
Unregistered - M
Hazarapet-
Posts
6,428 -
Joined
-
Last visited
Content Type
Events
Profiles
Forums
Gallery
Everything posted by Unregistered - M
-
Ануш. ... Здесь можно послушать чтение стихов Хайяма
-
کریستینه
-
В арабском алфавите нет буквы "п", они наверное написали бы "буся_к"... Предполагаю, что так - بؤسيا_ک, но не уверена. А на персидском вероятно так - پوسیا_ک
-
Не ошибаешься. Хайям писал на персидском языке, а персидский алфавит (с некоторыми исключениями) состоит из арабских букв.
-
ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ` ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ Ամէն օր կ’ապրինք ժամանակին մէջ: Բայց շատ քիչ օրեր կ'ըլլան ժամանակին հետ: Այսօր, Նոր Տարուան առաջին օրը եւ այս Յուշատետրի առաջին էջով, կ'ուզեմ որ ըլլանք ժամանակին հետ, նստինք զրոյցի մենք մեզի հետ եւ խօսակցինք ժամանակին մասին: Ջուրի նման կու գայ ու կ'երթայ ան: Օրը կը շոգիանայ, ցերեկը գիշերուան մէջ կը մեռնի եւ առաւօտը գիշերուան գերեզմանէն յարութիւն կ'առնէ: Ջուրը դէպի երկինգ կը շոգիանայ, ամպերուն մէջ կը մեռնի, եւ անձրեւին հետ կը վերածնի ու կը վերադառնայ, դառնալու համար գետ ու գետակ, առու եւ առուակ, աղբիւր եւ հոսանք, լիճ ու ծովակ, ծով ու ովկիանոս...: Ժամանակի հոսանքին մէջ մե՛նք ենք, մարդ էակներս, որ մեր գիտակցութեան ոյժով կը զգանք հոսանքին հոսանութիւնը...: Մա՛րդն է, նաեւ, որ հոսանութեան եւ անցաւորութեան մէջ կը բռնէ մնայնութիւն մը, ինքզինքէն, իր անանցաւորութեան էաջարբերէն բան մը կը դրոշմէ ժամանակին վրայ եւ կը փրկէ ժամանակը մահուան ճանկերէն ու կը յանձնէ պատմութեան` մարդկութեան կենդանի յիշողութեան: * * * Անցաւ 1988-ը: Անցա՞ւ: Մնաց Ղարաբաղը... 1988-ը ժամանակի հոսանքէն վեր բռնող այս շարժումը որ մեր հաւաքական «Ես»-ին ինքնիրագործման շքեղ արտայայտութիւնը եղաւ Լեռնային Ղարաբաղէն ծայր տուած, Հայաստան աշխարհի բոլոր արահետներէն քալող, արտասահմանի չորս ծագերուն վրայ տարածուող եւ հայութեան ամէն մէկ զաւակին սիրտն ու միտքը, կամքն ու հոգին միաբռնող եւ ջրդեղող ու պայծառացնող: Ժամանակը դէպքի պէտք է վերածել, ինչպէս մարդը` դէմքի...: Այն ատեն միայն ժամանակը կրնանք իր հարազատ եւ ճշմարիտ իմաստին մէջ ապրիլ: Այլապէս, ժամանակը մեզ իր հոսանուտին մէջ կը տանի, ինչպես բոյսն ու մարմինը խոտի եւ փոշիի կը վերածուին...: * * * Ահա կը բացուի 1989-ը: Պիտի անցնի՞: Պատասխանը մե՛նք պիտի տանք այն 365 օրերու հոսանքին մէջէն, որով բռնուած պիտի ըլլանք: Պիտի կրնա՞նք բռնել ժամանակը թէ միայն պիտի բռնուինք ժամանակէն: Պիտի ապրինք ժամանակին մէջ: Սա մեր ճակատագիրն է: Պիտի կարենա՞նք ապրիլ ժամանակին վեր: Այդ մեր կոչումն է: Եկէք, պատուով, մարդու եւ հայո՛ւ պէս, դուրս գանք մեր այս գոյութենական պատաւորութեան մէջէն, թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական, թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ ազգային մակարդակներու վրայ, հաւասարապէս: 1989
-
«ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՕԳՆԷ, ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ...» Այս տարուան խօսքս կը բանամ իմաստութեամբ թրծուն բառերովը Զարեհ Ա. անմահանուն Կաթողիկոսին, որուն կեանքի ժամանակը այնքան վաղաժամ ձեւով վերջ գտաւ ասկէ քսանըհինգ տարիներ առաջ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Համակ սէր ու բարութիւն, ողջախոհութիւն եւ արիւութիւն եղող Վեհափառը, Ամանորեայ իր մէկ պատգամին մէջ կ'ըսեր. «Ամէն մարդ նոր տարուան կը նայի իր հոգեկան ձգտումներուն, տենչանքներուն դիրքէն մեկնելով: Այս տարուան սեմին, ամէն մարդ իր հոգեկան ձգտումներն ու տենչանքները վերատեսութեան ենթարկելու բնական պարտաւորութեան բերումով` հարկ է որ յստակեցնէ ժամանակն ու կեանքը դիտելու իրեն յատուկ մենակէտը: Տարբեր-տարբեր երկիրներու մէջ, այլազան կացութիւններու եւ պայմաններու տակ ապրող հայեր այլատեսակ մեկնակէտեր կ'ունենան, ինչպէս միշտ ունեցած են: Այստեղ, Լիբանանի մէջ ապրող հայեր, ունենալով հանդերձ իրենց անհատական, մասնակի մեկնակէտերը, ունին հասարակաց, ընդհանուր մեկնակէտ մը, որ արտաքին դժխեմ պայմաններէ թելադրուած ներքին հոգեվիճակի մը վրայ հանգուցուի: Անստուգութեան, անորոշութեան, անձկութեան, անապահովութեան, անհաստատունութեան տարրերով սնած եւ անոնց մտալլկիչ ազդեցութեան տակ առաջացած մեկնակէտն է այդ: Անցնող տարուան ընթացքին, քաղաքական խռովեալ կացութեան վրայ բարդացած եւ օրէ օր բարդացող տնտեսական, ընկերային ծանրակշիռ տակնուվրայութիւնը առօրեայ կեանքի թանձրական տուեալներու շրջագծին մէջ, տագնապահար անձերու, ընտանիքներու, կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու վերածած է մեզ բոլորս, առաւել կամ նուազ աստիճանով, այս կամ այն ձեւով: Ինչպէ՞ս մօտենալ ժամանակին եւ կեանքին այսպիսի մեկնակէտէ դիտելով եւ տեսնելով զմեզ եւ մեր նմանները: Երկու հիմնական մօտեցումներու ընտրանքի մը առջեւ կը գտնուինք.- ա) Ողբալ կացութիւնը, տրտնջալ տիրող պայմաններու մասին, շարունակ խօսիլ եւ անդադար խօսակցիլ անոնց մասին եւ սպասել անոնց փարատումը եւ զայն ակնկալել ուրիշներէ, պետական կառոյցներէն կամ ազգային պատասխանատու շրջանակներէն: բ) Ջանալ իրողապաշտօրէն դիմակալել ստեղծուած տագնապալի վիճակները եւ զանոնք դարմանելու, չէզոքացնելու եւ նուազեցնելու առաջադրութեամբ` անձնապէս եւ հաւաքաբար լծուիլ գործնական աշխատանքի, ճշմարիտ մարդու, իրաւ հայու յատուկ կեցուածքով: Կարեւորը, Զարեհ Վեհափառի հայեցողութեամբ, յստակեցնելն է մեր «հոգեկան ձգտումներն ու տենչանքները»: Այդ ձգտումն ու տենչանքը չեն կրնար ըլլալ ընկճուելու, յուսահատելու եւ քայքայուելու տրամադրութիւնները, որոնք տագնապին կու տան մահացուցիչ զօրութիւն: Կարելի չէ եղէգ ըլլալ երբ կրակ է մեր չորս դին... Հարկ է մնալ մշտականաչ եւ հաստաբուն կաղնի...: Ամերիկեան ժողովրդական իմաստութեան առածը կ'ըսէ. «When you cannot solve a problem you have to learn how to live with it» («Երբ չես կրնար հարց մը լուծել, հարկ է որ սորվիս ապրիլ անոր յարաբերաբար»): Այս օրերուն, մեր ձեռքը չէ թնճուկացեալ տագնապը լուծելու կարողութիւնը: Հարկ է իմաստուն, արթուն, շրջահայեաց եւ քաջ ըլլալ անոր հետ վերաբերելու համար, գտնելով այնպիսի ձեւեր, որոնք կարենան նուազեցնել ու բթացնել անոր սրութիւնը: Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր պէտք է ըլլալ դրապաշտ եւ գործապաշտ: Ոյժ տալ, թափ տալ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ: Աշխատա՛նքն է որ կը մեղմէ ցաւը, թէ՛ հոգեբանական եւ թէ՛ գործնական գետիններու վրայ: Կը յիշեմ, մեր հայրերն ու մայրերը երբ այստեղ եկան հայրենի մեր աշխարհէն, ցեղասպանութեան մտրակէն հալածուած, մահուան մռայլ տեսլիքը իրենց աչքերուն մէջ, չմուրացին, ձեռք չերկարեցին. ձեռք գործածեցին, միտք աշխատցուցին եւ իրենց կեանքը շահեցան իրենց «հալալ» վաստակով: Մենք ուրիշ ճանապարհ չունինք: Գօտիները կապել, պարզութիւնը ընտրել, ժուժկալութիւնը ոգեդրել, շռայլութիւնը վանել, հարկին, գետին մաքրել, լուածք ընել, պարտէզ մշակել, գործաւոր դառնալ, եւ բարձրին ձգտելով` արդիական գիտութեանց եւ թեքնիքի բոլոր միջոցները օգտագործելով մե՛ր ձեռքերով, մե՛ր քրտինքով մեր կեանքը շահելու համար: Եկէք այս տարի ժամանակը եւ կեանքը դիտելու մեր մեկնակէտը ընտրենք դարերու փորձով ճշմարտուած սա խորիմաստ նշանաբանը. «ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՕԳՆԷ, ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ»: 1988
-
Мне кажется тот мусульманин, который присягнул на Коране, заслуживает большего доверия, чем мусульманин, присягнувший на какой-либо другой книге...
-
Рубайят Хаяма с дословным переводом на русский
-
Muslihuddin Abu Muhammad Abdullah ibn Musharrif
Unregistered - M replied to Unregistered - M's topic in In Foreign Languages
"Гулистан" Саади с переводом на русский -
Гасанов гениален, уважемый Гераци! Предлагаю Вашему вниманию две темы из раздела "Литература" - http://forum.hayastan.com/index.php?showto...%F1%E0%ED%EE%E2 http://forum.hayastan.com/index.php?showto...%F1%E0%ED%EE%E2 Обязательно посмотрите, особенно первую тему.
-
Уважаемый Гераци, когда мой знакомый иранец рассказал мне о том, что в Каспийском море завелись мужчины-русалки азербайджанской национальности (и подробно описал их!), я, честно говоря, не поверила ему. Но видимо зря. :lol: Оказывается не один он знал об их существовании... :lol:
-
Если следовать теории эволюции, то армяне, по мнению передовой турецкой науки, скорее всего произошли от абезь азербайджанцев олбанцев... Хотя нет, вру. Армян, по мнению передовой турецкой науки, нет и никогда не было.
-
Ռոմեո ջան, մի՞թե դա Դարվիշի նկարներով պատկերազարդված գիրքն էր:
-
Ա՜խ, երանի մի վայր լիներ անդորր, մեղմիկ, ուր լիովին մտածմունքից խաղաղվեինք, բյուր երանի հազար տարին գեթ մի անգամ հողի կրծքից աշխարհ գայինք որպես ծաղիկ: Թարգմ.` Վարուժան Խաստուր
-
Աստված թող դատի լեզուներին չար` ինձ իմաստասեր կոչելու համար, քանզի չգիտեմ` ո՞վ եմ անգամ ես եւ ինչի՞ համար եկա լուսաշխարհ: Թարգմ.` Վարուժան Խաստուր
-
ԿԵԱՆՔԸ ԱՊՐԻԼ Ի ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆԴ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ Աստուծոյ կամքով, 1987 տարին հոգեւոր եւ ազգային հասկացողութեամբ ապրուած մեր կեանքին մէջ որպէս բարձրակէտ պիտի ունենայ յառաջիկա Յունիսի 7-ին, Հոգեգալստեան Տօնին ներշնչող խորհուրդին մէջ կատարուելիք ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՐՔԻ արարողութիւնը: Տարուան այս առաջին իսկ օրէն կը փափաքիմ, կը սպասեմ եւ կը յորդորեմ, որ այս տարին ըլլայ այնպիսի ժամանակաշրջան, մը, որուն ընթացքին բոլորս, անխտիր, մեր կեանքը կարենանք ապրիլ առաւել եւս սերտացող հաղորդութեամբ ընդ Աստուծոյ եւ հաւատարիմ ու հարազատ անձնացումովը հայութեան ամենէն ընտիր եւ շեշտօրէն բնատիպ ապրումներուն: Ս.Միւռոնը խորհրդանիշն է աստուածայինին ներկայութեան մեր մէջ, Ս.Հոգւոյն ներգործութեամբը: Սուրբ է Միւռոնը եւ` սրբարար; Հայ մանուկը անո՛վ կը կնքուի, հայ եկեղեցուոյ պաշտօնեան – քահանայ, եպիսկոպոս թէ կաթողիկոս – անո՛վ կ'օծուի եւ անոր դրոշմով հրաժեշտ կ'առնէ այս աշխարհէն: Հայաստանեաց բոլոր եկեղեցիները իրենց նիւթեղէն շինուածքին վրայ կը կրեն անոր սուրբ իւղին պայծառափայլ շողը: Ս.Միւռոնը Աստուծոյ շնորհին ճառագայթումն է մեր հաւատացեալներու կեանքին մէջ: Ծիածան` ընդմէջ երկնի եւ երկրի, Աստուծոյ եւ հայ մարդուն: Հայ ժողովուրդի աւանդութեան մէջ, Ս.Միւռոնը եղած է եւ կը մնայ նաեւ քրիստօնէատիպ հայութեան արտայայտիչ ամենէն հարազատ եւ ինքնադրոծմ սրբութիւնը: Միւռոնով օծուիլը ոչ միայն Ս.Հոգւով ներթափանցուիլ կը նշանակէ, այլ նաեւ` Հայութեամբ ինքնանալ: * * * Ներկայ ժամանակներուն, մարդկութեան կեանքը այնքան սկսած է աշխարհով տաքնալ, նիւթային տարրերով խեղդուիլ, երկրաւոր երեւոյթներով նուաճուիլ, որ աստուածայինին հանդէպ ալ սկսած է ցրտանալ, հոգեղէնին հանդէպ` ընդարմանալ, երկնայինէն հեռանալ...: Եւ, չմոռանանք, հայութեան կեանքն ալ անոր մէջ բնականօրէն սկսած է առնել գոյնը այդ օտարացման...: Բայց հասած է ժամանակը որ սլաքը ետ դառնայ եւ մարդուն ու հայուն մէջ ստեղծուի այն եզական ներդաշնակութիւնը, որով մարդը ճշմարտօրէն մարդ կը դառնայ եւ հայը վաւերականօրէն հայ կը մնայ: Ծարաւը այս առողջարար հաւասարակշռութեան` արդէն իսկ կը զգացուի ամէն տեղ: Նշանները այս համադրութեան վերականգնումին կը տեսնուին աշխարհի չորս ծագերուն: Այս հրամայականին տակ, եկէք 1987-ի օրերը այնպէս ապրինք, որ աստուածայինին ներգործութիւնը մեր մէջ օրէ օր աւելի լայն ու խոր տարածք գտնէ, եւ մենք կարենանք գտնել իսկական ճամբան երջանկութեան» Եւ անպայման կը գտնե՛նք այդ ճամբան, նոյնիսկ տագնապին ու տառապանքին մէջ, եթէ գիտնանք թարմացնել Ս.Միւռոնը մեր ճակատներուն վրայ եւ զգալ ու զգացընել անոր սրբարար շարժումը մեր հոգիներուն եւ կեանքի անդաստաններուն մէջ: Կը հրաւիրեմ ձեզ Ս.Միւռոնօրհներգութեան այս տարւոյն, թելադրելով որ նորոգէք ձեր կեանքը Աստուծոյ եւ հայութեան ապրումները տարածելով ձեր առօրեայ կենցաղին մէջ եւ, միանալով ինձի, աղօթէք Նարեկացիի սրբացնող բառերով. «Օրհնէ՛ մեզ, Տէ՜ր, Այս սուրբ իւղով. ............................. Տո՛ւր քաւութիւն, Պարգեւէ՛ բժշկութիւն, Առատաձեռնէ՛ երջանկութիւն Երկնատեղաց լոյսի պէս....»: 1987
-
ՀՐԱՒԷՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ (ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԱՄԵԱԿԷՆ ԵՏՔ…) 1985-ը անցաւ: Հայ ժողովուրդի զաւակներու կեանքերուն մէջ ան թողուց կենսալի հետքը հայ մարդու նո՛ր զգացումներուն, նո՛ր ըմբռնումներուն, նո՛ր տրամադրութիւններուն, նո՛ր մեկնաբանութիւններուն եւ նո՛ր հեռանկարներուն` յարաբերաբար մեծ Եղեռնին` Հայկական Ցեղասպանութեան, Եօթանասունամեակի համազգային եւ աշխարհատարած ոգեկոչումի այնքան առատ ջրտուքէն ետք: Ահա կը բացուի 1986-ը: Ի՞նչ ձեւով եւ ի՞նչ չափով 1985-ին վառուած գոյները պիտի արտացոլան 1986 թիւով կնքուած 365 օրերուն վրայ: Խմորելու զօրութեամբ ոյժ եւ նկարագիր ունեցող տարի մը եղաւ անցնող տարին: Ներկայ տարուան մէջ մեր կեանքը խմորուած պիտի մնա՞ր անոր ներգործութեան ոյժովը: Կը հաւատամ, որ անպայման 1986-ը, եւ նոյնիսկ անոր յաջորդող տարիները, պիտի կրեն դրոշմը 1985-ին: Ես այդ կնիքը կը տեսնեմ գէթ երեք գիծերով կերպաւոր. ա. Զոհողութեան կամքին պրկումը. Ամենէն դժուար բայց ամենէն պատուաբեր ու ճշմարտօրէն աստուածային եւ վաւերականօրէն մարդկային առաքինութիւն մը` Յիսուսի խաչով նուիրագործուած, սուրբերու նահատակութեամբ ճշմարտւած, հերոսներու արեամբ գունաւորուած: Պիտի կըրնա՞նք մեր ապրումներուն եւ արարքներուն մէջ քիչ մ’աւելի համայնութիւն եւ քիչ մը նուազ անձնակենտրոնութիւն եւ անհատապաշտութիւն դնել: Եթէ հաւատարիմ ենք Քրիստոսի եւ մեր նահատակներուն` անպայմա՛ն: Անով մեր եկեղեցին ու ազգը պիտի շահին եւ մեր անհատին սահմանուած ժամանակը եկեղեցիին ու ազգին յաւերժութեամբը պիտի փոխարինվի: բ. Յանձնառութեան հոգիին փթթումը. Ամէն մէկ հայ, ո՛ւր ալ ըլլայ, ի՛նչ ալ ըլլայ` հարկ է որ ազգի համայնական կեանքին մասնակցի, պատասխանատուութիւն ստանձնելու քաջութիւնը ունենայ: Անտարբերութիւնը, անհետաքրքրութիւնը մեզ կ’ընդարմացնէ, կ’օտարացնէ մեր ինքնութենէն, կը զրկէ համայնական գոյութեան բարիքէն: Մասնակցութիւ՛նն է որ մեր անհատները կը շաղախէ ընդհանուրին, ամբողջին հետ: Ատով «շահած» կ'ըլլանք ժամանակը, որովհետեւ ընդհանրական կեանքը աւելի բարձր է, գեղեցիկ եւ տեւական` քան անհատականը, որքան ալ յաջող ու բեղմնալից ըլլայ այս վերջինը: գ. Արժէքներու գնահատման բիւրեղացումը. Նիւթապաշտական արժէքներով ու կենցաղակերպով յատկանշուած այս դարուն, արժէքներու խաթարման կամ գունաթափման վտանգը կ'ապրինք ամենուրեք: Մեր նահատակներու սուրբ արիւնը թող լուայ այս տարի մեր աչքերը, որպէսզի կարենանք յստակօրէն տեսնել թէ ո՞րն է իսկական մարդկային եւ ազգային արժէքը եւ ո՞րն է այս օրերուն գրաւիչ շպար հագած եւ ըստ էութեան խաբուսիկ արժէքը: Ալ կարծես մեր ժողովուրդի կարգ մը խաւերը չափի ու չափանիշի «չափը անցած են» - գործածելու համար ժողովրդական ասութիւնը: Ինչպէ՞ս հաշտուիւլ այն տեսարաններուն հետ ուր վաղացանուկը, քմահաճութիւնը իրենց տիրապետութեան տակ ընկճած են ու խեղդած` ճշմարիտը, մնայունը, երջանկութիւնը, մէկ խօսքով` հոգեկան անկորնչելի արժէքները: Եօթանասունամեակէն ետք, ե՛տ-դարձ դէպի վաւերական արժէքները, որոնք մեր պատմութիւնը կերտեցին եւ մեր յաւերժութեան ուղիները հարթեցին: Ա՛յս պէտք է ըլլայ նշանաբանը 1986-ին, որպէս Եօթանասունամեակէն ճառագայթող լոյսի շող եւ ուղեցոյց մեր կեանքին... 1986
-
Սա է` Ձեռքիս գավը դո՛ւ թափեցիր, տեր Աստված, անհուն խինդս դո՛ւ պարպեցիր, տեր Աստված, ասա, ինչո՞ւ շուռ տվեցիր իմ գինին, ես խմեցի` դո՞ւ հարբեցիր, տեր Աստված: Թարգմ.` Վարուժան Խաստուր
-
Կետադրական սխալներ գրողների ստեղծագործ&#
Unregistered - M replied to Bidouille's topic in Literature
Հետաքրքիր հարց է: Մի կողմից կա վտանգ, որ ընթերցողները կպատճենեն գրողի սխալները, բայց, իմ կարծիքով, օրեցօր ավելի ժամանակակից դարձող գրականության մեջ կարելի է անտեսել որոշ կետադրական սխալներ: Իհարկե եթե դրանք չեն բխում գրողի տգիտությունից, այլ եթե նա փոփոխված առոգանությամբ փորձում է ընթերցողի ուշադրությունը սեւեռել իր կարծիքով ավելի կարեւոր բաների վրա: -
Ե՜կ, արբենա՜նք, արշալույսն է վարդաբուրում, քարին զարկենք եւ մոռանանք պատի՜վ, անո՜ւն, մեզնից վանենք տառապամիտ կյանքն անիմաստ, եւ ըմբոշխնենո սեւ վարսերի հրաշքն անհուն: Թարգմ.` Վարուժան Խաստուր
-
Կուժն այս գուցե ուներ խոհեր երազածին եւ վշտամած կարոտում էր իր սիրածին, ձեռքը նրա, որ տարփանքով վարս էր շոյում, կանթ է հիմա այս անոթի պարանոցին: Թարգմ.` Վարուժան Խաստուր
-
Թե կարող ես թուխպը վանել, զվարթացի՜ր, թասդ բեր, գեղուհու հետ գինով անուշ պահն է անծիր, թասդ բեր, երբ երկնքի Անիվը մեծ նորեն թափով պտտվի, էս աշխարհում մենք չենք լինի, մի՛ մտածիր, թասդ բեր: Թարգմ.` Վարուժան Խաստուր
-
Ե՛կ, սիրելիս, գինուց առնենք հավատք եւ ուժ, ու թող ցրվի վիշտը որպես մեգ ու մշուշ, ե՛կ, արբեցած, խինդով զարկենք փարչերն իրար, քանի մեզնից չեն պատրաստել գավաթ ու կուժ: Թարգմ.` Վարուժան Խաստուր
-
Խայամն ասավ իր սիրուհուն. "Ոտքդ ըզգույշ դիր հողին, Ո՜վ իմանա` որ սիրունի բիբն ես կոխում դու հիմի..." Հե՜յ, ջան, մենք էլ ըզգույշ անցնենք, ո՜վ իմանա, թե հիմի, Էն գոզալի բի՞բն ենք կոխում, թե հուր լեզուն Խայամի
-
ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ԿԱՐԳ Տիեզերքի սկզբնաստեղծ եւ անյեղլի օրէնքներէն մէկն է կարգը: Կարգը, դասաւորումը, յարակցումը առարկաներու եւ արարքներու` ամենէն կենսական օրէնքներէն մէկն է ստեղծագործութեան եւ մարդկային կեանքին: Հանեցէք կարգը տիեզերքի նիւթեղէն աշխարհէն. քաոսը կ'ունենաք ձեր առջեւ: Վանեցէք կարգն ու օրէնքը մարդկային կեանքէն. կոյր եւ նոյնիսկ քանդիչ ընթացքի մը կը վերածուի մարդուն հաւաքական ապրումը այս երկրագունդին վրայ: Կարգը իր որոշադրիչ եւ բարերար տեղն ու դերը ունի ժամանակ կոչուած այն տուեալ իրողութեան մէջ, որ մարդո՛վ կը ստանայ իր իմաստը, գոյնը եւ որակը: Մարդուն արժանիքին կազմիչ հիմնական տուեալներէն մէկն ալ իր վերաբերումն է իրեն տրուած ժամանակին հետ: Ժամանակին հետ մարդու վերաբերումին ամենէն արդիւնալից եղանակներէն մէկը – եւ հիմնականը – դասաւորեալ ձեւով զայն օգտագործելն է: Մարդկութեան կողմէ ժամանակի վրայ հանգրուանած ժամերը պէտք է դասաւորել աշխատանքի, հանգիստի, եւ ժամանցի բաժանումներով, ասոնցմէ առաջինին տալով առաջնահերթութեան դիրք: Մարդը կենդանիէն զատորոշող գլխաւորագոյն յատկանիշներէն մէկը իմաստաւոր եւ ծրագրեալ աշխատանքն է, լծակը` մարդու զարգացման, գրաւականը` մարդու երջանկութեան: Զարգացեալ ժողովուրդներու առօրեայ կեանքի բարքերուն եւ սովորութիւններուն մէջ ժամերու յարգանքը կարեւորագոյն առաքինութիւններէն մէկն է: Միջին Արեւելքի մէջ առհասարակ ժամանակը ծրագրեալ ձեւով արժեւորելու գիտակցութիւնը ‘շատ նօսր է: Եւրոպական եւ ընդհանրապէս Արեւմտեան կենցաղի եւ մշակոյթի բարացուցիչ տարրերէն մէկը ժամանակը լեցնելն է աշխատանքի ժամանակացուցային կարգաւորեալ ըմբռնումով եւ օգտագործումով: Եկէք բացուող այս տարուան մէջ վերամտածենք մեր վերաբերումին մասին` հանդէպ ժամանակին: Ժամանակի եւ կարգի գաղափարները ներդաշնակել գիտնանք: Որովհետեւ, կը հաւատամ, այդ ներդաշնակութիւնը աւելի լեցուն բովանդակութիւն պիտի բերէ մեր կեանքին եւ քիչ մ’աւելի երջանկութիւն` մեզի…: 1985