
Unregistered - M
Hazarapet-
Posts
6,428 -
Joined
-
Last visited
Content Type
Events
Profiles
Forums
Gallery
Everything posted by Unregistered - M
-
Уважаемый Pogos, спасибо за стихи. У Вас есть эти четверостишья Туманяна на армянском?
-
ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՆՈՒԱՃԵԼ Ահա դարձեալ ժամանակի գաղափարին դիմաց կը գտնուինք: Ամէն մէկ պահը մեր կեանքին` ժամանակին մէջ կ'ապրինք: Ժամանակի մէջէն շարունակաբար կը գոյաւորուինք: Ժամանակի ալիքներուն վրայ կը նաւարկենք: Բայց քիչ անգամ ժամանակին գաղափարը մեզ կը բռնէ իր գնացքին մէջ եւ իր ինքնութեան, իմաստին, արժէքին կշիռը կը դնէ մեր միտքերուն դիմաց եւ ձեռներուն մէջ: «Նոր Տարի»ն այդ սակաւ առիթներէն մէկն է: «Տարի մը անցաւ», «հին տարին գնաց», «նոր տարին եկաւ»: Այս եւ նման արտայայտութիւնները որքան ալ ըստ ինքնեան խաբուսիկ ըլլան` գիտակցութեան վաւերական պահ են սակայն մարդ էակի կեանքին մէջ: Անշուշտ, ժամանակին համար «տարի» չկայ: Ոչ ալ «տարի»ին «հին»ը կամ «նոր»ը: Բայց մարդ երբ իր պատկերը կը դիտէ ժամանակի հայելիին մէջ` կը զգայ հինն ու նորը ի՛ր մէջ, միտքը կը սեւեռի ի՛ր կեանքին վրայ. կը փնտռէ ինքզինք եւ ինքզինքին մէջ այն ինչ որ ողջունելի է որպէս երջանկացուցիչ ապրում եւ ափսոսալի` որպէս ինքնավատնում, ինքն-ստուերացում, իղձերու դիմաց` իրագործումներու նահանջ, կարիքներու դիմաց` գոհացումներու պակասութիւն, երազներու դիմաց` յուսախաբութիւն: Ըսուած է.- «Չորս բաներ կան, որոնք չեն վերադառնար` -Ըսուած խօսքը, -Արձակուած նետը, -Անցած կեանքը, -Զանց առնուած պատեհութիւնը»: Այս օրացոյցին երբ նայիս` մտածէ պահ մը, որ «ըսածդ խօսքերը» այնպես ըլլան, որ քեզի վերադառնան ուրիշին պատճառած երջանկութեան խնդութեամբը. «արձակուած նետը», ձեռքէդ դուրս եկած գործը, մնայ որպէս անանց բարիք քու եւ նմանիդ կեանքին մէջ. «անցուած օրդ» տարրանայ քու մէջ, ապրումներու եւ արարքներու հետքերովը անջինջ, եւ վերջապէս` զանց չընես այն պատեհութիւնները, զորս ժամանակը քեզի կ'ընձեռնէ ներկայով, որպէսզի չունենաս զղջումի խայթը սրտիդ մէջ, այլ ձեռք բերես գոհութեան, լիութեան եւ ճառագայթումի ապրումը կեանքիդ եւ կեանքերուն մէջ հարազատներուդ եւ հարազատներուն հարազատին` Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգին եւ անոնց ծնուցիչ եւ բարեխնամող Աստուծոյ: 1984
-
«ՕՐԸ ԼՈՅՍԻ ԱՆՁՐԵՒ Է ԻՄ ՄԷՋ» Իր կեանքի օրերը հայութեան կեանքին դարաւոր կշռոյթովը եւ գրականութեան հրայրքովը ապրած մեծ գրագէտին` Յակոբ Օշականի այս խորախորհուրդ մտածումով կը բանանք այս տարուան Յուշատետրը: Օրե՜ր... Մեր կեանքի ժամանակային տեւողութեան վրայ գծուած հանգրուաններ: 365 անգամ պիտի նայինք այս տետրին. ի՞նչ պիտի բացուի մեր տեսողութեան դիմաց ամէն անգամ, որ մեր աչքերը սեւեռուին մէկ հանգուանին վրայ: 24 ժամե՞ր... Բայց անոնք մերը չեն եւ հազիւ հանդիպած մեզի` կը փախչին մեզմէ ու կը դառնան անվերադարձ ստուեր ժամանակ կոչուած անհունութեան մէջ անյայտանալով: 24 ժամերու մէջ` բանե՞ր... Բայց` ի՞նչ բաներ: -Ապրումներ, մտածումներ, արարքներ, ինքնաբերման եւ ինքնակերտման գործեր, անանձնական եւ անդրանձնական սպասաւորութիւններ` ուրիշինվ այելքին եւ բարիքին համար: Եւ այն ատեն օրը «լոյսի անձրեւ» կը դառնայ իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ, եւ ոչ թէ փախչող ստուեր` որ կայ ու չկայ...: Ժամանակ եւ մարդ: Ինչպէ՞ս կ'ըմբռնենք այս յարաբերութիւնը: Իմաստութեամբ առլցուն սա խօսքը թող ըլլայ ցուցանիշը ճշմարտութեան` այս յարաբերութեան մարզին մէջ.- «Ժամանակը յամրընթաց է անոնց համար, որոնք կը սպասեն. Շատ արագ է անոնց համար, որոնք կը վախնան. Խիստ երկար է անոնց համար, որոնք կը տառապին, Խիստ կարճ է անոնց համար, որոնք կը զուարճանան. Բայց` անոնց համար որոնք ԿԸ ՍԻՐԵՆ` ժամանակը յաւերժութիւն է»: Ո՞ւր եմ ես այս դասակարգումին մէջ: Թող ամէն ոք այս յուշատետրին մէջէն ինք իրեն ուղղէ այս հարցումը: Իմ միակ ըսելիքս այն է որ օր պիտի ըլլայ ձեր կեանքին մէջ երբ պիտի սպասէք, օր` երբ պիտի տառապիք, օր` երբ պիտի զուարճանաք: Բայց ամէն օրուան մէջ պահ մը պիտի ըլլայ ձեր կեանքին մէջ երբ պիտի սիրէք, եւ այդ սիրովը պիտի նուաճէք սպասումի անձկութիւնը, վախի տագնապը, տառապանքի փուշը եւ զուարճութեան պղպջակային խափուսիկութիւնը, որպէսզի անոր մէջէն օրերը «լոյսի անձրեւ» դառնան ձեր անհատական կեանքին մէջ եւ դուք լոյս անձրեւէք ձեր ազգի կեանքի մէջ: Որովհետեւ բոլոր գործերը, որոնք մնալու իրաւունք ունին, երջանկութեան բարիք կը ցանեն իրենց շուրջ, սիրոյ «անձրեւ»էն կ'առնեն իրենց «կեանք»ը... 1983
-
«ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻ՜Մ...» «Ժամանակ չունի՜մ...» Յաճախականօրէն կրկնուած սա յանկերգը` խօսելու սովորութենականացած ձեւ մըն է այլեւս, որ յաճախ կը գործածուի ոչ այնքան իր իրական իմաստին մէջ, որքան որպէս պատրուակ` պատասխանատուութենէ, պարտաւորութենէ, յանձնառութենէ խուսափումի, կամ, թերացումի պարագային` ինքնարդարացումի: Ժամանակի ըստ էութեան անչափելի ընթացքին մէջ, մարդիկ կեանքի դասաւորութեան եւ արդիւնաւորութեան յատուկ գործնական նկատումներով բաժանումներ են կատարած: Որքան արուեստական` նոյնքան եւ կենսական են այդ բաժանումները – տարի, ամիս, շաբաթ, օր, ժամ, վայրկեան, եւլն.: Յուշատետրը այն միջոցներէն մէկն է որ ժամանակի այդ դասաւորումը առաւել եւս կ'իմաստաւորէ հոգեւոր, ազգային, մշակութային արժէքներու, դէմքերու, դէպքերու յուշարարութեամբ: Այդ իմաստաւորեալ դասաւորումին համաձայն իր կեանքն ապրիլ գիտցող մարդը ալ չի տարուիւր ըսելու «ժամանակ չունիմ»: Եթէ գիտնայ իր ժամանակը դասաւորել եւ ըստ այնմ իր ընելիքները ճշդորոշել եւ ուղղել` կը յաջողի ժամանակը վերածել այնպիսի միջոցի մը, որով անցաւորը նուաճող արժէքներով կը լեցնէ իր կեանքը: Այն ատեն ժամանակը իր կողմէ ունեցուած կ'ըլլայ եւ ոչ թէ ինք` մարդը, «սահող անցնող» ժամանակէն տիրապետուած եւ անոր հետ նոյնացած: Ժամանակը վատնողն է որ «ժամանակ չունի». եւ պէտք չէ մոռնալ որ ժամանակը վատնողը ի վերջոյ ինք կը վատնուի ժամանակին... Մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերէն եւ մեծ խորհողներէն Գրիգոր Տաթեւացիի բառերով կը փակենք սա բացման խօսքը.- «Ոչինչ աւելի պատուական է քան ժամանակը... ատոր համար կեանքի ժամանակը պէտք է բարքիով լեցնել, որովհետեւ անցնող ժամանակը ոչ ոք կրնայ վերստին ստանալ»: Հետեւաբար, օգտագործեցէք այս Յուշատետրը ժամանակի բարի գործերով լեցնելու համար ձեր կեանքը իր անհատական, ընտանեկան, ընկերային եւ ազգային-եկեղեցական երեսներուն վրայ, հաւասարապէս: 1982-ի սեմին ձեր բոլորին կը մաղթենք վերանորոգ կենսունակութիւն, ոյժ եւ կորով որպէսզի այլեւս երբեք չըսէք` «Ժամանակ չունիմ...» 1982
-
ANTO, Это вопрос? Конечно можно. Фиго сказал, что у армян зависть была всегда и будет, и что "мы [скорее всего имеются ввиду армяне] умные, но этот ум не используем". Вот меня и заинтересовало, он тоже завистливый и, будучи умным, не использует свой ум? И если он не такой, с чего он взял, что остальные армяне такие?
-
Չհասկացա մի բան. Քո մեջ, որպես հայի, նախանձ կա՞: Թե՞ խելացի ես, բայց խելքդ չես օգտագործում: (հաջորդ հարցը` իսկ ինչո՞ւ է քեզ թվում, որ մնացած հայերը այդպես են, եթե ինքդ այդպես չես)
-
ՀԱՅՕՐԷՆ... 1980-ական տասնամեակի առաջին տարին իր կամարը կապեց մեր կեանքի վրայ: Ինը տարիներ դեռ մեր առջեւ հորիզոն կը բանան, հանգրուան առ հանգրուան կամարակապելու համար 20-րդ դարու սա վերջընթեր տասնամեակը մեր կեանքի պատմութեան վրայ: Մարդ չի գիտեր թէ ի՞նչ գոյներ, ի՞նչ գիծեր պիտի գան ձեւ տալու համար 1981-ի անգոյն եւ անգիծ ժամանակին: Մարդ չի գիտեր թե ի՞նչ դէպքեր, երեւոյթներ պիտի ծնին լեցնելու համար պարունակն այն կեանքին որ 1981-ի օրերով պիտի ալիքանայ սա ծով աշխարհին վրայ: Մարդ չի գիտեր թէ ի՞նչ գաղտնի ոյժեր, ի՞նչ խորհրդալից խաղերով նոր կացութիւններու առջեւ պիտի դնեն զինք, որոնց ակնկալութիւնն իսկ այնքան հեռու է իր հասողութենէն, ինչպէս լեռներն` հովիտերէն: Բայց մենք մէկ բան գիտենք – ու չենք կրնար չգիտենալ եթէ ճշմարտօրէն հայ մարդ ենք -. ի՞նչ ալ ըլլան խորհրդալից խաղերը ծովուն, ի՞նչ ալ ըլլան գոյներն ու գիծերը աշխարհէն մեր կեանքին բերուած, ի՞նչ էլ լլան դէպքերն ու դրուագները այժմ աննախատեսելի` մենք ամուր կառչած պիտի մնանք մեր հայակերտ ու հայակերպ, հայաղեկ ու հայուղի նաւուն, մեր սեփական ազգային կերպարի գիծերուն ու գոյներուն: Մենք պիտի խաղանք խաղը մե՛ր ազգին, խաղերուն մէջ խճող ու ժխոր այս դարուն, մեծ ու փոքր ազգերուն, մութ ու մռայլ ոյժերուն: Կառչած յոյսին, մղուած հաւատքէն եւ շարժելով ՍԷՐ ամենոյժէն` ահա այս հոգեկան կեցուածքով եւ ազգային ըմբռնումով բանա՛նք սա յուշատետրը ամէն օր եւ այդ ամէն օրուան մէջ ապրինք պահեր քրիստոնէաշունչ եւ հայրենապաշտ` յուշերովը մեր անցեալին, տրոփովը մեր ներկային եւ տեսիլքովը մեր ապագային: 1981
-
ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ... Մեր աչքերուն առջեւ ահա կը բացուի հորիզոնը 1980 Նահանջ տարուան 366 օրերուն: Պիտի նայինք այս յուշատետրին ամէն օր: Մեր նայուածքը պիտի դառնայ այնքան սովորական որ մեքենայական ձեւով պիտի թերթատենք զայն առանց անոր մասին մտածելու: Առաջին այս վայրկեանին, երբ կը բանանք զայն եւ մեր անունն ու հասցէն կը գրենք անոր սկզբնաթերթին վրայ, եկէք մտածենք անոր մասին.- Յուշատե՜տր… Երկու բառեր քով քովի` Յուշ ու Տետր: Յուշարար մը` նախ: Ամէն օր մեզի պիտի յիշեցնէ թէ տարուան ու ամսուան ո՞ր օր-հանգրուանին ենք հասեր: Երբեմն պիտի յիշեցնէ թէ եկեղեցականօրէն կամ ազգայնականօրէն ի՞նչ յիշատակելի դէպքեր ու դէմքեր կան, որոնց մասին կ’արժէ խորհրդածել, կարդալ, լսել, հաղորդուիլ անոնց բոլոր այն բաներուն հետ, որոնք մնացին արեւու շողին տաքութեան եւ քաղցրութեան դէմ երբ օրերն իրենց բոլոր օրերուն պէս մայրամուտի մէջ թաղուեցան…: Անհրաժեշտ է ան: Աւելին` օգտակար: Բայց` ո՛չ բաւարար: Յուշատետրը ունի երկրորդ կարեւոր իմաստ մը եւ դեր մը: Ան մեզ պիտի հրաւիրէ արձանագրելու այնտեղ բան մը մեզմէ: Ոչ միայն անցեալէն յուշեր կը բերէ մեզի, այլ խայծ մը կը դառնայ այնտեղ դրոշմելու բան մը որպէս մեզմէ օր առ օր մատուցուող ընծայ Աստուծոյն, մեր եկեղեցիին եւ մեր ազգին: Երբ առտու բանանք զայն` անցեալէն կը խօսի ան մեզի: Երբ երեկոեան բանանք զայն` հարց պէտք է տալ թե ի՞նչ դրինք մեզմէ մեր ազգի յուշամատեանին մէջ: Մեր բոլորէն ամէն օր մեծ բաներ չ'ակնկալեր ան: Բայց ամէն օր բան մը կ'ակնկալէ – հաւատքի ամրապնդում, զգացումի բիւրեղացում, գաղափարի բարձրացում, գաղափարականի պրկում, նուիրումի մղում, գործօն մասնակցութիւն: Ամէն օր իրագործուող փոքրը` մե՛ծ կը դառնայ երբ տարեփակին հաշուի նստինք այս յուշատետրին հետ...: Հաղորդուեցէ՛ք մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան հետ, առէ՛ք անկէ այն ինչ որ մեր հայրերը կու տան ձեզի, եւ` տուէ՛ք անոր ինչ որ ձեզմէ կ'երթայ եւ եկեղեցիին ու ազգին կը մնայ...: 1980
-
Nick, http://rapidshare.com/files/6517787/Caghik...hikner.mp3.html
-
Հիշում եւ աղոթում ենք
-
По носу.
-
ՕՐԵՐՈՒՆ ՀԵՏ, ՕՐԵՐԷՆ ՎԵՐ... Կեանքի նոր հանգրուանի մը առջեւ ենք: Երեք հարիւր վաթսունըհինգ օր շարունակ մեր օրագրքին կամ մեր նամակներուն վրայ պիտի գրենք` 1979: Ի՜նչ աւելի գեղեցիկ քան յոյսով ճառագայթուն մեր աչքերը սեւեռել գալիք 365 օրերուն վրայ, եւ` իւրաքանչիւչին մէջ, իւրաքանչիւրով այնպիսի արարք մը կամ արժէք մը դրոշմել մեր կեանքի այս նոր էջին վրայ որ երբ օրացոյցը մաշի` կեանքը մաշած չըլլայ անոր հետ... Ժամանակը կը սահի ջուրին պէս: Եթէ կրցար բռնել կաթիլ մը, փրկած կ'ըլլաս ե՛ւ զքեզ ե՛ւ կաթիլը` հողին ու ծովին մէջ անյայտանալու ճակատագրէն: Օրերով կ'ապրինք, օրերուն հետ կը քալենք, բայց օրերուն հետ չենք կրնար մարիլ: Մարդու եւ հայու մեր պարտքն է օրերէն վե՛ր թեւել, պատմութիւն կերտել եւ դառնալ յաւիտենականութեան ճամբորդ: Հետեւաբար, պէտք է արթուն մնալ եւ ժամանակի թաւալքին տակ չկորսնցնել թարմութիւնը մեր զգայնութեան, գիտակցութեան եւ պարտականութեան: Ժամանակը անակնկալ դարձուածքներ ունի` յաճախ մարդերէն աննախատեսելի: Կայտառ, առոյգ կեցուածքն է որ անակնալներուն դիմաց մեզ կը պահէ տոկուն, եւ միանգամայն` ճկուն: Պէտք է հետեւիլ օրերուն խորհրդանշած քրիստոնէական սկզբունքներուն` Քրիստոսի տնօրինական կեանքի դրուագներէն արտաբերող, Սուրբերու ներշնչող յիշատակին, մեր ազգային կեանքի բարձրակէտ հանդիսացող դէպքերու իմաստին, եւ` նո՛ր վկայութեամբ, նորոգեա՛լ հաւատարմութեամբ եւ նուիրեա՛լ տքնաջանութեամբ լեցնել օրերը, որպէսզի` երբ «յարդը գնայ` ցորենը մնայ»: 1978-ը Լիբանանահայութեան կեանքին մէջ եղաւ տառապալից ու խռովայոյզ տարի մը յատկապէս իր երկրորդ կէսին մէջ: Մահեր, կորուստներ, քանդումներ, ստրկաբեկումներ, մտատանջութիւններ ալեկոծեցին մեր կեանքը: Վերքէր շատ ստացանք, վիշտեր շատ կրեցինք: Բայց, փա՜ռք Աստուծոյ եւ պատի՛ւ մեր ժողովուրդի դարերով դարբնուած տոկունութեան` առողջ պահեցինք մեր կեանքը, ամուր` մեր կառոյցը, համազգային միութեան, սիրոյ եւ եղբայրութեան շաղախով: Ի խորոց սրտի կ'աղօթենք որ 1979-ը նոր շունչ բերէ Լիբանանին, որպէսզի խաղաղութեան բարիքներով վերստին կանաչանայ եւ պտղաբերի Լիբանանեան օրհնեալ հայրենիքը: Թող մեր հաւատացեալ ժողովուրդի կեանքի անդաստանին մէջ նոր ակօսներ բացուին եւ նոր ապրումներ ու իրագործումներ ընդձիւղին, որպէսզի մշտադալար մնայ Խորենացիական բառերով գծուած հայոց «փոքր ածու»ն երկրի տարածքին վրայ եւ երկինքի կապոյտին ներքեւ ու Մայրիներու յաւերժադալար կանանչին մէջ: 1979
-
ПРОШУ ТРЕБУЮ -лишить вотера ВСЕХ модераторских и администраторских возможностей -остановить выборы и убрать все темы, касающиеся этих выборов до тех пор, пока модераторы САМИ не решат что с ними делать -удалить закрытый раздел в лов энд романс-е Тема обсуждению не придается. Особенно не хочется тут видеть высказываний самого вотера, так как тема исключительно для Артура.
-
Ա.ՄԱՍ «ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԻՒՐ» ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՈՀԵՐ Երիտասարդներուն Ցնծութեան օր է, խրախճանքի հանդէս: Երգ ու պար է, խինդ ու ծիծաղ այս երեկոն: Զգլխանքի, գինովութեան եւ խնդութեան պահն է այսօր, այս երեկոն: Այսքա՞ն սակայն: Ասկէ անդի՞ն, աւելի՞ն... Խռովքի, խոր մտածման, անդրադարձման պահն է նաեւ այս երեկոն: Բայց շատ քիչեր. բացառիկներ զայն կ'ըմբռնեն ու զայն կ'ապրին իբրեւ առիթ այդ մտածման, ներհայեցման, ներշնչումի: Ու մինչ մարդեր, շատ շատերը, այս երեկոն կ'ապրին միայն իր առաջին արարին մէջ, արբեցած` սեղաններու առջեւ` անոր բերած անհուն ու զգլխիչ խնդութենէն, անդին, սակայն, մէկն անոնցմէ` ըստ բնութեան, բայց մէկն` օտար անոնց, ըստ որակին իր հոգիին, կ'ապրի արդէն երկրորդ արարն այս երեկոյի մեծ տռամին: Մտքին մէջէն կ'անցնին թելեր մտածումի խառն ու արձակ ընթացքով, կ'անցնին տեսիլներ, մերթ հրճուանք, մերթ տառապանք ցայտեցնելով հոգիին մէջն այդ մտածողին.- Ծնունդ եւ մահ: Սկիզբ ու վերջ: Գիծ մը այս երկու ծայրերը իրար շաղկապող` ԿԵԱՆՔ: Այդ գիծին վրայէն կը քալէ մէկն անդարձ, մեկնելով սկզբնակէտէն երթալու համար վերջակէտին: Ինքն է այդ մէկը: Եւ այսօր հասած հանգրուանի մը` իր նայուածքը կը տանի ետեւ` դիտելու կտրած ճամբու գիծին վրայ թողած իր հետքերը: Հաճելի է դիտումի այս արարքը, եւ ինքը` գոհ ու երջանիկ: Գիծին սկիզբը` մշուշի մէջ` հազիւ կը նշմարուի: Իր նայուածքը սակայն չի կրնար թափանցել մշուշին մէջէն ու յստակ պատկերացումը տալ գիծի այդ սկզբնական ծայրին վրայ թողուած հետքերուն: Բայց կը յաջողուի նշմարել զանոնք. ու ինք կը զգայ ներքին գոհունակութեան մը այցը իր հոգիին, որ հրճուանքի քաղցր զգացումով մը յորդի պահ մը: -Մանկութիւնն է որ կը դպի իր նայուածքին: Կը մօտեցնէ այժմ իր նայուածքը: Գիծը յստակ է այլեւս. հետքերը` որոշապէս տեսանելի ու զննելի: Կը դիտե երկա՜ր: Կը տեսնէ ճերմակ ու սեւ, կապոյտ ու կարմիր գոյներ իր հետքերուն վրայ, նշան` անցեալ կեանքի պայծառութեան ու խաւարի, խաղաղութեան ու խռովութեան պահերուն: Տեղ-տեղ նուաճում, արագ յառաջդիմութիւն, սակայն երբեմն կայունութիւն, տեղքայլ. եւ – ու այս ատեն կը տառապին իր աչքերը – երբեմն յետդարձ, ընկրկում, նահանջ: Տեսանաի այլազանութեան զուգահեռ` կը գունաւորուին նաեւ իր ապրումները, ներքին հոգեկան վիճակները: Կը հրճուի երբեմն իր հոգին ի տես յստակ ու առողջ, լեցուն գոյներու: Վիշտէն կը նուաճուի ու կը տառապի` մութ կէտերու ու աղօտ, տգեղ գոյներու նշմարումին եւ կը ստիպուի փակել իր աչքերը` արգիլելու համար տեսողութիւնը իր հայեացքին ու տառապանքը իր հոգիին: -Պատանութեան ու երիտասարդութեան օրերու խօլ վազքին, անսանձ գնացքին թողած հետքերն են անոնք, առատ ու այլազան, արդիւնք` տարիքին, բայց մանաւանդ իրեն յատուկ եղող կայտառ, մշտաշարժ ու անհաւասարակշիռ բնութեան մը, զերծ` մտքի, բանականութեան հակակշռէն, սանձէն: * * * Առաջին անգամն է որ ան, նստած այսպէս իր սեղանին առջեւ, փակուած իր անձին մէջ, առանձնացած աշխարհէն, միշտ իր մօտիկ ապագան դիտող նայուածքը կը նետէ յանկարծ աւելի ետեւ եւ կ'ուղղէ հեռո՜ւն: Ինչո՞ւ արդեօք: Չի գիտեր յստակօրէն: Բայց կը զգայ իր մէջ դեռ խորապէս անորոշ, բայց որոշապէս կատարուող փոփոխութիւն մը, անցք մը սովորականէն անսովորին, հինէն նորին: Կը համոզուի, որ այս երեկոն իր օրերու գծին վրայ արտասովոր աննախընթաց, բայց խիստ կարեւոր հանգրուան մըն է, որուն վրայ պէտք է սեւեռել անհրաժեշտ ուշադրութիւն ու ձեռք բերել անոր տուրքն ու բարիքը: Ու կը մտածէ...: Բանականութեան, քննական դիտողութեան եւ հայեցողութեան շրջան մը կը սկսի իրեն համար: Դիտելու, քննելու, ըմբռնելու եւ ըստ այնմ գործելու ձգտում մը իր գոյութիւնը կը յայտնէ իրեն մէջ: Փրկարար եւ արդիւնաւէտ փոփոխութիւն, արդարեւ, իր կեանքին համար: Եւ ամենէն առաջ քննական այդ հայեցողութիւնը կը կիրակրէ իր անձին վրայ: Իր նայուածքը այս անգամ կը թափանցէ իր անձէն ներս...: Ի՞նչ է ինք: Ի՞նչ ունի ինք գեղեցիկ կամ տգեղ, ազնիւ կամ վատ, վսեմ կամ ստորին: Եւ կը տեսնէ նախ` որ ինքն իր ներկայ զանազան կարողութիւններով, նկարագրի գիծերով հանդերձ իր անցեալով է այն, ինչ որ կը դիտէ իր մէջ: Թաւալած են ու թաղուած` երկար տարիներ, բազում օրեր: Ոչի՞նչ սակայն անոնցմէ: Անկարելի է այդ: Ունի անշուշտ, բաներ իր մէջ հաւաքական, ինչպէս ամէն էակ որ մարդ է, բանաւոր արարած, ընկերայնութեան բնածին էութեամբ: Օրերն անցած են «անդարձ» իբրեւ ժամանակ, որուն իսկութիւնն է արդէն անցնիլը: Բայց չեն ջնջուած իբրեւ հոգեկան վիճակներու կարելի միջոց եւ ընդունարան: Ժամանակին մէջ ինք ապրած է, եւ այդ ապրումը յաճախ եղած է սնանելէն տարբեր ու վեր, եւ արձանագրուած ըլլալով իր հոգիին մէջ, չէ անհետացած, որովհետեւ իր հոգին, յիշողութիւնը ժամանակի թաւալումէն չեն նուաճված ու երբեք պիտի չանհետին ու պիտի չթաղուին ժամանակին հետ, ժամանակէն վեր եւ ժամանակէն անձեռնմխելի ըլլալով իրենց բնութեամբ: Կը զգայ ուրեմն օրերու անցքին վրայ տեւողութիւն մը, որ իր մէջ կը յայտնուի իրեն. –Յաւերժութիւնն է ան, որ երբեք պիտի չջնջուի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, եւ, աւելին` կեանքի վերջաւորութեան պիտի պահէ իր գոյութիւնը. եւ դեռ` այդ վերջակէտն իր անդրանցնելով` պիտի շարունակէ գոյ մնալ աւելի բիւրեղ, զուտ ոգեկան վիճակի մէջ: Ու հաւատալով այս իրողութեան – առանց արտաքին փաստեր փնտռելու ի ստուգումն իր փորձապէս զգացածին -, աւելի եւս կը խորացնէ իր նայուածքը իր հոգիին մէջ: Յստակ եւ որոշ կերպով կը տեսնէ այժմ իր հոգեկան աշխարհի տարողութիւնը, լեցութիւնը չի հասնիր որակի բարձր աստիճանի մը, այլ կը մնայ սովորականի, առօրեայի, հասարակացի սահմաններուն մէջ: Ուրիշ անկիւնէ մը, սակայն, իր նայուածքը կը յայտնաբերէ իր մէջ կարողութիւններու, գործօն ոյժերու երես մը, կարողութիւններ` որոնց իմացումը ունի որոշապէս, եւ հաւատք` անոնց զօրութեան վրայ. կարողութիւններ` որոնք թէեւ այժմ չեն ներկայանար իրենց ամբողջական զօրութեան ու տարողութեան մէջ, բայց հետզհետէ կիրարումի ընթացքին մէջ պիտի աճին, զօրանան ու ընդլայնին: Ահաւասիկ ինք` իր ունեցածովն ու եղածովը, իր անցեալովն ու ներկայովը: * * * Այս անգամ իր նայուածքը վեր կ'առնէ եւ կ'ուղղէ դէպի առաջ; Կեանքի գիծը կը շարունակուի, որուն վերջին հանգրուանը սակայն անորոշութեան մէջ կը մնայ անգայտ ու անյայտ: Ո՞ւր է արդեօք. մօ՞տ թէ հեռու: Չի գիտեր ու... չի կրնար գիտնալ: Անձկութեան զգացում մը կը ճնչէ իր հոգիին վրայ: Մտահոգիչ հարց. ներքին նոր անձկութեան մը առիթ: Կը մտածէ՜ սակայն... Ինչո՞ն միտքը տառապեցնել այդ հարցով ու սրտին տալ արագ տրոփներ: Ո՞վ մարդերէն կարողացեր է գիտնար իր կեանքի վերջին օրերը: Ոմանք իրենց սպասածէն առաջ հասած են հոն: Ուրիշներ իրենց նախատեսած հանգրուանը անդրանցած են: Բայց եղած են անոնցմէ` որոնք սովորական պարզ ապրումի բաղդատաբար ստորին մակարդակէն կրցած են բարձրանալ ազնուական – բառին սեղմ իմաստովը – մարդկային լեցում ապրումի աստիճանին: Յաջողուած են չլինել անցեալ մը, թողուլ հետքեր իրենց քալած ժամանակի գծի վրայ, որոնք անկորնչելի մնացած են ու անաղարտ եւ պիտի չթաղուին երբեք ժամանակի փլուզումին, չքացման աւերակներուն տակ: Եւ այս բոլորը` մոռացութեան տալով իրենց գնացքին վերջին հանգրուանը ժամանակի այս աշխարհին մէջ եւ ատով` զերծ մնալով իրենց գնացքին թափը կասեցնող, իրենց ուժերը ջլատող, սանձահարող հոգեկան տագնապներէ: Անօգուտ է այդ հարցով մտազբաղիլ, եւ մանաւանդ` վնասաբեր: Վերջ տալ ուրեմն ու անցնիլ շարժումի, թափ տալ մտքերուն ու քալել յառաջ, քալել արագ իր շուրջը քալող աշխարհին հետ, երթալու համար զուգընթաց. տեղքայլ կամ նահանջ` մահը իր հոգիին: Միշտ աչքերը հեռուն, բարձրին սեւեռած` քալել, վստահ քայլերով, անսայթաք, ապահով իր ոյժերուն, զսպանակուած իր կամքի աննահանջ զորութեամբ: Քայլերը պիտի չըլլան այլեւս իր կեանքին, իր գնացքին առաջնորդը, այլ` իր մտքին լոյսը, «Աշխարհի Լոյս»էն իր հոգիին մէջ ծորած լոյսի շողը, պիտի դառնայ իր երկնագիծ աստղը: Եւ իր ոտքերը երբեք պիտի չյոգնին, եւ իր սիրտը երբեք պիտի չզգայ զօրութեան մը բաբախումներուն նուազումը իր մէջ: * * * Նոր կեանքի մը սկիզբն է այսօր, աւելի գիտակից, իմաստալից ու նպատակաւոր ապրումի մը առաջին պահը: Եւ ինք գիտէ, որ այդ նոր կեանքի ուղղութեան մէջ քալելով միշտ, աննահանջ ոգիով, յաղթանակի յոյսով եւ հաւատքի զօրութեամբ, պիտի հասնի «Աշխարհի Լոյս»ով լուսազարդուած «առաւել կեանք»ին, խոստացուած, բայց իրեն նոր յայտնուած, իր կողմէ նոր գտնուած երանական կեանքին` երկնից արքայութեան, որ երկիր է փոխադրուած...: ԳԱՐԵԳԻՆ ԱԲԵՂԱՅ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
-
Слов действительно нет. Упокой Господь их души.
-
Это не Армянская Церковь.
-
foreverchild, isk puchuri nkarnery k'tesnenq? (:
-
* * * Սա քանի մը կցկտուր ծոհերը այս գիրքին սկիզբը արձանագրած ըլլալս կը բացատրուի անով որ այն ընթերցողը որ պիտի ուզէ հատորին մէջ մտնել` կ'ուզեմ որ այնտեղ ջանայ փնտռել ամէն բանէ վեր, բոլոր ըսուածներուն մէջէն եւ չըսուածներէն – թելադրականօրէն նշուած բաներէն – անդին` այն հիմնական առաջադրանքը որուն գաղափարովը այստեղ գիրի են անցած մտածումներ, խորհրդածութիւններ, նշումներ, երբեմն վերլուծումներ, որոնք կը ձգտին ժամանակի իշխանութեան տակ շիկնող կեանքի երեւոյթները ժամանակի շրջանակին մէջ, եւ մէջէն. ի յայտ բերել «Ծանի՛ր զՔեզ»ի հրամայականի տակ: Ժամանակին մէջ ապրիլը մեր մարդկային բնութեան բերումն է, տեսակ մը մեր բնութեան «պարտադրանքը»: Ով որ կը ծնի, կը շնչէ, կ'աճի` ժամանակի հոլովոյթին մէջ մտած կ'ըլլայ մինչեւ որ այլեւս աճումը դադրի եւ քայքայումը վրայ հասնի մահուան վախճանովը: Սա մեր բնութեանը մէջ «գրուած» օրէնք է, մեր «ճակտի գիր»ը, ինչպես կ'ըսե ժողովրդական խօսքը: Բոլոր դարերու – տեսէ՛ք, արդէն ժամանակի յղացքով կը խօսինք – եւ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ ապրող մարդիկ այսպէս եկեր են ու անցեր: Բայց եղաւ մէ՛կը, որ ծնաւ Պաղեստինի մէկ աննշան, աննշմար, նոյնիսկ արհամարեալ անկիւնին մէջ, Բեթղեհէմ գիւղաքաղաքի մսուրի մը մէջ, եւ որուն ծնունդը նոր իմաստ մը տուավ ժամանակին եւ ան-ժամանակին փոխառնչութեան: Իր ժամանակակիցներու եւ իր կեանքի ականատես վկաներու բնորոշումով` անօրինակ, աննախընթաց դէպք մը եղաւ իր ծնունդը, որուն ժամանակին համար ըսուեցաւ «ի լրումն ժամանակի»: Ժամանակը լրացա՞ծ էր, իր աւարտի՞ն հասած էր. նոր տեսակի ժամանա՞կ մը ծագած էր: Բայց արեւը նոյն շրջանը կ'ընէր, երկիրը նոյն շարժումով ինք իր շուրջ կը դառնար եւ «առաւօտ»ն ու «գիշեր»ը, «օր»ը եւ «ժամ»ը նոյն տեւողութիւնը ունէին: Ժամացոյցները չփոխուեցան: Ուրիշ տեսակի եւ արմատական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ: Ժամանակը ըմբռնելու եւ զայն ապրելու հասկացողութիւնը ու կերպը, ոգին եւ գաղափարը նպատակնու արժէքը յեղաշրջուեցան: Իրմով ան-ժամանակը, յաւիտենականը նոր լոյս զգեցաւ եւ այդ լոյսով ժամանակի յղացքը կերպարանափոխուեցաւ: Յաւիտենականը, անանց արժեքները, հոգեկան գոյութեան տարածքները ներթափանցեցին ժամանակին մէջ, ինչպես լոյսը մթնոլորտին մէջ, եւ գիշերը եղաւ ցերեկ: Ան-ժամանակին «ժամացոյց»ին սլաքը սկսաւ նոր զարկերով աշխատիլ եւ ժամանակի ցուցանակին սլաքին շարժումին նոր իմաստ տալ: Ժամանակի ցուցանակի ցոյց տուած ժամերու կշռոյթին նոր որակ մը միացաւ եւ ժամանակայինով արտայայտուող կեանքը նոր իմացումով մը պայծառացաւ: Ան-ժամանակին սլաքը սկսաւ զարնել ոչ վայրկեաններով ու ժամերով, այլ... գաղափարներով, ապրումներով, արարքներով, որոնք ժամանակի պարունակը ճեղքեցին եւ մարդուն հայեացքին առջեւ, հոգիին մէջ ու կեանքի գիծին վրայ բացին նոր իմն տեսիլներ, որոնք մարդուն խորագույն իղձերուն, խորագոյններուն խորագոյնին` երջանկութեան յագուրդ ընծայեցին: Փրկի՛չն էր ծնող մանուկը եւ փրկութի՛ւնը եղայ Յիսուս Քրիստոս կոչուած մանուկին բնութենական առաքելութիւնը: Բեթղեհէմի մսուրէն առաջ, անոր` Փրկիչն` երազն ու սպասումը արդէն մսուր շինած էին մարդող հոգիներուն մէջ: Ժամանակէն, ժամանակով ու ժամանակայինով յագեցած, խեղդուած հոգին ազատագրութեան պէտքն ունէր: Ազատարարը եղաւ ինքը` ծնեալ Փրկիչը, որ մարդուն բերաւ անոր գոյութեան իմաստին լոյսը: Երկինքին վրայ, իր ծննդեան պահուն, պայծառօրէն յայտնուած Աստղը լոյսին փարոսն էր, որ մարդկութեան աչքերը իր վրայ հրաւիրեց, եւ աչքերէն ներթափանցող լոյսի շողերը մարդոց հոգիներուն ազատ շունչ տուին: Ան-ժամանակին «ժամացոյց»ը սկսաւ զարնել.- Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, Խաղաղութիւն յերկիր Հաճութիւն ի մարդիկ: Եւ ապա անոնց էոյթով եւ կշռոյթով` սէր, հաւատք, յոյս, եղբայրութիւն, ողորմութիւն, աղօթասիրութիւն, բարութիւն, բարեխօսութիւն, բարեգործութիւն, անյիշաչարութիւն, ներողամտութիւն, թողութիւն, միութիւն, խոնարհութիւն, հաւասարութիւն, արդարութիւն, պարտականութիւն, իրաւունք, ժուժկալութիւն, համբերութիւն, ճշմարտութիւն: Ահաւասիկ Ան-ժամանակին 24 «ժամ»երը, որոնք, սակայն, ի տարբերութիւն ժամանակի ժամերէն, չունին ո՛չ ցերեկ եւ ո՛չ գիշեր, ո՛չ անցեալ, ո՛չ ներկայ եւ ո՛չ ապագայ: Յաւիտենացոյց, մշտենջազարկ եւ յաւերժագնաց զօրութեամբ կը հնչեն տիւ եւ գիշեր, երէկ եւ այսօր, ու պիտի հնչեն վաղը մարդուն կեանքին իսկական «ժամանակ»ը ցոյց տալու, անանց ժամանակի գծուած պարունակին մէջ, որուն սկիզբը ծնունդ է եւ վախճանը մահ: Ահա magna carta-ն, կեանքի հրովատակը, որ աստուածագիր որպէս «օրէնք» ընդելուզուած է մարդուն գոյութեանը մէջ, յայսմ աշխարհի եւ ի յաւիտենականս: Ահա խորագոյն իմաստը այն դաւանութեան, որով կը հռչակուի անստուեր ճշմարտութիւնը թէ «Յիսուս Քրիստոս` երէկ եւ այսօր, նոյն եւ յաւիտեան»: Ահա նաեւ հարազատագոյն նշանակութիւնը այն իրողութեան, որ մարդ էակը իր էութեան, գոյութեան եւ բաղկացութեան «անցանելի» տարածքէն անդին` մասնակից մը դառնայ այդ ան-այսօր, ան-երէկ եւ ան-վաղ գոյութեան երբ կարենայ ներթափանցուիլ յաւիտենութեան ակնաղբիւր Աստուծմէն Քրիստոսով արեւուող լոյսէն: Որքա՜ն թելադրական եւ յանկուցիչ են այդ յաւիտենականութեան իր մէջ թափանցումէն լուսաւորուած միստիք փիլիսոփայ-աստուածաբան Գերմանացի Meister Johann Eckhart-ի խօսքերը ժամանակին եւ յաւիտենականութեան միջեւ բռնուած մարդ էակին մասին. «Թէ` ես մարդ մըն եմ` Այդ կը բաժնեմ ուրիշ մարդոց հետ. Թէ` կը տեսնեմ եւ կը լըսեմ, Թէ` կ'ուտեմ եւ կը խմեմ` Այդ նոյնն է ինչ որ կ'ընեն բոլոր կենդանիներ Բայց Թէ` ես ե՛ս եմ` Այդ իմս է միայն. Կը պատկանի ինծի Եւ այլ ոչ ոքի, Ոչ մէկ այլ մարդու, Ոչ ալ հրեշտակի մը, Ու ոչ ալ Աստուծոյ, Բացի այն չափով Որքանով ես միացած եմ Անոր հետ»: * * * Ամէն «Նոր Տարի» եւ անոր անմիջապէս յաջորդող Ս.Ծննդեան տօնին, զոր մեր հայրերը համբուրելի իմաստութեամբ մը եւ աննման ու անբաղդատելի իրաւութեամբ մը կը կոչեն «Տօն Աստուածայայտնութեան», մարդիկ կը տարուին – կամ կը բերուին – մտածելու, լսելու եւ կարդալու, երբեմն ալ խօսակցելու, ժամանակի եւ Քրիստոսի ծննդեան իմաստին եւ իրենց կեանքին մէջ անոնց ներկայութեան, ունեցած դերին եւ ազդեցութեան մասին: Ես ալ մէկն եմ մահկանացուներէն, որոնք կեանքի, ժամանակի եւ ան-ժամանակի մասին կը փորձեն խորհիլ եւ` խորհելով` իրենց կեանքը այդ երկու բեւեռներուն միջեւ զետեղել կարելի ներդաշնակութեամբ մը: Ասկէ աւելին, սակայն, որպէս սպասաւոր ժողովրդեան` պարտք զգացած եմ, եւ կը զգամ, երբեմն երբեմն խորհածներս խօսքի թեւերուն յանձննել եւ գիրի կաղապարին մէջ դրոշմել: Եւ այս պարտքը կատարեր եմ անցնող շուրջ քառասուն տարիներու ընթացքին, յորմեհետէ եկեղեցւոյ եւ ազգի սպասաւորութեան պարտքին եւ պատիւին արժանացեր եմ երկնային օրհնութեամբ եւ եկեղեցւոյ ու ազգի պարտատուչութեամբ: Հոգեւորական ծառայութեանց գրեթէ չորս տասնամեակներուն, անկախաբար անհատական-հասարակական-անձնական խորհրդածութեան բնական պարտքէն, սիրով կատարեր եմ նաեւ հանրային-հասարակական պարտքս` մտածումներս բաշխելու մեր ժողովուրդին, սարկաւագութեանս շրջանի նախափորձէս, աբեղայական ու վարդաբետական օրերուս սկզբնաքայլ պարտաւորութիւններէս միջեւ Առաջնորդական եւ Կաթողիկոսական վերատեսչական պատասխանատուութիւններս: Գրեթէ ամէն «Նոր Տարի» եւ Ս.Ծննդեան տօնին, այսպէս կամ այնպէս, խօսքս պատարագի նշխարին պէս բաժներ եմ ին ժողովուրդին հետ: Վերջերս, խորհեցայ այդ խօսքերէն փունջ մը հատորով մը կապոց ընել եւ այս տարուան 1990-ին, 20-րդ դարու վերջին տասնամեակի բացումին, զետեղել մեր ժողովուրդի միտքի եւ հոգիի սեղանին որպէս 1990-ի կաղանդչէք եւ Ս.Ծնընդեան տօնի նուէր: Տարբեր-տարբեր ժամանակներու մէջ խօսուած կամ գրուած պատառիկներ են ասոնք, ձեւով ու խորքով անհաւասար իրարու, բայց միշտ նիւթով առնչակից եւ համանման: Առաջին բաժինով, Խրիմեան Հայրիկի մէկ գործէն փոխ առնուած «Ժամանակ եւ Խորհուրդ իւր» խորագրին տակ, խոհերու եւ խորհրդածութիւններու պատառիկներ ի մի են բերւած, աբեղայութեան իմ առաջին տարուան ընթացքին գրի առնուած ու գլխաւորապէս ինծի տարեկից երիտասարդներուն ուղղուած փորձով մը, «Ամանորի Խոհեր», սկսող: Անոր կը հետեւին Կաթողիկոսարանի կողմէ 1978-էն, մեր կաթողիկոսացումի առաջին ամանորէն, սկսեալ լոյս տեսած Յուշատետրերու սկիզբը զետեղուած հակիրճ նօթեր եւ նշմարներ, ժամանակի եւ անոր մարդկային ու հայկական կեանքին հետ առնչուած մտածումներու որպէս խտացումներ: Երկրորդ բաժինը, «Ան-Ժամանակին Խորհուրդը» մակագրութեան ներքեւ, ի մի կը խմբէ տասնըմէկ գրութիւններ, որոնց առաջինը իմ սարկաւագութեանս շրջանին գրի առնուած քարոզ մըն է «Քրիստոսի Ծնունդը» վերնագրին տակ եւ երկրորդը վարդապետութեանս շրջանին գրուած վերլուծական յօդուած մը «Աստուածայայտնութեան խորհուրդը` երէկ եւ այսօր» գլխագրութեամբ: Մնացեալ ինը մեր Կաթողիկոսութեան շրջանին, մեր ժողովուրդին ուղղուած պատգամներ են Ս.Ծննդեան Տօնին առիթով: Իւրաքանչիւրին մէջ ջանացած ենք սեւեռումի տակ բերել ան-ժամանակ ճշմարտութիւններ, քրիստոնէական եւ հայկական մեր հոգեւոր ու ազգային ժառանգութենէն մեզի հրիտակուած կեանքի յաւիտենական սկզբունքներու եւ արժէքներու ու անոնց կենսաւորման մասին: Այս բոլորը մեկ հատորով մը մեր ժողովուրդին ընծայելու նպատակը մէկ է եւ շատ պարզ – առիթ ընծայել միտքերուն խորհելու: Այս հատորը տեսակ մը խոփ մըն է խրուած Աւետարանի եւ հայութեան անդաստանին մէջ: Որպէս մշակ բանաւոր` ուզած ենք ցանել հունտեր յաւիտենական ճշմարտութեան, զանոնք քաղելով Քրիստոսի ուսուցման եւ հայութեան փորձառութեան շտեմարանէն: Ծայրէ ի ծայր մտածուած եւ ծրագրուած հատոր մը չէ սա: Կարելի չէ – եւ ճիշդ ալ չէ – որ միանուագ կարդացուի ան: Ան-ժամանակի «ժամացոյց»էն ժամանակի ժամացոյցի պահերուն մէջ զանգող իմացական-հոգեկան, խորհրդածական-վերլուծական «պահ»եր են, որոնք իբրեւ այդ պէտք է կարդացուին: Ժամանակային ժամացոյցը պահ մը կերցնել եւ ներանձական «ժամանակ»ի, Ան-ժամանակի զանգումներուն անհատական ազատ հակազդեցութեամբ ունկնդիր եւ խօսակից դառնալ: Հայրապետական մեր պարտաւորուածութեան գիրի՛ լեզուով կատարման աշխատանք մըն է, իմացական հաղորդութեան արարք մը, որուն իմաստն ու արժէքը կախում չունին միայն տուողէն, մատռուակողէն, մատուցողէն, այլ նաեւ ընդառաջորէն, ընդունողէն եւ հակազդողէն: Հեղինակին միակ բաժինը` հրաւիրողի եւ մատուցողի բաժինն է, որուն գլխաւորագոյն պարտքը եւ նախանձախնդրութիւնը «Ծանի՛ր զՔեզ»ի նշանաբանին վերակենդանացումն է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, մանաւանդ հայութեան համար վճռական, նոյնիսկ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող այս օրերուն, թէ՛ Մայր Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Գ.Բ.Կ.
-
Սիրելիներս, կուզեմ թարմացնել այս թեման Գարեգին Ա.-ի "Ան-ժամանակը ժամանակին մէջ" գրքով, որը, հուսով եմ, ժամանակի ընթացքում ամբողջովին կտրամադրեմ ձեր ընթերցանությանը: Խնդրում եմ այս թեման օֆֆթոփի չվերածել: ԱՆ-ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ (ԻՆՉՈ՞ւ ԱՅՍ ԳԻՐՔԸ) Մարդու կեանքը երկու մակարդակներ ունի. -Երկիրը` իր ոտքին ներքեւ, -Երկինքը` իր գլխուն վերեւ: Մարդու կեանքը երկու տարրերու միախառնուրդն է. -Ժամանակը, որ «կ'անցնի» եւ որուն մէջէն ինք` մարդը` կ'իրագործուի աստիճանական ընթացքով մը: -Յաւերժութիւնը, որուն ճաշակը կ'առնէ չանցնող ապրումներու եւ արժէքներու վայելքով եւ որուն լիութեանը կը ձգտի իր կեանքի հարազատագոյն մղումով: Ամէն անգամ որ մարդը «նոր տարի», «ամանոր», «տարեգլուխ», «տարեսկիզբ» կ'ըսէ, կը տարուի մտածելու ժամանակի՛ն մասին: Կը զգայ, որ խորհուրդ մըն է, զոր չի կրնար քակել մտքի ոյժով. բայց, կեանքի փորձով կը զգայ, որ անո՛վ կ’ապրի, «այսօր», «երէկ», «վաղը» ըսելով, «առաւօտ», «կէսօր», «երեկոյ», «գիշեր» հոլովելով, «վայրկեան», «ժամ», «օր», «շաբաթ», «ամիս», «տարի», «տարեդարձ», «տարելից», «ամեակ», «դար» ծաքսելով իր շրթունքներուն վրայ, առօրեայ հացին հետ: Գիտուններուն, իմաստուններուն, իմաստասէրներուն կը հարցնէ, պատասխաններ կը ստանայ. բայց լիովին չի գոհանար: Ամէն ոք բան մը կ'ըսէ ժամանակի էութեան եւ բնութեան մասին, առանց կարենալ սահմանելու զայն: Բոլորն ալ սակայն, անխտիր, երկնային եւ երկրային գոյութիւններուն շարժումներուն, կատարուած դէպքերուն առնչաբար կ'ըմբռնեն եւ կը նկարագրեն զայն: Ոմանք անցեալ, ներկայ ու ապագայ եռաշարքին մէջէն երկրորդը կը վերցնեն, զայն նկատելով ակնթարթային անցք մը առաջինին եւ երրորդին միջեւ, երրորդէն պոկուած եւ նուաճուած պահ մը անմիջապէս առաջինին շղթայուող եթերային նօսրութեամբ թել մը: Ներկային ծնունդը ու մահը միադէպ են: «Երկու ժամանակներ» ու այս տեսաբանները ժամանակի յղացքին կու տան այնպիսի ընդհանրական տարողութիւն եւ արժէք, որոնցմով զայն կ'ըմբռնեն որպէս չորրորդ տարածքը գոյութեան` երկայնութեան, լայնութեան եւ խորութեան երեք տարածքներու որակէն: Աստուածաշնչական հեղինակը կը յայտարարէ.- «Մարդոյ որպէս խոտոյ են աւուրք իւր, որպէս ծաղիկ վայրի այնպէս ծաղկէ: Շնչէ ի նմա հողմ, եւ ոչ է եւ ոչ եւս երեւի տեղի նորա». եւ անմիջապէս կ'աւելացնէ. «բայց ողորմութիւն Տեառն յաւիտեանս յաւիտենից ի վերայ երկիւղացած իւրոց, եւ արդարութիւն նորա յորդւոց մինչեւ յորդիս» (ՍԱՂՄՈՍ ՃԲ, 15-17): Ուրիշ մը, Նոր Կտակարանեան ժամանակներէն, Հինին Իմաստութեան Գրականութենէն ներշնչուած եւ Քրիստոսով առաւել եւս պայծառացած մտքով կը յայտարարէ.- «Տիրոջ համար մէկ օրը հազար տարուան պէս է, եւ հազար տարին` մէկ օրուան պէս» (Բ. ՊԵՏ. Գ. : Իսկ Յայտնութեան կատարեալ մարմնացումը` Քրիստոս ինք կը պատգամէ.- «Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին եւ իմ խօսքերս երբեք պիտի չանցնին» (ՄԱՏԹ. ԻԴ. 35): Ի՞նչ կը նշանակեն այս հակադրութիւնները անցնելու եւ չանցնելու: Ի՞նչ բանն է որ կ'անցնի, վերջ կը գտնէ, եւ ի՞նչ` որ չանցնիր, յաւիտենական է, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի եւ յաւերժօրէն կ'ապրի: Յայտնապէս, կեանքի երկեակ տարածքներու առկայութիւնն է որ կը ստեղծէ մարդու կեանքին առեղծուածային թնճուկը: Բաներ կան, պատահարներ, զգացումներ, ապրումներ, որոնք կ'անցնին, որովհետեւ «խոտ»ի չափ, «խոտ»ի նման «կեանք» ունին: Բաներ ալ կան, դէպքեր, եղելութիւններ, զգացումներ, ապրումներ, գաղափարներ, ճշմարտութիւններ, արժէքներ, որոնք օրերու թաւալիքն եւ տարածութեան պարունակի պայմաններու պարագայականութեան սահմանները կ'անդրանցնին: Տեսակ մը երկու տոմարներ կան մարդու կենսագրքին մէջ.- -Տոմար «բանից անցելոց», որոնք` հազիւ գրուած` կը ջնջուին, կարծես երբեք գրուած չըլլային, եւ կամ ժայռին վրայ ինկած ցորենահատիկի կեանքը միայն ունին շուտով անհետանալու դատապարտուած: -Տոմար «բանից մտացելոց», որոնք այնպէս կը գրուին, որ թէ՛ մելանը չի տժգունիր եւ թէ՛ գիրին ձեւը չ'եղծանիր: Առաջինը Գիրքն է Մահուան: Երկրորդը` Գիրքն Յաւիտենութեան: Մինչ մեր գոյութեան մէկ երեսը կամ մակարդակը եւ կամ տարրը «մեռնող» Ժամանակի մահացնող սահանքէն անվերադարձ կը կորսուի, միւսը` ան-ժամանակ էութեամբ, ժամանակէն վեր զօրութեամբ ժամանակին զօրութիւնը կը խափանէ: * * * Մարդը ի՛նչ ալ ըլլայ, ո՛ւր ալ ըլլայ, ինչպէ՛ս որ ալ ըլլայ, անխուսափելիօրէն բռնուած է այս երկութեան (dualisme) միջեւ: Մարդը այնքան ատեն որքան մարդ է` անպայման կը գտնուի այս երկուքի միջասահման հանգրուանին վրայ: Մարդուն ե՛ւ մեծութիւնը ե՛ւ ողբերգութիւնը այս անելային թուող իր գոյակերպին մէջ ունին իրենց աղբիւրը: Մեր մէջ Ս. Գրիգոր Նարեկացին մարդու այս ներքին տռամին ամենէն խոր մեկնաբանն է եւ զուր տեղ չէ որ իր աղօթագիրք-մատեանը կոչուած է «Մատեան Ողբերգութեան»: Որքա՜ն խորիմաստ է որ Նարեկ Մատեանը կը բացուի մարդու երկապայման գոյութենէն բխող տագնապի զօրեղ սա բառերովը.- «Ջայն հառաչանաց հեծութեան սրտի` ողբոց աղաղակի Քե՛զ վերընծայեմ, տեսողդ գաղտնեաց. Եւ մատուցեալ եդեալ ի հուր թախծութեան անձին տոչորման` Զպտուղ ըղձից ճենճերոյ սասանեալ մտացս Բուրվառաւ կամացս առաքել առ քեզ»: «Սրտիս հեծեծալից հառաչանքներուն ողբաձայն աղաղակը Քեզի՛ կը վերընծայեմ, գաղտնիքները տեսնող Տէր: Եւ այրուող հոգիիս թախծութեան կրակին վրայ Սասանած մտքիս ճենճերող իղձերու պտուղը դնելով` Կամքիս բուրվառով Քեզի՛ կը վերուղղեմ»: 19-րդ դարու ֆրանսացի իմաստասէր Lamennais այլապես պիտի արտայայտէր նոյն այս երկուութեան մէջ բռնուած մարդուն կացութիւնը. «Գիտէ՞ք թէ ինչու մարդ ամենէն շատ տառապողն է արարածներուն. որովհետեւ իր մէկ ոտքը հունաւորին մէջ ունի, եւ միւսը` անհունին. որովհետեւ բաժնըւած է երկու աշխարհներու միջեւ»: Ո՞ւր է, սակայն, մարդոց միջեւ տարբերութիւնը այս հասարակաց գոյակերպին դիմաց: Ամենէն էական տարբերութիւնը այն է, որ մարդ կայ որ կը յաջողի անցաւորին մէջ անանց ապրումներուն աւելի տեղ տալ իր կեանքին մէջ եւ ալ կայ որ հակառակ կենսընթացին «ախոյեան» - կամ` զոհ – կը դառնայ: Մարդ կայ որ ժամանակին մէջ ան-ժամանակ արժէքներուն նժարը կը ծանրացնէ իր ապրումներով, յարաբերութիւններով եւ գործերով եւ կը դառնայ քաղաքացի յաւիտենութեան: Մարդ ալ կայ որ ժամանակի ակումբին անդամ կը մնայ, հաւատարիմ յաճախորդ «Կանայի զուարթ ակումբներուն»: Մարդ կայ որուն համար «Կեր, արբ եւ ուրախ լեր», «հագուէ, շքուէ ու պտտէ», «շաղակրատէ, զրախօսէ ու բամբասէ» կենցաղակերպերը կեանքի բնական ուղեգիծներն են ու հաճոյքը` յարադէտ նպատակ: Մարդ ալ կայ որուն համար այս բոլորը թեթեւ ամպի ծուէններ են, ստուերի նօսրութեամբ անցնող երեւոյթներ, ու մայթի վրայ կատարուող պարագայական քայլափոխութիւն, մինչ արեւն ու անձրեւը` կեանքի էականութիւն, պողոտան կամ մայրուղին` քայլագնացութեան ճանապարհ, պարտականութեան կշռոյթով նուաճելի: Ո՛չ մէկ մարդ հրեշտակ է այնքան ատեն որ երկրի վրայ ու ժամանակին մէջ կ'ապրի: Բայց վա՜յ այն մարդուն որ կենդանականի ծիրէն դուրս չի բերեր իր կեանքը այս երկրի վրայ...: Թէ ժամանակը ի՞նչ է իր էութեան մէջ` ինծի համար կը մնայ խորհուրդ: Ո՛չ յաւակնութիւնը ունիմ, ո՛չ ալ կարողութիւնը բնազանցական (metaphysique) կամ էաբանական (ontologique) վերլուծումներով անոր ինչութեան քննութիւնը կատարելու: Չեմ ալ հանդիպած այնպիսի վերլուծումի, որ կարենայ խորհուրդին վարագոյրը բանալ աչքերուս առջեւ: Ժամանակը, ինծի համար, այն կտաւն է, որուն վրայ մարդ իր կեանքի արուեստովը պատկեր մը կը դրոշմէ, եւ այդ պատկերն է որ կտաւը կը փրկէ կտաւութեան ինքնիրմով «չէզոք», անիմաստ գոյութենէն եւ բնական փճացումէն: Կտաւը սոսկ իբրեւ կտաւ գործածողնէ որ կը նոյնանայ կտաւութեան ճակատագրին հետ...: Կտաւը իբրեւ պաստառ գործածողը այլ իմն գոյութեան մը ծիրին մէջ կը մտնէ, ուր ժամանակը իշխանութենէ կը դադրի...
-
Отче наш и другие армянские молитвы
Unregistered - M replied to Muza voina's topic in Armenian Church
Попробовала написать латиницей, надеюсь получилось без ошибок. Ararich Bovandak Goyuteants Datavor Yerknits Zoravor Eutiun Ysthun Tagavor Zhamanakats Irats Luso Khavari Tsovuts Kensakanats Hamaynits Dzain Ghoghanjakan Tjemaran Mtats Hisus Nazovretsi Shnorh Vogeshunch Charits Paghatich Janadir Rabbi Srbots Vkayaran Ter meR Tsankali U Parq Qristosid -
И фотографию, и тебя, и девушку. Ereqi hamar el urakh em (-.
-
Узнала, кажется
-
Сотни азербайджанцев проживают в Европе под видом
Unregistered - M replied to Taron Saharyan's topic in Politics
А? -
Сотни азербайджанцев проживают в Европе под видом
Unregistered - M replied to Taron Saharyan's topic in Politics
Маловерные! ()