ակունքից է խմել, ո՞ր բարբառի կրողն է: Quote Link to post Share on other sites
arev.grig Posted September 4, 2009 Report Share Posted September 4, 2009 Հարգելի А.С., Ձեռք եմ բերել մի շատ հետաքրքիր ու լավ գրված դասագիրք: 500 էջ: Վերաբերում է արևելահայերենի և արևմտահայերենի կապերին՝ հայերեն լեզուն նոր սովորողների համար: Պետք է որ դա Ձեզ հետաքրքրի: Իրոք լավ աշխատություն է, թեև ես մասնագիտական կարծիք չեմ կարող հայտնել: Ահա սկանը՝ Եթե ցանկանաք, մեկ օրինակ կարող եմ Ձեզ ուղարկել: Կապվեք PM-ով: Очень хорошая книга! Всем рекомендую! Quote Link to post Share on other sites
armenag Posted December 5, 2009 Report Share Posted December 5, 2009 Ի ՊԷՏՍ ԶԱՌԱԾԵԼՈՑ (Շար. 7), «Ազդակ» օրաթերթ, երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2008 Ոեւէ եւ Որեւէ Բոլորդ ալ գիտէք, որ այս երկուքէն առաջինը արեւմտահայերէնի մէջ կը կիրարկուի անձի համար, օրինակ՝ ոեւէ մարդ, ոեւէ տղայ, ոեւէ զինուոր, իսկ երկրորդը՝ ոչ-անձ ցոյց տուող բառերու հետ, օրինակ՝ որեւէ առիւծ, որեւէ ծառ, որեւէ միտք: Մեր լեզուի ամէնէն աւելի իւրացուած կանոններէն մէկն է այս, եւ գրեթէ հազուագիւտ կը պատահի, որ հանդիպինք կանոնազանցութեան: Անշուշտ նկատի ունիմ քիչ թէ շատ գրային վարժութիւն ունեցող խաւը՝ խմբագիրները, յօդուածագիրները, գրագէտները եւ նմանները: Չեմ համարձակիր ուսուցիչներու վրայ ալ տարածել այս շռայլութիւնը, որովհետեւ մեր ուսուցիչները մէկ տող իսկ չեն գրեր: Այս կանոնը ունի իր պատմականը: Մինչեւ անցեալ դարու կէսերը ան գոյութիւն չունէր արեւմտահայերէնի մէջ: Վերջերս կը կարդայի Հրանդ եւ Զապել Ասատուրներու նամականին, ուր նկատեցի այն սանձարձակ կիրարկութիւնը, որ ունեցած են այս երկու բառերը. այդ հատորը այս պահուս ձեռքիս տակ չունիմ, որպէսզի վաւերական օրինակներ տամ, սակայն այնքան ալ դժուար չէ ստուգումը: Միւս կողմէ՝ մինչեւ մեր օրերն ալ կը գտնենք գրողներ, որոնք կ'անտեսեն այս կանոնը. օրինակ՝ լուսահոգի Զարեհ սրբ. Ազնաւորեանը, որ մեր ժամանակներու լաւագոյն հայերէն գիտցողներէն էր, չէր յարգեր յիշեալ կանոնը. կը ճանչնար միայն ոեւէ-ն, որ կը կիրարկէր թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ-անձի համար: Կան ուրիշներ եւս, սակայն, ինչպէս ըսի, այսպիսիները հազուագիւտ են: Ինչպէ՞ս յառաջացաւ եւ կայունացաւ այս կանոնը: Ասոր ախոյեանը Բենիամին Թաշեանն է, որ մօտաւորապէս 30 տարի տիւ ու գիշեր պայքարեցաւ, մինչեւ որ յաջողեցաւ ընդհանրացնել զայն իրեն ծանօթ այն հնարամտութեամբ, յամառութեամբ ու հետեւողականութեամբ, որոնց գաղտնիքը միայն ի՛նք ունեցած է: Ուրիշ շատ կանոններու համար ալ ճգնեցաւ Թաշեան. ասոնց հանրագումարը կը կազմեն իր հինգ հատորները, յատկապէս «Թիւրն ու թերին» կոչուածը: Շատ ցաւով պիտի նշեմ, որ այս գրքին, որ հրատարակուած է քառասուն տարի առաջ, 750 հատորները չորս տասնամեակ քաշքըշուեցան, մինչեւ որ Համազգայինը վերջերս քանի մը դահեկանով սպառեց անոր վերջին օրինակներն ալ: Մինչդեռ հազարներով պէտք է հրատարակուէր ան ամէն տարի ու բարձի գիրքը դառնար մեր խմբագիրներուն, գրագէտներուն, ուսուցիչներուն, ամբողջ ազգին, որպէսզի քիչ մը աւելի հայերէն կարելի ըլլայ սորվիլ: Բայց ի՛նչ օգուտ. «Յիւրսն եկ, եւ իւրքն զնա ոչ ընկալան»: *** Հիմա, տարիներ ետք, կը մտածեմ, թէ որքա'ն ճիշդ վարուեցաւ Թաշեան, այլեւ որքա'ն իրաւունք ունէր այսպէս վարուելու: Անշուշտ խնդրոյ առարկան միայն ոեւէ եւ որեւէ բառերն են: Թաշեանի մտածումը այն էր, թէ ոեւէ բառը, որ կազմուած է ո եւ է բաղադրիչներով, պէտք է կիրարկուի միայն անձերու համար, քանի որ ասոնց առաջին ո բաղադրիչը գրաբարի մէջ կը նշանակէ ով, որ կը կիրարկուի միմիայն անձերու համար. ոեւէ կը նշանակէ, ուրեմն, ով ալ ըլլայ: Կարծես իրաւունք ալ ունի, կարելի՞ է, օրինակ, ըսել ոեւէ ծառ, այսինքն՝ ով ալ ըլլայ ծառը, ո՛չ, կարելի չէ ըսել: Թերեւս ըսողին ալ բերանը օրին չէ պատռած. բայց անցնինք: Դժբախտաբար, սակայն, Թաշեան խոր չմտածեց գործելէ առաջ, ինչ որ իր լեզուական թերութիւնն է, որուն պատճառով սխալներ գործած է ան: Ճիշդ է, որ ծառին, ոչխարին, արեւին ու նմաններուն համար անպատեհ է ըսել ով ալ ըլլայ, սակայն ունէինք որեւէ բառը, իր որ կամ որը արմատով, որ կիրարկելի է հաւասարապէս թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ-անձի համար. օրինակ՝ այս տղոցմէ ո՞րը, այս ծառերէն ո՞րը, այս բառերէն ո՞րը ու այսպէս շարունակ՝ ընդգրկելու համար հայերէնի բոլոր գոյականները անխտիր: Եթէ Թաշեանի տարողութեամբ մէկը պիտի պայքարէր յանուն լեզուական միօրինակութեան, ապա ան պիտի փորձէր ընդհանրացնել որեւէ-ն՝ ասոր կիրարկութիւնը տարածելով թէ՛ անձի եւ թէ՛ ոչ-անձի անուներու վրայ: Ոեւէ-ն աւելորդ էր, ժամանակի եւ ուժերու մսխում, քանի կրնայինք գոհանալ կուռ ու կոկիկ որեւէ-ով, որով միօրինակութիւն մըն ալ կազմած կ'ըլլայինք արեւելահայերէնին հետ, ինչ որ դէպի ցանկալի լեզուական միութիւն տանող փոքրիկ քայլ մըն է, քանի անոնք կը ճանչնան միայն որեւէ-ն: <FONT size=3>Ես վերը գոհացուցիչ ցոյց տուի վերոյիշեալ կանոնը իւրացուցած ու գործադրող արեւմտահայերու թիւը. սակայն, վերջին հաշուով, պէտք չէ մոռնալ, թէ իմ թուած անձերուս ընդհանուր գումարը մեր ժողովուրդին մէկ հազարերորդն իսկ չի կազմեր. հապա մնացեալնե՞րը... անոնք ալ ճիշդ կը կիրարկե՞ն ոեւէ-ն եւ որեւէ-ն: Մեր մատղաշ դպրոցականները որքանո՞վ կը յաջողին տիրապետել այս երկուութեան, հապա անոնց ուսուցիչնե՞րը, որոնց գիտցածը այդ դպրոցականներուն գիտցածէն շատ աւելի չէ եւ օր ըստ օրէ աւելի կը նուազի: Պարզ է. եթէ Թաշեան խ Quote Link to post Share on other sites
armenag Posted December 5, 2009 Report Share Posted December 5, 2009 Բարեւ, Տոքթոր Արմենակ: Յարգանքիս հաւաստիքը: Ձեր յօդուածներուն ընթերցողը եղած եմ միշտ: Եթէ համարում չունենայի՝ տանջուելով չէի արձանագրեր, մանաւանդ, որ այդ ժամանակ, մեր սիրելի «Ազդակի» թուային «թռչնագրերը» ընդհանուրին ընթեռնելի դարձնելու համակարգչային հնարքին ծանօթ չէի: Կը գրէի տառ առ տառ: Ողջունելի է Ձեր ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը՝ ֆորումին եւ այլուր: Յուսամ, չէք նեղուած ինձմէ՝ Ձեր բացակայութեան, Ձեր գրածի մասին մեկնաբանելուս համար (թէեւ ֆորումը բաց է. ակնկալելի էր տեղեկանալնիդ): Շնորհակալ եմ, լեզուական թերիներս մատնանշելնուդ առթիւ: Ուշացած տեսայ Ձեր նամակները, որովհետեւ՝ սոյն ռուսագիր ֆորումին այցելութիւններս յաճախակի չեն: Ձեր «դաժանը», «տաժան» չըրի: Նայինք «Ազդակի» ելեկտրոնային տարբերակին. http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=10683 Ահա՛ յօդուածը՝ առանց միջամտութեանս. Սիրելի Յովհաննէս, Չեմ հասկնար թէ ճիշդ ինչի՛ մասին կը վիճինք: Ես «տաժան» ձևը չեմ գործածած, հինգ կող վերը կարելի է հաստատել այս իրողութիւնը: Գործածած եմ «տաժանք» ձևը և ճիշդ այն իմաստով, որ ան կը կիրարկուի նաև արևելահայերէնի մէջ: Մեր երկու բարբառները դաժան ածականը և տաժանք գոյականը հաւասարապէս նոյն ուղղագրութեամբ և իմաստով կը կիրարկեն: Լաւագոյն զգացումներով՝ Արմենակ: Quote Link to post Share on other sites
arev.grig Posted January 10, 2010 Report Share Posted January 10, 2010 (edited) Значит, как все началось: пошла я устраиваться на Armenian Language Instructor в одной частной школе. Прошла интервью, меня взяли, и дали мне учебник, по которому будем учиться. Беру я его в руки, открываю наугад страницу и читаю: Բ - pronounced as English P Պ - pronounced as English B Փ - pronounced as English P Думаю, что же такое, смотрю на обложку книги -Western Armenian. Вот взять бы и признаться честно, так гордость не позволила. Не поймут же они, китайцы, скажут, армянка а армянского не знает, написано же на книге Armenian. Теперь следую совету коллеги моей мамы - преподавателя колледжа, который говорит "Разница между учеником и учителем в том, что учитель учит урок на один день раньше". У меня возникло уже несколько вопросов по западноармянскому. Надеюсь отзовутся те, кто более или менее знаком с ним. Smally, и всё-таки расскажите нам, удалось ли Вам успешно преподавать западно-армянский? Я понимаю, что прошло почти пять лет с Вашего сообщения, но вдруг Вы еще заходите на этот форум... Честно говоря, поражена Вашей смелости. Не представляю, как можно зная только восточный, учить западному? Не понимаю, как Вы решились на такую авантюру! Я знаю оба диалекта (восточный значительно лучше, чем западный), но даже я не согласилась бы кого-то учить западному, даже если это был бы мой хороший знакомый... Edited January 10, 2010 by arev.grig Quote Link to post Share on other sites
Recommended Posts
Join the conversation
You can post now and register later. If you have an account, sign in now to post with your account.